Category: Մարզական

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑՈՂ ՅԱՅՏՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉԻ ՈՐԴԻՆ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑՈՂ ՅԱՅՏՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉԻ ՈՐԴԻՆ

October 11, 2011

Թրքական «Պիանեթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է գրող, հրատարակիչ, իրաւապաշտպան, «Պելկէ» հրատարակչատան տնօրէն Ռակըփ Զարաքոլուի որդին` Տենիզ Զարաքոլու: «Պիլկի» համալսարանի քաղաքական գիտութեան բաժանմունքի ասփիրանթ Տենիզ Զարաքոլու Քրտական ... Շարն.

ԿՆՔԱՀԱՅՐՈՒԹԵԱՄԲ ՑՈԼԱԿ ԹԻՒԹԵԼԵԱՆԻ ՀՄԸՄ-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀՈՒՆՁՔԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

ԿՆՔԱՀԱՅՐՈՒԹԵԱՄԲ ՑՈԼԱԿ ԹԻՒԹԵԼԵԱՆԻ ՀՄԸՄ-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀՈՒՆՁՔԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

October 10, 2011

Ուրբաթ, 7 հոկտեմբեր 2011-ին, «Ուայթ Թաուըր» պանդոկի «Արարատ-Փալաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի առաջին հունձքի վկայականներու բաշխման  հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ մարզիկներու ծնողներուն եւ հրաւիրեալներու: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ֆութպոլի ... Շարն.

ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՒՕ ԵՒ ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆՆԵՐ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԽԱՌՆ ԶՈՅԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՒՕ ԵՒ ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆՆԵՐ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԽԱՌՆ ԶՈՅԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

October 10, 2011

Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցած Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութեան խառն զոյգի աւարտական մրցումը վերջ գտաւ Աւօ եւ Դուին Մումջողլեաններու (ՀՄԸՄ Պէյրութ) յաղթանակով. անոնք 3-1 արդիւնքով (11-13, 11-6, ... Շարն.

ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՄԻՇԱ ԱԼՈՅԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

October 10, 2011

Պաքուի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն Ռուսիան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Միշա Ալոյեան հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան` 52 քկ դասակարգին մէջ: 2009-ին աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր եղած Ալոյեան աւարտական ճակատումին ... Շարն.

ՃԱՏՐԱԿԻ ՓՈՐՁԵՐԸ ՎԵՐՍԿՍԱՆ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ-ՀՄԸՄ» ՄԱՐԶԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ

ՃԱՏՐԱԿԻ ՓՈՐՁԵՐԸ ՎԵՐՍԿՍԱՆ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ-ՀՄԸՄ» ՄԱՐԶԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ

October 10, 2011

Ուրբաթ, 7 հոկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ վերսկսան ճատրակի 2011-2012 տարեշրջանի փորձերը` հսկողութեամբ մարզիչներ Ժիրայր եւ Ռազմիկ Օգնայեան եղբայրներուն: Այդ փորձերը ամրան ընթացքին շուրջ երեք ամիս դադրած էին` նկատի ունենալով, ... Շարն.

ՖՈՐՄԻՒԼԱ-1. ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՎԵԹԵԼ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

ՖՈՐՄԻՒԼԱ-1. ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՎԵԹԵԼ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

October 10, 2011

Երէկ` կիրակի, տեղի ունեցաւ Ֆորմիւլա-1-ի 2011-ի աշխարհի ախոյեանութեան 15-րդ կրան փրին` Ճափոնի մէջ: Նախորդ տարեշրջանին ախոյեան հանդիսացած գերմանացի Սեպասթիան Վեթել (Ռետ-Պուլ Ռընօ), որ միայն կէտի մը պէտք ունէր տիտղոսը պահելու ... Շարն.

ԻՆԻԵՍԹԱ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿՐՆԱՅ ԴԱՇՏ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼ

ԻՆԻԵՍԹԱ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿՐՆԱՅ ԴԱՇՏ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼ

October 10, 2011

Սպանիոյ եւ Եւրոպայի ախոյեան Պարսելոնայի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երեք շաբաթ ֆութպոլի դաշտերէն բացակայելէ ետք (վիրաւոր), միջնապահ Անտրես Ինիեսթա այս շաբաթավերջին կրնայ վերադառնալ եւ իր մասնակցութիւնը բերել ... Շարն.

