Category: Մարզական
ԱՂՋԿԱՆՑ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՄԱՐԶԻՉՆԵՐՈՒ ԵՌՕՐԵԱՅ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ` 4 ՆՈՐՎԵԿԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի աղջկանց յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Նորվեկիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին, Պհամտունի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցան աղջիկ մարզիչներու եռօրեայ դասընթացքներ: Այս դասընթացքները տեղի ունեցան նորվեկիացի չորս մարզիկներու հսկողութեամբ: Աւարտին ... Շարն.
ԺԵՐԱՐ ԲԱՑԱԿԱՅ` ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄԷ
Լիվըրփուլի կողմէ կատարուած յայտարարութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող վիրաւոր միջնապահ Սթիւըն Ժերար, այս շաբաթավերջին Սուանզիի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն (Անգլիոյ ախոյեանութիւն) բացակայելէ բացի, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ. ՀՄԸՄ – ԹԱՏԱՄՈՆ ՊԷՅՐՈՒԹ ՄՐՑՈՒՄԸ` ՈՒՐԲԱԹ, 11 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ
Շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին վաւերացուց Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները. Հրապարակելէ ետք այս շաբաթավերջին տեղի ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ 2011-Ի ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր` հինգշաբթի, Փորթօ Քարրասի մէջ (Յունաստան) կը սկսի Եւրոպայի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց խմբային ախոյեանութիւնը: Տղոց մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 38 հաւաքականներ, իսկ աղջկանց մրցաշարքին` 28: Տղոց մրցաշարքին գծով, ... Շարն.
«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԱՊԱՀՈՎԵՑ 1-16-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
«Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած երէկ գիշերուան մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Դ. խմբակին մաս կազմող Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լիոնի, ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը: ... Շարն.
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՔԻՔՊՈՔՍԻՆԿԻ ԽՈՒՄԲԻՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2011-ին, Շուէյֆաթի «Օլ Սփորց» մարզասրահին մէջ, Լիբանանի Քիքպոքսինկի ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի բաժակի մրցաշարքին, Հայկազեան համալսարանը գրաւեց խմբային երկրորդութիւնը` մասնակից վեց խումբերու մէջ: Հայկազեան համալսարանի խումբը ներկայացաւ հինգ ... Շարն.
ՈՒՅԵՏԱՅԻ ՀԱՍՏԱՏԱԾ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՐ ՄՐՑԱՆԻՇԸ
Ճափոնական Ֆակիանօ Օքայամա ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող Ռիուժիրօ Ույետա նախանցեալ օր Ֆ. Ք. Եոքոհամայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ գլուխով 58,6 մեթր հեռաւորութենէն կոլ մը ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎՈԼԻՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ
Շաբաթասկիզբին Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին իր մօտ արձանագրուած բոլոր ակումբները տարեկան համագումարի հրաւիրեց: Համագումարը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 28 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Մետիսըն» (Ժունիէ) պանդոկին մէջ: ... Շարն.
ԹԵՆԻՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՄՆԱՑ 69-ՐԴ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
Շաբաթասկիզբին, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին հրապարակած նոր դասաւորման մէջ, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան յաջորդաբար երկրորդ շաբաթն ըլլալով մնաց 69-րդ դիրքին վրայ: Առաջին 10-ին մէջ ֆրանսացի Ճօ-Ուիլֆրիտ Ցոնկա միակն ըլլալով դիրքի ոստում մը ... Շարն.
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ԵՈՒՐԻ ՊԱՏՐԻԿԷԵՒ` ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Նախորդ շաբաթավերջին Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալլինի մէջ աւարտեցաւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան Քրիսթիան Փալուսալուի նուիրուած ըմբշամարտի միջազգային յուշամրցաշարքը: Sekundomer.ee կայքէջը յայտնեց, որ 120 քկ դասակարգի մրցումներուն բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելով` Հայաստանի ... Շարն.
