Category: Մարզական
ԹԵՆԻՍ. ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ. ՖՐԱՆՍԱՑԻՆԵՐ ԿԱՍՔԷ ԵՒ ՄՈՆՖԻՍ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ
Երէկ, ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ-ի թենիսի կրան շլեմի մրցաշարքին, երկու ֆրանսացիներ` Ռիշար Կասքէ (13-րդ) եւ Կայել Մոնֆիս (7-րդ), պարտութիւն կրելով իրենց մրցակիցներէն, չյաջողեցան հասնիլ Գ. հանգրուան եւ դուրս մնացին մրցաշարքէն: Ստորեւ ... Շարն.
ՊԱՔՈՒ Կ՛ՈՒԶԷ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼ 2020-Ի ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ
Ազրպէյճանական Trend.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի ազգային Ողիմպիական կոմիտէն յայտնեց, որ Պաքու իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Միջազգային Ողիմպիական կոմիտէին` հիւրընկալելու համար 2020-ի Ամառնային ողիմպիական խաղերը: Այդ խաղերը հիւրընկալելու համար ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ
«Քաունթրի լոճ» համալիրին մէջ (Պսալիմ) տեղի ունեցած ընթրիքի յատուկ երեկոյով մը, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նախանցեալ օր պատուեց Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը, որ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտին (որ տեղի ունեցած էր ... Շարն.
ԵՒՐՕ-2012. ԱՅՍՕՐ` ԱՆՏՈՐՐԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Երէկ` հինգշաբթի, 1 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային եւ երիտասարդներու հաւաքականները մեկնեցան Պարսելոնա (Սպանիա), ուրկէ օթոպիւսով ժամանեցին Անտորրայի մայրաքաղաք` Անտորրա լա Վելլա: Թէեւ ազգային հաւաքականին հետ Անտորրա մեկնեցաւ Ռոպերթ Արզումանեան, սակայն ... Շարն.
ԵՒՐՕ-2012. ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ ԶՏՈՒՄԻ 23 ՃԱԿԱՏՈՒՄՆԵՐ
Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ այսօր պիտի ըլլայ խճողուած` նկատի ունենալով, որ տեղի պիտի ունենան 23 ճակատումներ: Վաղը տեղի պիտի ունենայ միայն մրցում մը, որուն ընթացքին Սկովտիա (Թ. խմբակ) ... Շարն.
ԹԵՆԻՍ. ԵՈՒ.ԷՍ.ՕՓԸՆ ՎԻՆԸՍ ՈՒԻԼԻԸՄԶ ԵՒ ՌՈՊԻՆ ՍՈՏԵՐԼԻՆԿ ՔԱՇՈՒԵՑԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ
Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող Եու.Էս.Օփընի թենիս կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ թէեւ ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզ յաջողեցաւ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ապահովել Բ. հանգրուանի իր տոմսը, սակայն ան գերմանացի ... Շարն.
ՖԻՏԷ-Ի ՆՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ ԱՐՈՆԵԱՆ` ԵՐՐՈՐԴ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
Երէկ, ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց սեպտեմբեր ամսուան նոր դասաւորումը: Տղոց դասաւորման մէջ երրորդ դիրքին վրայ կը մնայ Լեւոն Արոնեան` 16 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մակնիւս Քարլսընէն (Նորվեկիա): Երկրորդ դիրքը ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ 72-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Երէկ, Քաջարանի մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի ճատրակի Ա. դասակարգի 72-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 13-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: 8,5 կէտ ապահովելով Կարէն Գրիգորեան հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան` լրացուցիչ միաւորներով գերազանցելով Հրայր ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ԵՒՍ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑ
Խանթի Մանսիսքի մէջ (Ռուսիա) կը շարունակուի ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը, որուն ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենան Բ. հանգրուանի մրցումները: Հայաստանի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Սերկէյ Մովսիսեան, որ Ա. հանգրուանին յաղթեց չինացի ... Շարն.
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՋՈՒԼՖԱԼԱԿԵԱՆ ԻՐ ԿԱԶՄԸ ՊԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ 6 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ
Յառաջիկայ 12-18 սեպտեմբերին Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենան ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները: Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը` գլխաւոր մարզիչ Արսէն Ջուլֆալակեանի գլխաւորութեամբ, 31 օգոստոսին Երեւանի մէջ սկսած իր հաւաքը պիտի ... Շարն.
