Category: Մարզական
Եուրօ – 2016. Վաղը` Դանիա – Հայաստան
Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 7 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Քոփենհակընի մէջ հիւրը ըլլալով Դանիոյ (Թ. խմբակ): Մրցումը, որ տեղի ... Շարն.
Եուրօ – 2016. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը
Վաղը` կիրակի, 7 սեպտեմբերին կը սկսի Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենան զտումի մրցումները: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը այս մրցաշարքի սկզբնաւորման նախօրեակին յատուկ յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ անոր` նշելով, որ բաղդատմամբ նախորդ ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Ժունիէ – Ղոսթա
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ Քեսրուանի շրջանի Ա. խմբակին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Ժունիէ այսօր կը մրցի Ղոսթայի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յստակացան 1 – 16-րդ Հանգրուան Հասնող Խումբերը
Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Աշխարհի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները աւարտեցան, երբ 24 խումբերը կատարեցին իրենց 5-րդ ճակատումները: Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան անունները 1 - 16-րդ հանգրուանի իրենց ... Շարն.
Խըրէյպըթ Շուֆի 10 Քմ Վազքի Մրցումին. Երկու Հայեր Հանդիսացան Երրորդ
Կազմակերպութեամբ Էլիթ ակումբին, գործակցութեամբ Խըրէյպըթ Շուֆ ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ Խըրէյպըթ Շուֆի 10 քմ վազքի մրցումը` մասնակցութեամբ շուրջ 200 երկսեռ վազողներու: Նշենք, որ վազքի այս մրցումը ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. 6-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Յայտագիրը
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումները այս շաբաթավերջին պիտի ընթանան ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ալամուն - Լիբանանեան բանակ 18:30 Էմիլ Լահուտ Պէյրութի դրամատուն - Շուէյֆաթ ... Շարն.
Թենիս. «Եու.Էս.Օփըն». Ֆետերեր Պայքարելով Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը
Ռոժէ Ֆետերեր Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող թենիսի «Եու.Էս.Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց քառորդ աւարտականի մրցումներուն, 2-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր բաւական սուր պայքար մղելէ ետք ... Շարն.
Ուլի Սթայլայք Նշանակուեցաւ Հարաւային Քորէայի Մարզիչ
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ գերմանացի միջազգային նախկին ֆութպոլիստ Ուլի Սթայլայք նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ: 59 տարեկան Սթայլայք, որ 42 անգամ կրած ... Շարն.
Նէյմար Նշանակուեցաւ Պրազիլի Խմբապետ
Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Տունկայի որոշումով, Պարսելոնայի յառաջապահ Նէյմար նշանակուեցաւ խումբին խմբապետ: Մէջբերելով Տունկայի խօսքերը, «ԱՍ» կը գրէ. «Մենք որոշեցինք, որ այսուհետեւ խումբին խմբապետը պիտի ըլլայ Նէյմար: Ան ի ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Հետ. Ռոման Պերեզովսքի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց
Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Լաթվիոյ դէմ բարեկամական մրցում մը կատարեց: Անկախ մրցումին արդիւնքէն, Հայաստանի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքիի համար անիկա եղաւ նշանակալից իրադարձութիւն մը` անոր ֆութպոլիստի ... Շարն.
Մաուրօ Գեւգէօզեան Պիտի Չմասնակցի Նաեւ Դանիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ArmSport.am կ՛անդրադառնայ Ալիանսա խումբին (Փերու) հետ հանդէս եկող Մաուրօ Գեւգէօզեանի` նշելով, թէ ան ինչո՞ւ իր մասնակցութիւնը չբերաւ նախորդ 3 սեպտեմբերին Լաթվիոյ դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Սպանիա, Յունաստան, Միացեալ Նահանգներ Եւ Սլովենիա` Ցարդ Անպարտելի
Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող տղոց պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ցարդ 24 խումբերն ալ կատարած են չորսական մրցում եւ անոնք այժմ մէկական մրցում ունին կատարելիք, նախքան Բ. ... Շարն.
Գէորգ Ղազարեան Պիտի Չմասնակցի «Չեմփիընզ Լիկ»-ին
Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան զօրաւորագոյն խումբերէն Օլիմփիաքոս երէկ հրապարակեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2014-2015 տարեշրջանի ախոյեանութեան մասնակցող իր մարզիկներուն ցանկը: Օլիմփիաքոս իր կազմէն դուրս ձգեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող ... Շարն.
Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Նիշիքորի Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Վաւրինքան
Քէյ Նիշիքորի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց քառորդ աւարտականի մրցումներուն, 10-րդ դասուած ճափոնցի Քէյ Նիշիքորի ստեղծեց անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն ... Շարն.
Արտեոմ Սիմոնեան Կը Մասնակցի «Չեմփիընզ Լիկ»-ին
Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը հրապարակեց ցանկը իր այն մարզիկներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2014-2015 տարեշրջանի մրցումներուն: Այս գծով ArmSport.am կը յայտնէ, որ ... Շարն.
«Մերժեցինք Պարսելոնային, Որովհետեւ Ֆութպոլը Մեզի Համար Առեւտուր Չէ» Կ՛ըսէ Սեն Ժերմենի Նախագահը
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Լը Փարիզիեն» կը յայտնէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ քաթարցի Նասեր Խելայֆի ըսած է, թէ ինչո՛ւ մերժեց Պարսելոնայի առաջարկը, որ կ՛ուզէր ձեռք ձգել յետսապահ Մարքինիոսը: ... Շարն.
Սեմի Խետիրա` Վեց Շաբաթով Բացակայ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ եւ Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող Սեմի Խետիրա վեց շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` վիրաւոր ... Շարն.
Մեսսի Պիտի Մնայ Արժանթինի Խմբապետ
Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ Ժերարտօ Մարթինօ, որոշեց չփոխել խումբին խմբապետը եւ այդ պաշտօնը դարձեալ վստահիլ Լիոնել Մեսսիին, որ 2011-էն ի վեր խմբապետ է: «Եթէ պատահի, որ Մեսսի Արժանթինին ... Շարն.
Ռէյ Ուիլքինզ` Յորդանանի Մարզիչ
Անգլիացի միջազգային նախկին մարզիկ Ռէյ Ուիլքինզ երէկ նշանակուեցաւ Յորդանանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Յորդանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշեց, որ երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ ... Շարն.
Ակնարկ. Անվեհեր Վերադարձ
ԹՈՐԳՈՄ Վերադարձը միշտ կարելի է, եթէ կամքն ու հաւատքը արմատաւորուած են: ՀՄԸՄ Պէյրութի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը վերադարձաւ իր հարազատ տեղը` Ա. դասակարգ: Այս առիթով «Ազդակ» ուրբաթ, 22 օգոստոսի թիւով առաջին ... Շարն.

