Category: Մարզական

Ռէալ Մատրիտ Չելսիէն 200-ի Փոխարէն 30 Միլիոն Եւրօ Կը Պահանջէ

Ռէալ Մատրիտ Չելսիէն 200-ի Փոխարէն 30 Միլիոն Եւրօ Կը Պահանջէ

July 26, 2014

Այնպէս կը թուի, որ Չելսի ցարդ մարզիկներու փոխանցումներու իր աշխատանքը չէ աւարտած` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛աշխատի իր կազմին միացնելու Ռէալ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ Ռաֆայէլ Վարանը: ... Շարն.

Վիրաւոր Քերըլ Չորս Ամիս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Վիրաւոր Քերըլ Չորս Ամիս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

July 26, 2014

Ուեսթ Համի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող անգլիացի յառաջապահ Էնտի Քերըլ, որ փորձերուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ, շուրջ չորս ամիս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: 25 տարեկան Քերըլ ... Շարն.

Ֆալքաոյի Փոխանցման Շուրջ.  Ռէալ Մատրիտ – Մոնաքօ` Համաձայնութիւն

Ֆալքաոյի Փոխանցման Շուրջ. Ռէալ Մատրիտ – Մոնաքօ` Համաձայնութիւն

July 26, 2014

Ըստ «Էյ.Պի.Սի.»-ի, Ռէալ Մատրիտ եւ Մոնաքօ իրարու հետ համաձայնութեան եկած են քոլոմպիացի միջազգային յառաջապահ Ռատամել Ֆալքաոյի տեղափոխութեան շուրջ: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, ֆրանսական ակումբը համաձայն գտնուած է 12 միլիոն եւրօ գանձելով ... Շարն.

Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք.  Մրցումներուն Թուականները Յստակացան

Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Մրցումներուն Թուականները Յստակացան

July 26, 2014

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ յառաջիկայ 19 եւ 22 օգոստոսին տեղի պիտի ունենան Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին երթուդարձի մրցումները` ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ բաժակակիր Ռէալ Մատրիտի միջեւ: Երթի ... Շարն.

Ֆութսալ-Գերբաժակի Մրցաշարք.  Այսօր` Պէյրութի Դրամատուն – Լիբանանեան Բանակ

Ֆութսալ-Գերբաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Պէյրութի Դրամատուն – Լիբանանեան Բանակ

July 25, 2014

Այսօր` ուրբաթ, 25 յուլիսին, տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի ֆութսալի 2014-2015 տարեշրջանի ախոյեանութեան բացման` գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը ճակատին Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը եւ բաժակակիր Լիբանանեան բանակը: Այս ... Շարն.

Առաջին Անգամ Ըլլալով`.  Վարդան Պօղոսեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքական

Առաջին Անգամ Ըլլալով`. Վարդան Պօղոսեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքական

July 25, 2014

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը 4 եւ 6 օգոստոսին ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Իրանի 22 տարեկանէն վար ազգային խումբին դէմ: Իր լուրը քաղելով realmurcia.es կայքէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ ... Շարն.

Նետաձգութիւն.  Գոհար Շահնազարեան 2015-ի Եւրոպայի Ախոյեանութեան Տոմս Մը Ապահովեց

Նետաձգութիւն. Գոհար Շահնազարեան 2015-ի Եւրոպայի Ախոյեանութեան Տոմս Մը Ապահովեց

July 25, 2014

Եւրոպայի նետաձգութեան 21-րդ ախոյեանութեան աղջկանց անհատական մրցումներուն, երէկ 1-24-րդ հանգրուանին պարտութիւն մը կրած Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Գոհար Շահնազարեան, պայքարեցաւ 2015-ին Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն տոմս մը ապահովելու ... Շարն.

Ճատրակ.  Տիգրան Նալբանդեան Տիտղոսակիր` Տորթմունտի Մէջ

Ճատրակ. Տիգրան Նալբանդեան Տիտղոսակիր` Տորթմունտի Մէջ

July 25, 2014

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Նալբանդեան բացառիկ արդիւնք մը արձանագրելով Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա), տիրացած է Հելմութ Քոհլի յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին` ապահովելով ... Շարն.

Միջազգային Ֆութպոլ.  Հայ Մասնագէտը Կրնայ Նշանակուիլ Հոնտիւրասի Մարզիչ

Միջազգային Ֆութպոլ. Հայ Մասնագէտը Կրնայ Նշանակուիլ Հոնտիւրասի Մարզիչ

July 25, 2014

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ ուրուկուէյահայ մարզիչ Մանուէլ Քէօսէեան շատ հաւանաբար նշանակուի Հոնտիւրասի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: 60 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մարզած է ... Շարն.

Ազրպէյճանցի Առեւտրականը Չարդարացուց Լանսի Համակիրներուն Յոյսերը

Ազրպէյճանցի Առեւտրականը Չարդարացուց Լանսի Համակիրներուն Յոյսերը

July 25, 2014

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը արգելք հանդիսացաւ, որ երկրին անուանի ակումբներէն Լանսը 2014-2015 տարեշրջանին մաս կազմէ «Լիկ-1»-ի ախոյեանութեան: Ատոր պատճառը եղաւ այն, որ ակումբին սեփականատէրը` ազրպէյճանցի առեւտրական Հաֆիզ ... Շարն.

