Category: Մարզական

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Բոլոր Ակումբները Հրաւիրեց Համագումարի Մը

April 15, 2014

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած եւ օրինական նկատուող բոլոր ակումբները չորեքշաբթի, 16 ապրիլին հրաւիրուած են համագումարի մը, որ տեղի ... Շարն.

Փինկ Փոնկ.  Լիուա Սայտա` Լիբանանի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեան

Փինկ Փոնկ. Լիուա Սայտա` Լիբանանի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեան

April 15, 2014

Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի Բ. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումները: Լիուա Սայտա հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան, աւարտականին իր կատարած մրցումին ... Շարն.

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Արսենալ – Հալ Սիթի Աւարտական` 17 Մայիսին

April 15, 2014

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի ճակատումները: Մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, բարձրագոյն դասակարգին մաս կազմող Հալ Սիթի եւ Արսենալ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը. անոնք 17 մայիսին ... Շարն.

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Արարատ 8 Կէտի Առաւելութեամբ` Առաջին

April 15, 2014

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Արարատ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փիւնիկի, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 42 կէտով: Անիկա այժմ 8 կէտով կը գերազանցէ ... Շարն.

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ – Շարք` 2-1

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Շարք` 2-1

April 14, 2014

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Նըժմէի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Շարքը: ՀՄԸՄ-ի կոլերը ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ` 50-54

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ` 50-54

April 14, 2014

ՀՄԸՄ - Անթիլիաս - Ռիատի Պէյրութ մրցումէն(Լուսանկարը ՏրամադրեցՃինի Աթըր) Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 12 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիի «Ատոմ եւ ... Շարն.

Ծանրաբարձութիւն.  Ռուբէն Ալեքսանեան` Եւրոպայի Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Ռուբէն Ալեքսանեան` Եւրոպայի Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

April 14, 2014

Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Թել Աւիւի մէջ (Իսրայէլ), գերծանր կշիռի դասակարգի մրցումներուն մրցասպարէզ դուրս եկան Հայաստանը ներկայացնող Ռուբէն Ալեքսանեանն ու Հայկ Յակոբեանը: Ալեքսանեան ընդամէնը բարձրացնելով 436 քկ (190+246), ... Շարն.

Ռաֆինիա Դաշտէն Վտարուեցաւ` Մխիթարեանի Դէմքին Հարուածած Ըլլալուն Համար

Ռաֆինիա Դաշտէն Վտարուեցաւ` Մխիթարեանի Դէմքին Հարուածած Ըլլալուն Համար

April 14, 2014

«Պունտըսլիկա»-ի 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ախոյեանութեան տիտղոսին իր տոմսը ապահոված Պայէրն Միւնիխ իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պորուսիա Տորթմունտէն: Հիւր կազմին հետ ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ Հայաստանի ... Շարն.

«Սփոր Էվազիոն»-ի Կազմակերպութեամբ.  Փաուլի Եւ Շուէյրի` 2013-ի Լաւագոյն Մարզիկները

«Սփոր Էվազիոն»-ի Կազմակերպութեամբ. Փաուլի Եւ Շուէյրի` 2013-ի Լաւագոյն Մարզիկները

April 14, 2014

PROFOTO Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ին, ուրբաթ 11 ապրիլին, Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանին մէջ (Պէյրութ) տեղի ունեցաւ 2013-ի լաւագոյն մարզիկներու եւ խումբերու մրցանակաբաշխումի արարողութիւնը: Անիկա տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով: Անոր ներկայ էին Լիբանանի ... Շարն.

Ծանրաբարձութիւն.  Հռիփսիմէ Խուրշուդեան Գրաւեց 5-րդ Դիրքը

Ծանրաբարձութիւն. Հռիփսիմէ Խուրշուդեան Գրաւեց 5-րդ Դիրքը

April 14, 2014

Եւրոպայի ծանրաբարձութեան աղջկանց ախոյեանութեան 75 քկ եւ վեր դասակարգին Հայաստանը ներկայացուց Հռիփսիմէ Խուրշուդեան, կը յայտնէ ArmSport.am: Հայ մարզիկը ընդամէնը բարձրացնելով 232 քկ (102 եւ 130)` գրաւեց 5-րդ դիրքը: Ախոյեան հանդիսացաւ ... Շարն.