ԲԱԶԿԱՄԱՐՏ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԱՍԹԱՆԱ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ` ՄԵՏԱԼՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ
Յառաջիկայ 28 նոյեմբերէն 4 դեկտեմբեր Ասթանայի մէջ (Ղազախստան), տեղի պիտի ունենայ բազկամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան մասնակցելու համար ցարդ Ասթանա մեկնելու փափաք յայտնած են 53 երկիրներ, որոնց կարգին` Հայաստան: Հայաստանի ... Շարն.
ԱՂՈՒԱՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ
Ըստ լեհական «Կազեթա Վիպորչզա» պարբերաթերթին, տեղւոյն կազմերէն Լոց ակումբին մաս կազմող հայրենի միջնապահ Աղուան Պապիկեան հրաւիրուած է Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքական` իր մասնակցութիւնը բերելու 11 եւ 15 նոյեմբերին տեղի ունենալիք ... Շարն.
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 2011-Ի ՄԱՐԱԹՈՆ. ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ` ԿԻՐԱԿԻ, 6 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբը լիբանանեան մարզական մամուլին ընդմէջէն լիբանանցիներուն եկաւ յիշեցնելու, որ Պէյրութի 2011-ի միջազգային մարաթոնին մասնակցելու համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է կիրակի, 6 նոյեմբերը: Թէեւ մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, ... Շարն.
ՖԻՏԷ-Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ԵՐՐՈՐԴ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
Երէկ` երեքշաբթի, 1 նոյեմբերին, ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց ճատրակի աշխարհի ընդհանուր նոր դասաւորումը: Հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան նոր դասաւորման մէջ կը շարունակէ մնալ երրորդ դիրքին վրայ (2802): Առաջին դիրքին ... Շարն.
«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ԵՒ Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ 1-16-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ
«Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ը. խմբակին մաս կազմող Պարսելոնա 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Վիքթորիա Փլզենի դաշտէն, ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի ... Շարն.
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ ԳՆԵԼ
Պուլկարական «24 ժամ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Պուլկարիոյ ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը համաձայն գտնուած է, իր երկու ծանրաբարձները` Պոյանքա Քոսթովա եւ Վալենթին Հրիսթով, փոխան 400 հազար եւրոյի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան հանդէս գան ... Շարն.
ԷՏԿԱՐ ՄԱՆՈՒՉԱՐԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՅՍ ՏԱՐԻՆ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ ռուսական Ուրալ խումբին մաս կազմող Էտկար Մանուչարեան, որ վերջին անգամ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուեցաւ Իրլանտա - Այիր մրցումին (Եւրօ-2012), այս տարեշրջանին դաշտ պիտի չներկայանայ, յայտնեց ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱԽՈՅԵԱՆ ՈՒԼԻՍ 3-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ ՄԻՔԱՅԷՆ
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 27-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, նոր ախոյեան հանդիսացած Ուլիս 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Միքայէն: 2-րդ դիրքին համար պայքարող Գանձասար եւ Փիւնիկ 1-0 արդիւնքով յաղթեցին ... Շարն.
ՍՈՒՍԵՐԱՄԱՐՏ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ 18-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼԻԲԱՆԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ 13 ՄԵՏԱԼԻ
Նախորդ շաբաթավերջին, Ապու Տապիէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի սուսերամարտի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Սուսերամարտի արաբական 18-րդ ախոյեանութեան: Այս ախոյեանութեան Լիբանան տիրացաւ 13 մետալներու, որոնցմէ 4-ը` ոսկի, ... Շարն.
ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԿՐԵԹԹԱ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ 2 ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼԻ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Արաբական ախոյեանութեան աթլեթիզմի մրցումներուն, Կրեթթա Թասլաքեան Լիբանանի ապահովեց երկու ոսկի մետալ, երբ աղջկանց 100 եւ 200 մեթր վազքի մրցումներուն հանդիսացաւ առաջին: Առաջինին ան արձանագրեց ... Շարն.

