Category: Մարզական
Աթլեթիզմ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. Լորի Թաշճեան Եւ Զոհրապ Կարապետեան Հանդիսացան Երրորդ, Իսկ Արին Գասապեան` Չորրորդ
Նախորդ շաբաթավերջին, Ժամհուրի մէջ (Պաապտա) աւարտեցան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած Լիբանանի աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան 3-րդ եւ վերջին օրուան մրցումները: Աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն, Լորի Թաշճեան (Շանվիլ) հանդիսացաւ երրորդ` ... Շարն.
«Թոթալ» Կը Կազմակերպէ Յատուկ Ձեռնարկ Մը` Օժանդակելու Համար Լիբանանի Մարզական Լրագրողներուն
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Լիբանանի միջազգային ռելիի գլխաւոր հովանաւորող ընկերութիւններէն մէկը նկատուող «Թոթալ» յատուկ ձեռնարկի մը հրաւիրեց Լիբանանի մարզական լրագրողները եւ լուսանկարիչները փորձելով անոր ընդմէջէն օժանդակել անոնց, յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Վան Փերսի Հեթրիք Մը Իրագործեց Եունայթըտի Հետ. Պայէրն Միւնիխ – Շթութկարթ` 6 – 1
Ռոպին Վան Փերսի Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ 3 - 2 արդիւնքով դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Սաութհեմփթընի դաշտին վրայ: ... Շարն.
Վարդան Մինասեանի Յատուկ Հարցազրոյցը. «Իւրաքանչիւր Մրցումի Դաշտ Պիտի Ներկայանանք Յաղթանակի Նպատակով, Եւ Այդ Մէկը Խոստում Է»
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն նախօրեակին ունեցաւ բացառիկ հարցազրոյց մը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջին ընդմէջէն: Ստորեւ կու տանք այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները. ... Շարն.
Յառաջիկայ 30 Սեպտեմբերին «Վազէ՛ Պէյրութ» «Նայքի»-ի Վազքի Մրցումը
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ գտնուող «Նայքի» ընկերութեան ներկայացուցիչ «Եունայթըտ Սփորթց աֆ Լեպանոն»-ի Պէյրութի «Սոլիտեր»-ի շրջանին մէջ (Ուոթըր Ֆրոնթ) տեղի պիտի ունենայ վազքի մրցում մը կիրակի, 30 սեպտեմբերին, «Վազէ Պէյրութ» անուան տակ: ... Շարն.
Վարդան Մինասեան Հրապարակեց Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Կազմը
Վարդան Մինասեան Երէկ` ուրբաթ, 31 օգոստոսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջին ընդմէջէն հրապարակեց Հայաստանի ազգային հաւաքականին կազմը` այս ամիս տեղի ունենալիք 2014-ի ... Շարն.
Ճատրակ. Միջերկրականեան 4-րդ Խաղեր. Քարլօ Դարբինեան Ապահովեց Մրցաշարքի Իր Երրորդ Կէտը
Քարլօ Դարբինեան (աջին)(Լուսանկարը տրամադրեց` Վիվիան Գըլըպոզեան) Յունաստանի մէջ կը շարունակուին Ճատրակի միջերկրականեան 4-րդ խաղերը, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան` իր երկսեռ տարիքային ախոյեաններով: Երէկ տեղի ունեցած 6-րդ հանգրուանի ... Շարն.
Ճատրակ. Միջազգային 40-րդ Ողիմպիական. Հայաստանի Տղաքը Յաղթեցին, Աղջիկները` Պարտուեցան
Պոլսոյ մէջ կը շարունակուին Ճատրակի միջազգային 40-րդ ողիմպիական մրցումները: Երէկ տեղի ունեցան 4-րդ հանգրուանի ճակատումները: Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ ճակատեցաւ Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ, 2,5 - 1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: ... Շարն.
Աթլեթիզմ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. Թասլաքեան Եւ Պուչաքճեան Հանդիսացան Առաջինսենտի Քարամ Երկու Նոր Մրցանիշ Հաստատեց
Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող Լիբանանի աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան երկրորդ օրը երկու հայեր տիրացան առաջնութիւններու: Աղջկանց 200 մեթր վազքի աւարտականին, Կրեթթա Թասլաքեան (Ինթըր Լեպանոն) 24՛՛ 77 արդիւնք մը արձանագրելով ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ Եւ Պարսելոնա – Վալենսիա «Տաք» Ճակատումներ
Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունենալիք մրցումներէն ոմանք ըլլալով հետաքրքրական, լուսարձակները պիտի կեդրոնացնեն իրենց վրայ: Թէեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ըլլալ հետաքրքրական, սակայն առաւել «տաք» ճակատումներ կը խոստանան ... Շարն.
