Category: Մարզական

ԳԵՂԱՐԴ ՄՈՒՍԱՍԻՆ 3 ՄԱՐՏԻՆ ԿԸ ՃԱԿԱՏԻ ՄԱՅՔ ՔԱՅԼԻԻ ԴԷՄ

January 27, 2012

Մէջբերելով allboxing.ru կայքէջին հրապարակած լուրերէն մէկը` PanARMENIAN.Net կը յայտնէ, որ յառաջիկայ 3 մարտին կիսածանր դասակարգ Strikeforce-ի նախկին ախոյեան Գեղարդ Մուսասին իր լաւագոյն մրցումներէն մէկը պիտի կատարէ` ճակատելով Մայք Քայլիի դէմ: ... Շարն.

27-29 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՄՊՈՅԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՂԱԶԱԽՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՄԸ

January 27, 2012

PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 25 յունուարին Ուրալսք քաղաքը (Ղազախստան) մեկնեցաւ Հայաստանի Սամպոյի հաւաքականը` մասնակցելու համար 27-29 յունուարին տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը, որ կը հանդիսանայ Սամպոյի աշխարհի ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ՇԱՊԱՊ ԱՐԱՊԻ

January 26, 2012

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 26 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Շապապ Արապիի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ

January 26, 2012

Շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է սերպ մարզիչ Իվան Վիթանովիչի հետ, որ պիտի ստանձնէ Լիբանանի ... Շարն.

ՌԵԼԻՆԵՐՈՒ ՆԱԽԿԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆ ԺԱՆ-ՓԻԵՌ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ «ՓՐՈԹԵՔ-ՍԵՆԹԸՐ»Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ

ՌԵԼԻՆԵՐՈՒ ՆԱԽԿԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆ ԺԱՆ-ՓԻԵՌ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ «ՓՐՈԹԵՔ-ՍԵՆԹԸՐ»Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ

January 26, 2012

Լիբանանցի վարորդ եւ ռելիներու նախկին ախոյեան Ժան-Փիեռ Նասրալլա յատուկ երեկոյով մը բացումը կատարեց «Փրոթեք Սենթըր»ի (ինքնաշարժներու վերաբերեալ) Լիբանանի մասնաճիւղին, անոր ցուցասրահին` Սին Էլ Ֆիլի մէջ (Ժըսըր Ուաթի): Բացման հանդիսութեան ներկայ ... Շարն.

ՖԻՊԱ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ՏՂՈՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՇԱՆՎԻԼ ՅԱՂԹԵՑ, ՄՈՒԹԹԱՀԵՏ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

ՖԻՊԱ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ՏՂՈՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՇԱՆՎԻԼ ՅԱՂԹԵՑ, ՄՈՒԹԹԱՀԵՏ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

January 26, 2012

Երէկ` չորեքշաբթի, 25 յունուարին սկսան ՖԻՊԱ-ի Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան Բ. խմբակին մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն լիբանանեան երկու կազմեր` Շանվիլ եւ Մութթահետ: Այս խմբակին մրցումները հիւրընկալող Շանվիլ ... Շարն.

ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 15 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻԱ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

January 26, 2012

Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ Սերկէյ Սաֆարեան կը յայտնէ, որ յառաջիկայ 15 օգոստոսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան - Պիելոռուսիա մրցումը: Այս տեղեկութիւնը կը փոխանցէ PanARMENIAN.Net հայկական լրատու գործակալութիւնը: ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ

January 26, 2012

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), ներկայութեամբ անդամներուն մեծամասնութեան, ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի պատուոյ նախագահին` ... Շարն.

ԹԵՆԻՍ. ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԿՐԱՆ ՇԼԵՄԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՇԱՐԱՓՈՎԱ, ՔՎԻԹՈՎԱ, ՏԻՈՔՈՎԻՉ ԵՒ ՄԻՒՐԷՅ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ

ԹԵՆԻՍ. ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԿՐԱՆ ՇԼԵՄԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՇԱՐԱՓՈՎԱ, ՔՎԻԹՈՎԱ, ՏԻՈՔՈՎԻՉ ԵՒ ՄԻՒՐԷՅ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ

January 26, 2012

Երէկ, Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մարիա Շարափովա, Փեթրա Քվիթովա, Նովաք Տիոքովիչ եւ Էնտի Միւրէյ յաղթանակներ արձանագրելով ապահովեցին կիսաւարտականին իրենց ... Շարն.

ՀԱՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԵՆ ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

January 26, 2012

PanARMENIAN.Net կը յայտնէ, որ 26 յունուարէն 5 փետրուար հայ իրաւարարները Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի իրաւարարներու նախագահ Կարէն Նալբանտեանի գլխաւորութեամբ ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարեն Անթալիոյ մէջ: Իրաւարարներուն մարզումները պիտի կատարէ ֆետերասիոնին տնօրէնը` ... Շարն.

