Category: Մարզական
Լիբանանի Փինկ Փոնկի 2012 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւն
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Ամին» ճաշարանին մէջ (Ֆիատիէ), Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը կատարեց 2012 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը: Այս հանդիսութեան ներկայ էին մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր հովանաւորը` Ուատիհ Ապսի, երիտասարդութեան եւ ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը կը մեկնի հիւսիս, ուր Սաֆատի համալիրին մէջ հիւրը կ՛ըլլայ Մութթահետ Թրիփոլիի: Մրցումը ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը
Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ կատարուելիք հետաքրքրական ճակատումներուն կարգին պիտի ըլլան Շթութկարթ - Պայէրն Միւնիխ, Ինթեր Միլան - Թորինօ եւ այլ հանդիպումներ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շեպիպեթ Մազրաա
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը այսօր` շաբաթ, 26 յունուարին կ՛աւարտի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին համար, երբ անիկա կատարէ իր վերջին մրցումը` Շեպիպեթ Մազրաայի դէմ: 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Լիբանանեան-Ամերիկեան Համալսարանի Մրցաշարք
Լիբանանեան - ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի եւ Ժիպէյլի մասնաճիւղերու կողմէ կազմակերպուած միջարաբական դպրոցներու պասքեթպոլի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի հաւաքականը, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Լիբանանեան-ամերիկեան ... Շարն.
Ճատրակ. Միջերկրականեան 8-րդ Ախոյեանութիւն. Իտ, Իթի Եւ Պաքըր 6-ական Կէտով Կը Գրաւեն Առաջին Դիրքը
«Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Ժընահ, Պէյրութ) տեղի ունեցող ճատրակի Միջերկրականեան 8-րդ ախոյեանութեան, 8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք պայքարը բաւական սրած կը թուի ըլլալ` նկատի ունենալով, որ երեք մասնակիցներ` Ֆատի Իտ, Պաշիր ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանուոթիւն. Ժամհուր Վերադարձաւ Բ. Դասակարգ
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ եւ դարձի վերջին հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, Ժամհուր 10-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սատաքայէն, վերադարձաւ Բ. դասակարգ: 17 ... Շարն.
Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Շաբաթավերջին` 4-րդ Հանգրուանի Մրցումները
Այս շաբաթավերջին Անգլիոյ մէջ պիտի կատարուին Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումները: Ստորեւ` յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած է, թէ խումբերը ո՛ր դասակարգին կը պատկանին). ԱՅՍՕՐ ... Շարն.
Ճատրակ. Վիյք Աան Զիի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան` Երկրորդ Դիրքին Վրայ
Լեւոն Արոնեան Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Վիյք Աան Զիի միջազգային մրցաշարքի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ սեւ քարերով 48-րդ շարժումին յաղթեց ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Հաւաքականը Կարելի Է Նկատել… «Փակուած»
eMedia.am կայքէջը երէկ յայտնեց, որ «Ժողովուրդ» օրաթերթը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը «փակած է» Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց հաւաքականը: «Արդեօք մեզի կին ֆութպոլիստներ պէտք չե՞ն: ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, շնորհակալութեան եւ շնորհաւորանքի իր խօսքը փոխանցեց լիբանանեան բոլոր ակումբներուն, որոնք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ֆետերասիոնին ընդհանուր ժողովին, ներքին կանոնագիրի փոփոխութեան համաձայն գտնուելով, ... Շարն.
Մէյ Խալիլ Այցելեց Նախարար Ֆայսալ Քարամէի
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մէյ Խալիլը, որուն կ՛ընկերակցէր մարզական լրագրող Հասսան Մուհիէտտին: Նախարար Քարամէի դէմ նախորդ շաբաթավերջին ... Շարն.
Ծանրաբարձութիւն. Յառաջիկայ 14-18 Փետրուարին` Հայաստանի Ախոյեանութիւնը
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 14-18 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը: Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ ներկայիս Աբովեանի մէջ կը կատարէ այս տարուան իր ուսումնամարզական առաջին հաւաքը, ... Շարն.
Դահուկարշաւ. Փոքրերու Կարճ Եւ Երկար Ախոյեանութիւնը Կայացաւ
Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ 2013 տարուան առաջին` փոքրերու (1997-1998 եւ 1999-2000 տարիքներ) կարճ եւ երկար ախոյեանութիւնը` Արզի շրջանին մէջ: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ... Շարն.
Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Սթեֆընզ Յաղթեց Վիրաւոր Ուիլիըմզին
Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող տարուան առաջին թենիսի կրան շլեմին` Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին, աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն մեծագոյն անակնկալը ստեղծեց ամերիկացի 19 տարեկան երիտասարդ մարզիկ Սլոան Սթեֆընզ (29-րդ), երբ 3-6, ... Շարն.
Արմէն Գրիգորեան Վերընտրուեցաւ Հայաստանի Սուսերամարտի Ֆետերասիոնի Նախագահ
Վերջերս տեղի ունեցած Հայաստանի սուսերամարտի ֆետերասիոնի համագումարին ընթացքին կատարուեցան նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ համագումարին ընթացքին տեղի ունեցած նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն Արմէն Գրիգորեան վերընտրուեցաւ ֆետերասիոնի ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Օքլահոմա Յաղթեց Քլիփըրզի. Տիւրընթ Նշանակեց 32 Կէտ
Քեւին Տիւրընթ Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթի իր դաշտէն դուրս յաղթանակ մը արձանագրեց` 109-97 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լոս Անճելըս Քլիփըրզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց ... Շարն.
Ճատրակ. Վիյք Աան Զիի Մրցաշարք. Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Էրվին Լամինի Հետ
Լեւոն Արոնեան Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցող Վիյք Աան Զիի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Էրվին Լամինի հետ: Արոնեան, որ կը մրցէր ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս` 51-24
ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Հուփս երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին ... Շարն.
Հայաստանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Նպատակ Ունի Մասնակցիլ Եւրոպայի Ախոյեանութիւններուն
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վահագն Յարութիւնեան, «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ իր կատարած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականները տարին պիտի սկսին յառաջիկայ ամրան: «Պատանիներու եւ տղոց ազգային հաւաքականները ... Շարն.