Պուքրէշի Մէջ` Հայաստանի Ծանրաբարձները Մէկ Ոսկի Եւ Մէկ Արծաթ Եւս Շահեցան
Հայաստանի ծանրաբարձները կը շարունակեն իրենց փայլուն ելոյթները` Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն, կը տեղեկացնէ «Արմենպրես»: 77 քկ դասակարգին մէջ, աննախընթաց արդիւնք արձանագրելով (330 քկ, ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր` շաբաթ, 1 սեպտեմբերին, կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 80 ակումբներու, լիբանանեան տարբեր նահանգներէն: Այսօր կը սկսի Պեքաայի նահանգի ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Շվայնսթայկըր Դուրս Մնաց Գերմանիոյ Կազմէն
Պասթիան Շվայնսթայկըր Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ, որ երէկ հրապարակեց իր կազմը` Ֆարօ կղզիներուն (7 սեպտեմբեր) եւ Աւստրիոյ (11 սեպտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն, իր ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. Հարպ Եւ Հոմսի Տիրացան Կրտսերներու Տիտղոսին
Ահմետ Մուսթաֆա Հարպ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութեան կրտսերներու մրցումները եւս աւարտեցան, երբ տեղի ունեցան աւարտական ճակատումները: Ահմետ Մուսթաֆա Հարպ (Պարաղեմ Նապաթիէ) յաջորդաբար ... Շարն.
Ճատրակ. Միջերկրականեան 4-րդ Խաղեր. Երէկ Տեղի Ունեցան 4-րդ Եւ 5-րդ Հանգրուանի Մրցումները
Լուսանկարը տրամադրեց Վիվիան Գըլըպոզեան Յունաստանի մէջ կը շարունակուին ճատրակի միջերկրականեան 4-րդ խաղերը, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան` իր տարիքային ախոյեաններով: Երէկ տեղի ունեցան 4-րդ եւ 5-րդ հանգրուանի մրցումները: ... Շարն.
Տեղի Ունեցած Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. Յայտարարեց Լիբանանի 35-րդ Միջազգային Ռելիին Կայացումը
Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, 7-9 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 35-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ եւ Լիբանանի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Երէկ ... Շարն.
Ճատրակ. Միջազգային 40-րդ Ողիմպիական. Հայաստանի Տղաքը Յաղթեցին, Աղջիկները Պարտուեցան. Լիբանանի Զոյգ Կազմերը` Յաղթական
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող Ճատրակի միջազգային 40-րդ ողիմպիականի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Սպանիոյ: Լեւոն Արոնեան միակն ըլլալով յաղթեց, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ ... Շարն.
Լիբանանի Կռփամարտի Նոր Ֆետերասիոնը Ընտրուեցաւ Առանց Մրցակից Թեկնածուներու Գոյութեան
Լիբանանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները կայացան եւ եօթը անձեր ընտրուեցան առանց մրցակիցի գոյութեան` չորս տարուան նստաշրջանի մը համար: Այս ընտրութիւններուն ութ անձեր առաջադրած էին ... Շարն.
Աթլեթիզմ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. Քըրթպաուի Եւ Սանեհ Լիբանանեան Նոր Մրցանիշներ Հաստատեցին
Սարա Ճօ Քըրթպաուի (աջին) Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող Լիբանանի աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն առաջին օրը լիբանանեան երկու նոր մրցանիշներ հաստատեցին Շանվիլ ակումբին մաս կազմող երկու մարզիկներ: Աղջկանց 800 ... Շարն.
Ըստ «Լայֆ Սփորթս»-ի Քրասնոտար Մովսիսեանի Համար 14 Միլիոն Եւրօ Կը Պահանջէ
Եուրա Մովսիսեան Ինչպէս կը հաղորդէ «Լայֆ Սփորթս», Քրասնոտարի 25 տարեկան յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան շատ հաւանաբար լքէ իր կազմը` նկատի ունենալով, որ ներկայ դրութեամբ ռուսական եւ եւրոպական շարք մը ակումբներ եւ ... Շարն.