ՆՇՄԱՐ. ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ՄԵԾ ԶԱՐՄԱՆՔ ՊԱՏՃԱՌԵՑ ԷՀՏԵՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ՕՐԸ
Կը կարծուէր, որ կիրակի, 28 օգոստոսին, Էհտենի ճատրակի մրցաշարքին օրը, հայ ճատրակ խաղացողներ իրենց մեծաթիւ մասնակցութիւնը պիտի բերէին անոր` իրենց տիրական ներկայութեամբ: Տեղական այլ մրցաշարքերու ընթացքին, հայ ճատրակ խաղացողներու անունները ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ԷՀՏԵՆԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
- ՀՐԱՅՐ ԳԱՍԱՊԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ - ՀՐԱԿ ԳԼԸՊՈԶԵԱՆ ԳՐԱՒԵՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ Կիրակի, 28 օգոստոսին, Էհտենի «Պէյթ Ուարտ» ճաշարան-պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի «երկար» օր մը` կազմակերպութեամբ Էհտեն-Զղարթա քաղաքապետութեան եւ հովանաւորութեամբ ... Շարն.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՌԱՖԱՅԷԼ ՆԱԶԱՐԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ԿԱԶՄԸ
Հայաստանի երիտասարդներու ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց իր կազմը, որ պիտի պատրաստուի Անտորրայի (3 սեպտեմբեր) եւ Չեխիոյ (6 սեպտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 2013-ի ախոյեանութեան ... Շարն.
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ԱՇԽԱՐՀԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՀԻՆԳ ՄԵՏԱԼԻ
Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի պատանիներու աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի պատանիներու հաւաքականը յաջող արդիւնքներ արձանագրելով տիրացաւ հինգ մետալի: 46 քկ դասակարգին մէջ Ալպերթ Վարդանեան տիրացաւ արծաթ մետալին, մինչ ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ԵԻՖԱՆԻ, ՓԱՇԻՔԵԱՆ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ ՎՈԺԹԱՍԶԵՔԷՆ
Նախորդ շաբաթավերջին Խանթի Մանսիսքի մէջ (Ռուսիա) սկսաւ ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ նաք-աութի դրութեամբ: Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Սերկէյ Մովսիսեան յաջողեցաւ 2-0 արդիւնքով յաղթել աղջկանց աշխարհի ... Շարն.
ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՐՏԱԿ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԽԻՄՔԻԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈԼԸ
Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի ֆութպոլիստ Արտակ Ալեքսանեան, որ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէ ռուսական Խիմքիի հետ, Սթոլիցայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը: Ալեքսանեան, որ վերջերս իր ակումբը` Փիւնիկը ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ՊԷՅՐՈՒԹ
Այսօր` երեքշաբթի, 30 օգոստոսին, Պէյրութի միջազգային օդակայան կը ժամանէ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ասիոյ աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Մարզիկներն ու անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որոնք օդակայան պիտի ... Շարն.
Ա.ԹԷ.ՍԷ.ԷԼ.- ԹԵՆԻՍԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` 5 – 11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ
Կազմակերպութեամբ Ա.Թէ.Սէ.Էլ.ին 5 - 11 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ թենիսի տեղական մրցաշարք մը` վերոնշեալ ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ: Նշենք, որ մրցաշարքը կը հովանաւորէ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը: Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ... Շարն.
ՎԱՐԴԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ԿԱԶՄԸ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիչ Վարդան Մինասեան հրապարակեց խումբին կազմը, որ պիտի նախապատրաստուի 2012 թուականի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի հանդիպումներուն` Անտորրայի (2 սեպտեմբեր) եւ ... Շարն.
ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ԳՈՌ ՄԻՆԱՍԵԱՆ` ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄՐՑԱՆՇԱԿԻՐ
Լեհաստանի մէջ աւարտած ծանրաբարձութեան մինչեւ 17 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան վերջին օրը իրենց մրցումները կատարեցին գերծանր կշիռքի (94 քկ) մարզիկները: Մրցակցութենէն դուրս էր Հայաստանի հաւաքականի հսկայ Գոռ Մինասեան (135 քկ), որ ... Շարն.