ԵՒՐՕ-2012. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՒ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ` ՄԱԿԵԴՈՆԻՈՅ ԴԷՄ (4-1)

ԵՒՐՕ-2012. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՒ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ` ՄԱԿԵԴՈՆԻՈՅ ԴԷՄ (4-1)

October 8, 2011

Յաղթանակ մը եւս եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կ՛ապահովէ Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, եթէ յաջողի յառաջիկայ երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին յաղթանակով մը վերադառնալ Այիրի դաշտէն: ... Շարն.

ՀՄԸՄ-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄԵՒ ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՃԱՏՐԱԿԻ 2011-2012 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐՍԿՍՈՒՄ

October 8, 2011

Երէկ` ուրբաթ, 7 հոկտեմբերին, տեղի ունեցան երկու կարեւոր իրադարձութիւններ: Առաջին իրադարձութեան, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի առաջին հունձքի վկայականաց բաշխումը, իսկ երկրորդին` վերսկսան ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի 2011-2012 տարեշրջանի դասաւանդութիւնները` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» ... Շարն.

ՎԱՐԴԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

October 7, 2011

Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան խօսեցաւ Մակեդոնիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, ինչպէս նաեւ խումբին պարզած այժմու վիճակին մասին: Երբ ... Շարն.

ԵՒՐՕ-2012. ԱՅՍՕՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ

October 7, 2011

Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 7 հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենան քսան ճակատումներ: Այդ քսան մրցումներուն կարգին կարեւոր ճակատում մը ունի կատարելիք Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ

October 7, 2011

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մէկ շաբաթով յետաձգեց Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումները` նկատի ունենալով, որ մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռելու իրաւունք ունեցող «Ժատիտ» ... Շարն.

ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՔԵՉԵՊԱՇԵԱՆ – ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ ԶՈՅԳԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՔԵՉԵՊԱՇԵԱՆ – ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ ԶՈՅԳԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

October 7, 2011

Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց զոյգի ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը: Լարա Քեչեպաշեան - Դուին Մումջողլեան զոյգը (ՀՄԸՄ- ... Շարն.

ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՄՏՈՒԹԻՒՆ. ԷՐՏՈՂԱՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՊԱՐԳԵՒ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ Է ՄԱԿԵԴՈՆԻՈՅ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՅԱՂԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ

October 7, 2011

Sovetunion.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերջերս տեսակցութիւն մը ունենալով Մակեդոնիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Թրայքօ Վելիանոսքիի հետ անոր ըսած է, որ ինք պատրաստ է երկրին պիւտճէէն ... Շարն.

2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՍԻՈՅ ԳՕՏԻ. ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՔՈՒԷՅԹԻ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

October 7, 2011

Յառաջիկայ երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին, 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Մարզական աւանի դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Քուէյթը: Այս մրցումը կ՛իյնայ Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ, որուն ընթացքին երկու ... Շարն.

ԹԵՆԻՍ. ՃԱՓՈՆԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ – ՄԻՒՐԷՅ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏՈՒՄ

October 7, 2011

Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող տղոց թենիսի միջազգային մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան` յաղթելէ ետք խրուաթ Իվան Տոտիքի, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Մրցումը տեւեց ... Շարն.

ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 26 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ` ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏՈՒԷ ՎԻՔ ԴԱՐՉԻՆԵԱՆԸ

ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 26 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ` ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏՈՒԷ ՎԻՔ ԴԱՐՉԻՆԵԱՆԸ

October 6, 2011

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ պիտի պատուէ կռփամարտիկ Վիք Դարչինեանը յառաջիկայ 26 նոյեմբեր 2011-ին տեղի ունենալիք յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին` առ ի երախտագիտութիւն անոր ... Շարն.

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

October 6, 2011

Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Սիրելի՛ համակիրներ. ինչպէս տեղեակ էք, ուրբաթ, 7 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ ... Շարն.

ՊԷՅՐՈՒԹ ՄԱՐԱԹՈՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԶՕՐ. ԱՊՊԱՍ ԻՊՐԱՀԻՄԻ ՀԵՏ

ՊԷՅՐՈՒԹ ՄԱՐԱԹՈՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԶՕՐ. ԱՊՊԱՍ ԻՊՐԱՀԻՄԻ ՀԵՏ

October 6, 2011

Ընդհանուր Ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբին պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէին յանձնախումբի նախագահ Մայ Խալիլ, փոխնախագահ եւ հանգստեան կոչուած զօր. Հասսան Ռըսթոմ, ... Շարն.