Category: Մարզական

Կիրակի, 10 Մարտ 2013-ին.  Ճատրակի Մրցաշարք` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Կիրակի, 10 Մարտ 2013-ին. Ճատրակի Մրցաշարք` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

March 9, 2013

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, կիրակի, 10 մարտ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի ... Շարն.

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռայա` 3-4

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռայա` 3-4

March 9, 2013

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը` երէկուան մրցումէն առաջ Երէկ` ուրբաթ, 8 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լեռնալիբանանի նահանգին Ե. խմբակին մաս կազմող ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

March 9, 2013

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 9 մարտին, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մրցի Հուփսի դէմ: Մրցումը, որ տեղի ... Շարն.

Անգլիական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին` Ախոյեանութեան Եւ Բաժակի Մրցումներ

March 9, 2013

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն զուգահեռ, պիտի կատարուին նաեւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի 6-րդ հանգրուանի մրցումները: Վաղը, բաժակի մրցաշարքին գծով Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի հիւրընկալէ Չելսին: Իսկ ախոյեանութեան գծով ... Շարն.

Ֆութսալ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Շաբաթավերջին` Քառորդ Աւարտականի Մրցումները

March 9, 2013

Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները: Անոնք բոլորն ալ տեղի պիտի ունենան Էմիլ Լահուտի անուան համալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ)` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ. ՇԱԲԱԹ                                          ... Շարն.

«Եուրոփա Լիկ». Թոթենհամ` Մեծագոյն Յաղթականը

March 9, 2013

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը հանդիսացաւ Թոթենհամ, որ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ինթեր Միլանը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Պէյլ (6-րդ), Սիկուրտսըն (18-րդ) ... Շարն.

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի 3×3 Ախոյեանութիւն

Պասքեթպոլ. Լիբանանի 3×3 Ախոյեանութիւն

March 9, 2013

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, տեղի պիտի ունենան Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան (3x3) տղոց եւ աղջկանց մրցումները` տարբեր տեսակի դասակարգերուն մէջ, հետեւեալ ձեւով. 18 տարեկանէն վար` տղաք, աղջիկներ եւ վեթերաններ: Զտումի մրցումները ... Շարն.

Ճատրակ. Արոնեան Իր Մասնակցութիւնը Պիտի Բերէ Ալեխինի Նուիրուած Մրցաշարքին

March 9, 2013

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ալեխինի յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 21 ապրիլէն 1 մայիս` ... Շարն.

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Օզպիլիսի 8-րդ Կոլը

March 9, 2013

Ձմեռնային արձակուրդէն ետք վերսկսաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ «Փրեմիեր լիկ»-ի 20-րդ հանգրուանի մրցումները կատարուեցան: Քուպան, որ հիւրն էր Վոլքայի, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին հաշիւը 20-րդ վայրկեանին բացաւ Հայաստանի ... Շարն.

Հայաստանի 17, 19 Եւ 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Խումբերը Ունեցան Իրենց Նոր Մարզիչները

March 9, 2013

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի 17, 19 եւ 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականները ունեցան իրենց նոր գլխաւոր մարզիչները: 17 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ ... Շարն.

Հայաստան – Չեխիա 2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցումին Տոմսերը Սկսած Են Ծախուիլ

March 9, 2013

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 26 մարտին 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մրցում մը ունի կատարելիք Չեխիոյ դէմ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ  Պէյրութ` 71-66

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ` 71-66

March 8, 2013

Երէկ երեկոյեան, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» ... Շարն.

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Ռայա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

March 8, 2013

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Լեռնալիբանանի նահանգի Ե. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յաղթանակով սկսաւ ... Շարն.

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Ճենովա – Ա. Սէ. Միլան

March 8, 2013

Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները սկիզբ կ՛առնեն այսօր` ուրբաթ, 8 մարտէն սկսեալ եւ կը շարունակուին շաբաթավերջին: Իտալիոյ մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ Ճենովա - Ա. Սէ. Միլան հանդիպումը: Այսօրուան յայտագիրին վրայ ... Շարն.

Յառաջիկայ 19 Մարտին. Կէս – Մարաթոնի Վազքի Մրցում` Թրիփոլիի Մէջ

March 8, 2013

Հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, «Մաան Լուպնան» միութիւնը կը կազմակերպէ կէս-մարաթոնի վազքի մրցում մը` Թրիփոլիի մէջ, չորրորդ տարին ըլլալով: 21,97 քմ երկարութիւն ունեցող այս կէս-մարաթոնին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան ... Շարն.

Սուսերամարտ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն.  Տոմինիք Թաննուս Տիրացաւ Արծաթ Մետալին

Սուսերամարտ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Տոմինիք Թաննուս Տիրացաւ Արծաթ Մետալին

March 8, 2013

Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի սուսերամարտի ախոյեան Տոմինիք Թաննուս (16 տարեկան) իր մասնակցութիւնը բերելով Ասիոյ 17 տարեկանէն վար կրտսերներու դասակարգի սուսերամարտի ախոյեանութեան, տիրացած է արծաթ մետալին: Ասիական 26 ... Շարն.

Ճատրակ.  Գրիգոր – Սեւակ Մխիթարեան Տիրացաւ Պրազիլի Ախոյեանի Տիտղոսին

Ճատրակ. Գրիգոր – Սեւակ Մխիթարեան Տիրացաւ Պրազիլի Ախոյեանի Տիտղոսին

March 8, 2013

«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հայազգի կրանտմասթըր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան տիրացած է Պրազիլի ճատրակի ախոյեանի տիտղոսին: Ախոյեանութեան պաշտօնական կայքէջին համաձայն, Մխիթարեան առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովելով 8,5 կէտ հանդիսացած է ախոյեան: ... Շարն.

Դահուկարշաւ.  Պաշտօնապէս Սկիզբը Տրուեցաւ Միջազգային 23-րդ Շաբթուան

Դահուկարշաւ. Պաշտօնապէս Սկիզբը Տրուեցաւ Միջազգային 23-րդ Շաբթուան

March 8, 2013

Երէկ յետմիջօրէին, Մզար - Քֆարզըպիանի շրջանին մէջ գտնուող «Ինթըրքոնթինենթալ» պանդոկին դիմաց պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ դահուկարշաւի միջազգային 23-րդ շաբթուան, որուն հիւրընկալ երկիրն է Լիբանան: Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ հովանաւորութեամբը ... Շարն.

Ըստ Panarmenian.Net-ի  Վիք Դարչինեանի Չեն Աջակցած Հայաստանի Մէջ Դարձեալ Մենամարտ Կատարելու Համար

Ըստ Panarmenian.Net-ի Վիք Դարչինեանի Չեն Աջակցած Հայաստանի Մէջ Դարձեալ Մենամարտ Կատարելու Համար

March 8, 2013

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ հայրենի կռփամարտիկ Վիք Դարչինեան յայտարարած է. «Հինգ ամիս առաջ, երբ ես Երեւանի մէջ էի, պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ խօսեցայ ... Շարն.

Էն. Պի. Էյ.  Լեպրըն Ճէյմս Կերտեց Հիթի Յաղթանակը

Էն. Պի. Էյ. Լեպրըն Ճէյմս Կերտեց Հիթի Յաղթանակը

March 8, 2013

Լեպրըն Ճէյմս Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած Մայեմի Հիթ - Օրլանտօ Մեճիք մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ առաջինին` 97-96 արդիւնքով: Հիթի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ ... Շարն.