Սպանական Ֆութպոլ.  Պարսելոնա Կրեց Այլ Պարտութիւն Մը

Սպանական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Կրեց Այլ Պարտութիւն Մը

April 14, 2014

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Պարսելոնա, որ հիւրն էր Կրանատայի (15-րդ), նուազագոյն հաշիւով այլ պարտութիւն մըն ալ կրելով անկէ, 2-րդ դիրքէն նահանջեց 3-րդ դիրք` իր տեղը զիջելով Ռէալ ... Շարն.

Ռուսական Ֆութպոլ.  Եուրի Ուդունեանի Կոլը Յաղթական Էր

Ռուսական Ֆութպոլ. Եուրի Ուդունեանի Կոլը Յաղթական Էր

April 14, 2014

Ռուսիոյ ֆութպոլի «փրեմիեր լիկ»-ի երիտասարդական ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մախաչքալայի Անժին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Լոքոմոթիւին: Այս մրցումին միակ կոլը նշանակեց Անժիի հայ միջնապահ Եուրի Ուդունեան` 60-րդ վայրկեանին, կը տեղեկացնէ ArmSport.am: ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ

April 12, 2014

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 12 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ... Շարն.

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Խումբերուն Շաբաթավերջը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Խումբերուն Շաբաթավերջը

April 12, 2014

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք լիբանանեան ֆութպոլի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի խումբերը ճակատումներ ունին կատարելիք: Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի ... Շարն.

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Պայէրն Միւնիխ – Պորուսիա Տորթմունտ

April 12, 2014

Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, հետաքրքրական եւ կարեւոր մրցումներուն կարգին պիտի ըլլայ Պայէրն Միւնիխ - Պորուսիա Տորթմունտ ճակատումը: Կարեւոր պիտի ըլլան նաեւ Լիվըրփուլ - Մանչեսթըր Սիթի եւ ... Շարն.

«Չեմփիընզ Լիկ»-Ի Եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի  Վիճակաձգութիւն.  Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայէրն Միւնիխ` Իրարու Դէմ Յանդիման

«Չեմփիընզ Լիկ»-Ի Եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի Վիճակաձգութիւն. Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայէրն Միւնիխ` Իրարու Դէմ Յանդիման

April 12, 2014

Երէկ` ուրբաթ, 18 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Տիտղոսակիր Պայէրն Միւնիխ իր դէմ պիտի ունենայ Ռէալ Մատրիտը, մինչ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի ... Շարն.

Հայ Պատանիները Շալանտի Գլխաւորութեամբ Պիտի Մեկնին Մակեդոնիա

Հայ Պատանիները Շալանտի Գլխաւորութեամբ Պիտի Մեկնին Մակեդոնիա

April 12, 2014

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը 21-25 ապրիլին Մակեդոնիոյ մէջ պիտի մասնակցի «Եու. Է. Էֆ. ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Մութթահետ

April 11, 2014

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Մութթահետը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը ... Շարն.

Կռփամարտ. Հայաստանի 8 Ներկայացուցիչները Այսօր Կը Մեկնին Պուլկարիա

April 11, 2014

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ այսօր` ուրբաթ, 11 ապրիլին, պուլկարական Սոֆիա քաղաք կը մեկնի Հայաստանի կռփամարտի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու ... Շարն.

«ՖԻՖԱ»-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստան 8 Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց

April 11, 2014

Երէկ` հինգշաբթի, 10 ապրիլին, «ՖԻՖԱ»-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը: Յաջորդ դասաւորումը պիտի հրապարակուի 8 մայիսին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, բարելաւելով իր դիրքը, այժմ կը գրաւէ 33-րդ դիրքը: ... Շարն.