«ԱԿՈՒՄԲԻ ՄԸ ՄԱՐԶԻՉԸ ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ ԴԱՌՆԱԼ, ԱՅԼ` ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԸ» Կ՛ԸՍԷ ՊՐԱՅԸՆ ՌՈՊՍԸՆ

«ԱԿՈՒՄԲԻ ՄԸ ՄԱՐԶԻՉԸ ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ ԴԱՌՆԱԼ, ԱՅԼ` ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԸ» Կ՛ԸՍԷ ՊՐԱՅԸՆ ՌՈՊՍԸՆ

January 26, 2012

Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Պրայըն Ռոպսըն իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ եթէ վերադառնայ մարզիչի ասպարէզ, կ՛ուզէ ստանձնել ազգային խումբի մը եւ ոչ թէ ... Շարն.

ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԿՐՆԱՅ ԴԱՇՏ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼ ԹԵՐԵՔԻ ՀԵՏ

ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԿՐՆԱՅ ԴԱՇՏ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼ ԹԵՐԵՔԻ ՀԵՏ

January 26, 2012

Ուրուկուէահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան, որ փոխ տրուած ըլլալով Նասիոնալի (Ուրուկուէյ), վերջինիս հետ դաշտ կը ներկայանայ, շատ հաւանաբար մաս կազմէ Կրոզնիի Թերեքին, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ռուսիոյ ֆութպոլի Փրեմիեր լիկայի ... Շարն.

ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՄՏԱԴԻՐ Է ՃԱԿԱՏՈՒՄ ՄԸ ԵՒՍ ԿԱՏԱՐԵԼ

ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՄՏԱԴԻՐ Է ՃԱԿԱՏՈՒՄ ՄԸ ԵՒՍ ԿԱՏԱՐԵԼ

January 25, 2012

Հայկական Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ կռփամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յայտարարած է ըսելով, որ մտադիր է ճակատում մը եւս կատարել` այս անգամ մրցելով WBO-ի միջին կշիռի դասակարգին ... Շարն.

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ ՀԵՏ ԻՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻՆ ՄԷՋ «ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄԵՏԱԼԻ ՄԸ ՏԻՐԱՆԱԼԸ ԵՐԱԶՍ Է» Կ՛ԸՍԷ ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ ՀԵՏ ԻՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻՆ ՄԷՋ «ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄԵՏԱԼԻ ՄԸ ՏԻՐԱՆԱԼԸ ԵՐԱԶՍ Է» Կ՛ԸՍԷ ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ

January 25, 2012

Նախորդ շաբաթավերջին, «Մուսթաքպալ» օրաթերթը, հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ազգային խումբին մաս կազմող Դուին Մումջողլեանի հետ, որ վերջերս ապահովեց 2012-ի Լոնտոնի Ամառնային ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը: ... Շարն.

ՖԻՊԱ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. Բ. ԽՄԲԱԿ.- ԱՅՍՕՐ` ՇԱՆՎԻԼ – ՏԻՒՀՈՔ ԵՒ ՄՈՒԹԹԱՀԵՏ – ՄԱՀՐԱՄ

January 25, 2012

ՖԻՊԱ-ի Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան Բ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 25 յունուարին, լիբանանեան երկու կազմեր` Շանվիլ եւ Մութթահետ մրցում ունին կատարելիք: Առաջինը ժամը 16:00-ին կը մրցի Տիւհոքի դէմ ... Շարն.

ՓԼԱԹԻՆԻ. «ՄԵՐ ԱՄԷՆ ԿԱՐԵԼԻՆ ՊԻՏԻ ԸՆԵՆՔ ԵՒՐՕ-2012-Ը ՇԱՏ ԼԱՒ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»

January 25, 2012

Versii.com կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի նախագահ Միշել Փլաթինի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է, որ մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որպէսզի շատ լաւ ձեւով կատարենք ... Շարն.

ՍԻԼՎԻՕ ՊԵՐԼՈՒՍՔՈՆԻ ԿԸ ՄՏԱԾԷ Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԿՈՒՄԲԸ ԾԱԽԵԼ

January 25, 2012

Իր լուրերը քաղելով Pravda.ru կայքէջէն` PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի կը մտածէ Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբը ծախել: Կը կարծուի, որ Պերլուսքոնիի ռուս բարեկամները ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂՈՑ ԽՈՒՄԲԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԻՐ 11-ՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂՈՑ ԽՈՒՄԲԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԻՐ 11-ՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

January 24, 2012

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 23 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» ... Շարն.

ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԵՒ ՔՈՒՐՍՈՎԱ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԵՒ ՔՈՒՐՍՈՎԱ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

January 24, 2012

Նախորդ շաբաթավերջին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի կեդրոնական տան մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի տղոց (72-րդ) եւ աղջկանց (67-րդ) ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Տիգրան Լ. ... Շարն.

ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ՎԱՂԸ` ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 2011 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

January 24, 2012

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը նախանցեալ օր յայտարարեց, որ վաղը` չորեքշաբթի, 24 յունուարի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Ալեքսանտր պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ) պիտի կատարէ 2011 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին պիտի պարգեւատրուին ախոյեան հանդիսացած մարզիկները, ... Շարն.