Սուարեսի 4 Ամսուան Որակազրկումը Կրնայ Կրճատուիլ

Սուարեսի 4 Ամսուան Որակազրկումը Կրնայ Կրճատուիլ

July 25, 2014

Ըստ goal.com կայքին, Պարսելոնայի յառաջապահ Լուիս Սուարեսի ստացած 4 ամսուան որակազրկումը կրնայ կրճատուիլ` նկատի ունենալով, որ քաթալոնիական ակումբը բողոքագիր մը ներկայացուցած է Լոզանի  իրաւարարական դատարանին: Ըստ երեւոյթին, ուրուկուէյցիին որակազրկումին ժամկէտը ... Շարն.

Արսենալ Կ՛ուզէ Իր Կազմին Միացնել Քասիասը

Արսենալ Կ՛ուզէ Իր Կազմին Միացնել Քասիասը

July 25, 2014

Սպանական «Էլ Քոնֆիտենսիալ»-ի համաձայն, անգլիական Արսենալ ակումբը պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացուցած է Ռէալ Մատրիտի` գնելու համար անոր սպանացի միջազգային 33 տարեկան բերդապահ Իքեր Քասիասը: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, լոնտոնեան կազմը պատրաստ ... Շարն.

Լուքսամպուրկօ 4-րդ Անգամ Ըլլալով Վերադարձաւ Ֆլամենկօ

Լուքսամպուրկօ 4-րդ Անգամ Ըլլալով Վերադարձաւ Ֆլամենկօ

July 25, 2014

Ռէալ Մատրիտի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ուանտերլէյ Լուքսամպուրկօ 4-րդ անգամ ըլլալով նշանակուեցաւ Ֆլամենկոյի մարզիչ, յայտնեց Ռիօ տը Ժանէյրոյի ակումբը: Ան փոխարինեց Նէյ Ֆրանքոն, որ պաշտօնազրկուեցաւ` նկատի ունենալով, ... Շարն.

«Փարիզ Սեն Ժերմենի Մարզիչը Պիտի Չըլլամ»  Կ՛ըսէ Քոնթէ

«Փարիզ Սեն Ժերմենի Մարզիչը Պիտի Չըլլամ» Կ՛ըսէ Քոնթէ

July 25, 2014

Եուվենթուսի նախկին մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իրականութեան չեն համապատասխաներ այն լուրերը, ըստ որոնց ինք պիտի ըլլայ Փարիզ Սեն Ժերմենի նոր մարզիչը` փոխարինելով Լորան Պլանը: ... Շարն.

«Թուր Տը Ֆրանս».  Իտալացի Նիպալի` 18-րդ Հանգրուանին Յաղթականը Եւ Դեղին Շապիկը Իր Մօտ Պահողը

«Թուր Տը Ֆրանս». Իտալացի Նիպալի` 18-րդ Հանգրուանին Յաղթականը Եւ Դեղին Շապիկը Իր Մօտ Պահողը

July 25, 2014

Ասթանայի իտալացի հեծելանւորդ Վինչենզօ Նիպալի երէկ տիրացաւ «Թուր Տը Ֆրանս»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Փոյէն Հոթաքամ (145,5 քմ): Ան ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 4 ժամ 4' 17" արդիւնք ... Շարն.

Քազոնի Նշանակուեցաւ Վալանսիենի Մարզիչ

Քազոնի Նշանակուեցաւ Վալանսիենի Մարզիչ

July 25, 2014

Վալանսիենի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Պեռնար Քազոնի նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: Նախորդ տարեշրջանի աւարտին, խումբը գրաւելով Ֆրանսայի «Լիկ-1»-ի ընդհանուր դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը, փոխադրուեցաւ Բ. ... Շարն.

Տունկա Իր Նախկին Խմբակիցները Նշանակեց Իբրեւ Իր Օգնականները

Տունկա Իր Նախկին Խմբակիցները Նշանակեց Իբրեւ Իր Օգնականները

July 25, 2014

Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ երկրի ֆութպոլի  ազգային խումբի նոր մարզիչ Տունկա, որ նախանցեալ օր պաշտօնապէս ստանձնեց իր նոր պաշտօնը, իր նախկին խմբակիցներէն Թաֆարելը եւ Մաուրօ Սիլվան, ... Շարն.

Աթլեթիզմ. Ժամհուրի Մրցաշարք.  Լոռի Թաշճեան Հանդիսացաւ Երկրորդ` Աղջկանց 400 Մեթր Վազքի Մրցումներուն

Աթլեթիզմ. Ժամհուրի Մրցաշարք. Լոռի Թաշճեան Հանդիսացաւ Երկրորդ` Աղջկանց 400 Մեթր Վազքի Մրցումներուն

July 24, 2014

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան աթլեթիզմի «մեծ պարգեւ» անունը կրող Ա. հանգրուանի մրցումները: Ա. հանգրուանի այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան ... Շարն.

Ճատրակ.  Կարէն Գրիգորեան Տիտղոսակիր` Պարսելոնայի Մէջ

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Տիտղոսակիր` Պարսելոնայի Մէջ

July 24, 2014

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 ... Շարն.

Գերմանական Ֆութպոլ.  Մխիթարեանի Կոլը Տորթմունտը Փրկեց Պարտութենէ

Գերմանական Ֆութպոլ. Մխիթարեանի Կոլը Տորթմունտը Փրկեց Պարտութենէ

July 24, 2014

Պորուսիա Տորթմունտ, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ գերմանական Գ. դասակարգի կազմերէն Օսնապրիուքի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Մխիթարեանի ... Շարն.