Category: Մարզական
Ասիական Խաղեր. Ֆութսալ. Լիբանան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը
Ինշիոնի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունեցող ասիական 4-րդ խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը, թէեւ նախորդ շաբաթավերջին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վիեթնամի հետ, սակայն ապահովեց քառորդ աւարտականի ... Շարն.
Թենիս. Անի Ամիրաղեան Չկրցաւ Հասնիլ Աւարտական
Arm.Sport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հռոմի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցող աղջկանց թենիսի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ներկայացուցիչ Անի Ամիրաղեան, նախորդ շաբաթավերջին կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին պարտութիւն ... Շարն.
«Ֆորմիւլա-1». Ռոզպըրկ Յաղթական` Անգլիոյ Մէջ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Անգլիոյ կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2013-ի աշխարհի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: «Մերսետես»-ի գերմանացի վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկ արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 52 լեփնոց ... Շարն.
«Թուր Տը Ֆրանս». Փոխադրակառք Մը Փակեց Ա. Հանգրուանի Ժամանման Գիծը
Շաբաթ, 29 յունիսին սկսաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ը որ տեղի կ՛ունենար 100-րդ անգամ ըլլալով: Ա. հանգրուանի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Փորթօ Վեքիոյէն Պասթիա (213 քմ), պատահեցաւ զարմանալի երեւոյթ մը, երբ ժամանման ... Շարն.
Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք. Սերենա Եւ Տիոքովիչ` Դէպի Դ. Հանգրուան
Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, թիւ 1 դասուած մարզիկներ ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ եւ սերպ Նովաք Տիոքովիչ ապահովեցին Դ. հանգրուանի իրենց տոմսերը` ... Շարն.
Իտալիա Առաջին Անգամ Ըլլալով Եուվենթուսի Դաշտին Վրայ Մրցում Պիտի Կատարէ
Իր լուրը քաղելով Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնէն` «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը Թորինոյի մէջ գտնուող Եուվենթուսի դաշտին վրայ առաջին անգամ ըլլալով մրցում պիտի կատարէ, երբ յառաջիկայ ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Դուին Մումջողլեան Մեկնեցաւ Փուսան
Դուին Մումջողլեանան Երէկ երեկոյեան, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Փուսան (Հարաւային Քորէա) մեկնեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ազգային խումբին մաս կազմող Դուին Մումջողլեան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ փինկ փոնկի ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Վիճակաձգութիւն
Երէկ` ուրբաթ, 28 յունիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի 2013-2014 տարեշրջանի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Մրցումները, որոնք կը սկսին քառորդ աւարտականէն սկսեալ, տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին ... Շարն.
17 Հեծելանւորդներ Մասնակցեցան Կլենտէյլ – Սան Տիեկօ Տարեկան 6-րդ Մրցումին
Նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Կլենտէյլ - Սան Տիեկօ հեծելարշաւի տարեկան 6-րդ մրցումը` մասնակցութեամբ 17 հեծելանւորդներու: 136 մայլ (220 քմ) երկարութիւն ունեցող այս մրցումը ... Շարն.
Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Վաղը` Ուրուկուէյ – Իտալիա Եւ Պրազիլ – Սպանիա
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտին մնացած է երկու մրցում միայն, որմէ ետք խումբերը կը մեկնին իրենց հայրենիքը: 3-րդ դիրքի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, Պէյրութի ... Շարն.
Հեծելարշաւ. «Պայք Ճենըրէյշըն» Պիտի Պատուէ Իր Խումբը` Աթլեթիքօ Պէյրութը
Իր հրապարակած յատուկ հաղորդագրութեան մէջ «Պայք Ճենըրէյշըն» յայտնեց, որ մօտիկ ապագային պիտի պատուէ իր խումբը` Աթլեթիքօ Պէյրութը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ճամբու ախոյեան: Հաւանական է, որ անիկա իր խումբը պատուէ ... Շարն.
Իսքօ Միացաւ Ռէալ Մատրիտի
Սպանիոյ ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային խումբին մաս կազմող փլէյմէյքըր Իսքօ միացաւ Ռէալ Մատրիտի` փոխան 30 միլիոն եւրոյի, յայտնեց «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը` աւելցնելով, որ ան այսպիսով կը դառնայ առաջին մարզիկը, ... Շարն.
Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք. Թիւ 1 Դասուած Տիոքովիչ Եւ Սերենա` Դէպի Գ. Հանգրուան
Սերենա Ուիլիըմզ Նովաք Տիոքովիչ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն թիւ 1 դասուած մարզիկներ Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա) եւ Սերենա Ուիլիըմզ ... Շարն.
Արշաւին Վերադարձաւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ
Արսենալի նախկին յառաջապահ Անտրէ Արշաւին վերադարձաւ իր քաղաքի նախկին խումբին` Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկին` նկատի ունենալով, որ անոր անգլիական ակումբը անոր նոր պայմանագրութիւն մը չառաջարկեց: 32 տարեկան Արշաւին, որ 2009-ին Զենիթէն ... Շարն.
Պապիկեան Եղբայրները Փոխ Տրուեցան Փիւնիկի
ArmFootball.com կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի միջնապահ Աղուան Պապիկեան եւ անոր մեծ եղբայրը` Վոլոտիա փոխ տրուեցան Փիւնիկ Երեւանի: Իր լուրը քաղելով մայրաքաղաքի ակումբին պաշտօնական կայքէջէն` հայկական աղբիւրը ... Շարն.
Մոնաքօ 2013-2014 Տարեշրջանը Պիտի Սկսի -2 Կէտով
Տիմիթրի Ռիպոլովլեւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ «Լիկ-1»-ի նորեկներէն Մոնաքօ 2013-2014 տարեշրջանը պիտի սկսի -2 կէտով` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները քիչ մը բիրտ ... Շարն.
Ճատրակ. Գրիգոր – Սեւակ Մխիթարեան Տիրացաւ Վառնայի Միջազգային Մրցաշարքի Տիտղոսին
Երէկ` հինգշաբթի, 27 յունիսին, Վառնայի (Պուլկարիա) ճատրակի միջազգային մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ պրազիլահայ կրանտմասթըր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան առանց պարտութիւն կրելու տիրացաւ տիտղոսին` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7,5 կէտ: «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու ... Շարն.
Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Սահնաուիի
PROFOTO Երէկ` հինգշաբթի, 27 յունիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլայի, այցելեց հաղորդակցութեան նախարար Նիքոլա Սահնաուիի: Ապու Ապտալլայի կ՛ընկերակցէին ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վիգէն Չերչեան, գանձապահ Էլի ... Շարն.
Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Դարձեալ Պարտուեցաւ
Հանքաւանի մէջ մարզական հաւաք կատարող Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը իր կատարած բարեկամական 2-րդ մրցումին եւս պարտութիւն կրեց Արարատ Երեւանէն` 2-1 արդիւնքով: Առաջինին, գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի կազմը 2-0 արդիւնքով ... Շարն.
Թեւեզ Միացաւ Եուվենթուսի` Ստանալով Տել Փիերոյի Թիւ 10 Շապիկը
Քարլոս Թեւեզ (ձախին) Արժանթինցի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզ, լքելով իր ակումբը` Մանչեսթըր Սիթին, միացաւ Եուվենթուսի, 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով Իտալիոյ ախոյեանին հետ: Թէեւ անոր փոխանցման գումարին մասին ոչինչ յայտարարուեցաւ, սակայն ... Շարն.

