Category: Մարզական
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂԱՔԸ ՅԱՂԹԵՑԻՆ ՔԱՈՒՆԹՐԻ ԼՈՃԻ
Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Նահր Մոթ) տեղի ունեցաւ Քաունթրի Լոճ - ՀՄԸՄ Պէյրութ յետաձգուած մրցումը: ՀՄԸՄ-ի տղաքը ... Շարն.
ԻՐ ՀԱՍՏԱՏԱԾ ՄՐՑԱՆԻՇԻՆ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆԱԽԿԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐ ՍԱՐԳԻՍ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՍՏԱՑԱՒ «ԿԻՆԵՍ» ԳԻՐՔԻՆ ՄԷՋ ՄՏՆԵԼՈՒ
Բնականաբար լիբանանահայ գաղութին համար հանրածանօթ անուն մըն է միջազգային նախկին իրաւարար Սարգիս Տեմիրճեանը, որ ոսկեայ կնիք մը ունի դրոշմուած լիբանանեան ֆութպոլի պատմութեան մէջ: Ան 30 երկար տարիներ լիբանանեան մարզական աշխարհին ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ. ՌԱԷՖ ԱԼԱՄԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ՄԵՐԺՈՒԵՑԱՒ ԲՈԼՈՐԻՆ ԿՈՂՄԷ
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը օրակարգի վրայ իր ունեցած բազմաթիւ հարցերէն առաջնահերթը դասեց ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ռաէֆ Ալամէի ներկայացուցած հրաժարականը: Նշենք, որ նիստէն կը բացակայէին Հաշեմ Հայտար, ... Շարն.
ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ». ԱՅՍՕՐ` ԼԻԲԱՆԱՆ – ՓԱՔԻՍՏԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր` հինգշաբթի, 9 փետրուարի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ Լիբանան - Փաքիստան թենիսի «Տէյվիս Քափ»ի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, որ կ՛իյնայ Ասիա - ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. – ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ` 58-46
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ԱՅՐՈՖԼՈԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՒ
Երէկ, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ սկսաւ Այրոֆլոթ ճատրակի միջազգային Ա. մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայրենի երկու անուանի վարպետներ Վլատիմիր Յակոբեան եւ Հրանդ Մելքումեան: Յակոբեան, որ Հայաստանի երրորդ զօրաւոր ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻՆ ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցաշարքը Նոր տարուան եւ կիսամեայ քննութիւններուն դադարէն ետք կը վերսկսի կիրակի, 12 փետրուարին: Մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ ... Շարն.
ԸՍՏ ՇՐՋԱՆ ԸՆՈՂ ՏԱՐԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆԻ ՎՃՌՄԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԿԱՅԱՑՄԱՆ ՎԱՅՐԸ` ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ
Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան որոշեց հրաժարիլ ճատրակի աշխարհի ախոյեանի վճռման մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերելէ, եթէ անիկա տեղի ունենայ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան): Այժմ, ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, այն ... Շարն.
ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ-ՔԱՓ». ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՃԱԿԱՏՈՒՄԻՆ
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնէն կը տեղեկանանք, որ Լիբանանի ազգային խումբը շատ լաւ ձեւով կը պատրաստուի 10-12 փետրուարին Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մէջ (Քասլիք) Փաքիստանի դէմ տեղի ունենալիք «Տէյվիս Քափ»ի ճակատումին, որ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած մէկ լուրը կը տեղեկացնէ, որ այսօր` չորեքշաբթի, 8 փետրուարին տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի պիտի ունենան երկու մրցումներ: Առաջինին, որ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ... Շարն.
ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. – ՍԻՔՍԸՐԶ ՅԱՂԹԵՑ ԼԷՅՔԸՐԶԻ. – ԵՐԵՔ ՄՐՑՈՒՄ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած տասը ճակատումներէն երեքը աւարտեցան երկարաձգումէն ետք: Անոնցմէ մէկն էր Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ - Թորոնթօ Ռեփթըրզ մրցումը, որուն ընթացքին Ուիզըրտծ 111-108 ... Շարն.
ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ. ՔՈՆԹԱՏՈՐ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻՈՎ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԱՆԿԷ ԽԼՈՒԵՑԱՒ 2010-Ի ԹՈՒՐ ՏԸ ՖՐԱՆՍԻ ՏԻՏՂՈՍԸ
Սպանացի հեծելանւորդ Ալպերթօ Քոնթատոր հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ երկու տարիով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ի յայտ եկաւ, որ ան 2010-ին մրցումի մը ընթացքին խթանիչ դեղեր գործածած է: Ատկէ բացի, անկէ ... Շարն.
ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՅԱՋՈՐԴ ՃԱԿԱՏՈՒՄԸ` 31 ՄԱՐՏԻՆ
Իր լուրը մէջբերելով Fightnews կայքէջէն, Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ գերմանահայ փորձառու կռփամարտիկ, միջին դասակարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ իր յաջորդ ճակատումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 31 մարտին: «Զաուըրլենտ» ... Շարն.
ՖԻՖԱ-Ի ՆՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ 42-ՐԴ ԴԻՐՔ
Յառաջիկայ 15 փետրուարին, ՖԻՖԱ-ն պիտի հրապարակէ ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորումը: Իր լուրը մէջբերելով football-rankings.info կայքէջէն` Armsport.am լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, նոր հրապարակուելիք դասաւորման ... Շարն.
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՀԷՆՆԵՐ ԿՈՏՐԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՄՊՈՅԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ԿԱՅՔԷՋԸ
Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ազրպէյճանցի համակարգչահէններ կոտրած են ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը` sambo.am, որ արդէն իսկ շաբաթէ մը ի վեր չի գործեր: PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը, որ կը ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, այսօր` երեքշաբթի, 7 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ Անդրանիկ Պէյրութ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը, ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՒ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ` 1-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼՈՎ ՆԸԺՄԷՆ
Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան (95-96 տարեշրջանի ծնունդ) մրցումները, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի ճակատումները: ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ իր առաջին մրցումը կատարեց Անսարի դաշտին վրայ, արձանագրեց իր առաջին ... Շարն.
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ 2 ՈՍԿԻ, 2 ԱՐԾԱԹ ԵՒ 4 ՊՐՈՆԶ ՄԵՏԱԼԻ
Նախորդ շաբաթավերջին Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ աւարտեցաւ ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան` 22 ըմբիշով: Հայրենի ըմբիշները բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով տիրացան 2 ոսկի, 2 արծաթ ... Շարն.
ԱՅՍՕՐ` «ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.»-ԷՆ. ՖՐԵՆԺԻԷ ԵՒ ՊԱՏՐԷՏՏԻՆ` «ՍՔՈՐ»-Ի ՀԻՒՐԵՐԸ
Այսօր` երեքշաբթի, 7 փետրուարին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Սքոր» մարզական յայտագիրին հիւրերը պիտի ըլլան Սալամ Զղարթայի նախագահ` Հայր Ըսթֆեն Ֆրենժիէ եւ Լիբանանի թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի տղոց ազգային խումբի մարզիչ ... Շարն.
ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ». ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 9 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ` ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը երէկ յայտնեց, որ հինգշաբթի, 9 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ Լիբանան - Փաքիստան թենիսի «Տէյվիս-Քափ»ի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Նշենք, ... Շարն.

