Category: Մարզական
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 4 Նոյեմբերին` Մինի Մարաթոն Պուրճ Համուտ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը, գործակցաբար ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի յանձնախումբին, կազմակերպած է մինի մարաթոն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի մէջ կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012-ին: Ստորեւ կը ներկայացնենք կիրակի ... Շարն.
Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Չելսի Դուրս Ձգեց Մանչեսթըր Եունայթըտը, Իսկ Սուանզի` Տիտղոսակիր Լիվըրփուլը
Չելսիի յաղթական մարզիկները Ըստ սովորականի, Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին (Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքին նման) արձանագրուեցան կարգ մը անակնկալներ, որոնց ընթացքին զօրաւոր նկատուող խումբեր պարտութիւններ կրեցին Դ. հանգրուանին իրենց կատարած մրցումներուն: ... Շարն.
էն. պի. էյ. լէյքըրզ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը
Պլէյզըրզ - Լէյքըրզ մրցումէն Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երկրորդ օրը, երէկ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, երբ 116-106 արդիւնքով տեղի տուաւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դիմաց, վերջինիս դաշտին ... Շարն.
Պունտըսլիկա. Այսօր` Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Կրէօթըր Ֆուրթ 10-րդ Հանգրուանի Բացման Մրցումը
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Պունտըսլիկա) 10-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ (3-րդ) իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ վերջին դիրքը գրաւող Կրէօթըր Ֆուրթը: Պայէրն Միւնիխ, որ նախորդ շաբաթավերջին կրեց տարեշրջանի իր առաջին ... Շարն.
Քոնկ Ֆու – Ուու Շու. Լիբանանի Խումբը Մեկնեցաւ Իտալիա
Երէկ` հինգշաբթի, 1 նոյեմբերին, Իտալիա մեկնեցաւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելու միջազգային մրցաշարքի մը, որ տեղի պիտի ունենայ 2-5 նոյեմբերին` մասնակցութեամբ 42 երկիրներու, բոլոր դասակարգի մրցումներուն: Լիբանանի ... Շարն.
Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Պրեսթ – Լորիան
Այսօր, Պրեսթ - Լորիան մրցումով կը սկսի Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումը: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, վաղը կարեւոր մրցում մը ... Շարն.
Լիբանանի Դահուկարշաւի Նոր Ֆետերասիոնի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Ֆայսալ Քարամէի
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի դահուկարշաւի նոր ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ Շարպել Սալամէի: Նախարար Քարամէ այս այցելութեան առիթով շնորհաւորեց նոր ... Շարն.
Ճատրակ. Չիկորինի Անուան Մրցաշարք. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Արձանագրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական Յաղթանակը
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցող Միհայիլ Չիկորինի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Ռոպերթ Յովհաննիսեան` շարունակելով իր յաջող ելոյթներու շարքը, արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ յաղթեց Կիլ ... Շարն.
Դիտարժան Մրցելոյթ Կատարած Ըլլալու Համար Կռփամարտի Միջազգային Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց Արթուր Աբրահամը
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մայեմիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) իր կատարած 25-րդ համագումարին ընթացքին, Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնը («ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. Օ.»), յատուկ պատուոյ գիրով մը պարգեւատրեց հայազգի կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամը` ... Շարն.
Պէյրութի Մարաթոնի Միութիւն. Հաստատուեցաւ Նոր Մրցանիշ Մը` Մասնակցող Երկիրներուն Եւ Վազողներուն Թիւին Գծով
Յատուկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Պէյրութի Մարաթոնի միութիւնը յայտարարեց, որ 2012-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնին հաստատուեցաւ նոր մրցանիշ մը, ինչ կը վերաբերի մասնակցող երկիրներուն եւ վազողներուն: Նկատի ունենալով, որ Մարաթոնին մասնակցելու պայմանաժամը ... Շարն.
Լիլիթ Մկրտչեան Լրջօրէն Կը Պատրաստուի Ճատրակի Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութեան
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 10 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր 2012, ռուսական Խանթի Մանսիսք քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի աշխարհի աղջկանց ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 33 երկիրներէ ժամանած 64 ճատրակ խաղացողներու: Մրցաշարքին մրցանակային ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Ախոյեան Հիթ Յաղթանակով Սկսաւ 2012-2013 Տարեշրջանը
Երէկ` չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբերին սկսաւ Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան առաջին օրուան յայտագիրին վրայ գտնուող երեք մրցումները: Ախոյեան Մայեմի Հիթ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ ... Շարն.
Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Մարդը Կ՛ուզէ Սպանական Ակումբ Գնել
ArmFootball.com մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդը` մեքսիքացի միլիառատէր Քարլոս Սլիմ, կ՛ուզէ սպանական ակումբներէն մէկը գնել: Սպանական մամուլը կը յայտնէ, որ ան կ՛ուզէ մեծ ներդրումներ կատարելով ... Շարն.
Գէորգ Դաւթեան Մոսկուայի Մէջ Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ
Եւրոպայի ծանրաբարձութեան կրկնակի ախոյեան Գէորգ Դաւթեան Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) ենթարկուեցաւ ողնաշարի վիրաբուժութեան: Գիւմրեցի 29 տարեկան ծանրաբարձը Armsport.am-ին յայտնեց, որ այս վիրաբուժութեան բոլոր ծախսերը հոգաց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին նախագահ Գագիկ ... Շարն.
Մարսէյի Յետսապահը Հրաժարեցաւ Մաս Կազմել Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականին
Իր լուրը քաղելով ֆրանսական lolympien.fr կայքէջէն` PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Մարսէյի յետսապահ Կայել Անտոնեան հրաւէր ստացած է մաս կազմելու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: Սակայն, ըստ «Լա Փրովանս»-ի, ֆութպոլիստը ... Շարն.
Ջրագնդակ. Նոյեմբերին Տեղի Պիտի Ունենայ Արցախեան Պայքարի Ազատամարտիկ Արա Մանուկեանի Անուան Յուշամրցաշարքը
Ջրագնդակի հայկական ֆետերասիոնը աշխատանքներ կը տանի այս մարզաձեւը Հայաստանի մէջ տարածելու: PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ յառաջիկայ տասը օրերուն ընթացքին ֆետերասիոնին պատասխանատուները աշխատանքային այցելութեամբ մը պիտի մեկնին Գիւմրի եւ ... Շարն.
«Քլաս-Սփոր»-ի Մինի-Ֆութպոլ Մրցաշարք. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Կիսաւարտականի Մրցումները
PROFOTO «Սփոր Էվազիոն»-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող «Քլաս Սփոր»-ի մինի-ֆութպոլի մրցաշարքը արդէն իսկ կտրած է իր կէս ճամբայէն աւելին, որովհետեւ անիկա հասած է կիսաւարտական հանգրուան: Նշենք, որ մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ «Հուլիկընզ» ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Գերբաժակի Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր` չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի գերբաժակի մրցումը` ախոյեան Շանվիլի եւ բաժակակիր Անիպալ Զահլէի միջեւ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ... Շարն.
Ազրպէյճանի Կռփամարտի Հաւաքականը Պիտի Ժամանէ Հայաստան
Յառաջիկայ 25 նոյեմբերէն 8 դեկտեմբեր Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ կռփամարտի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութիւնը: Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան մասնակցելու փափաք յայտնած էր Ազրպէյճան: PanArmenian.Net ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 4 Նոյեմբերին` Մինի Մարաթոն Պուրճ Համուտ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը, գործակցաբար ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի յանձնախումբին, կազմակերպած է մինի մարաթոն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի մէջ կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012-ին: Ստորեւ կը ներկայացնենք կիրակի ... Շարն.

