Category: Մարզական
2014-ի Մոնտիալ. Որքան Գումար Ծախսած Են Ֆութպոլի Համակիրները Պրազիլի Մէջ
Իր լուրը քաղելով demorgen.be կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ 2014-ի Մոնտիալին ընթացքին Պրազիլի մէջ ցարդ ֆութպոլի համակիրներուն ծախսած գումարը կը հասնի 267 միլիոն եւրոյի (365 միլիոն ամերիկեան ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Տարիքոտ Պրազիլցին 64 Տարի Ետք Ներկայ Պիտի Ըլլայ Աւարտական Մրցումին
85 տարեկան պրազիլցի Ճետիր Փալմոնթէ 1950-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումին իր մէկ տոմսը փոխանակած է 2014-ի Մոնտիալի աւարտական 3 տոմսերուն հետ: Արդարեւ, ArmSport.am կը յայտնէ, որ Փալմոնթէ 1950-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումին ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Մայեմի Հիթի Յառաջատարները Կը Հեռանան Խումբէն
«Էյ. Փի.» եւ «Թիւնըր Սփորթց» աղբիւրներուն համաձայն, «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Մայեմի Հիթի յառաջատար մարզիկները` Տուէյն Ուէյտ եւ Քրիս Պոշ, որոշած են հեռանալ խումբէն: Անոնք կ՛ուզեն հրաժարիլ իրենց ներկայի պայմանագիրներուն ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Սպանիոյ Ախոյեանութիւն. Պարսելոնա Յաղթեց Ռէալ Մատրիտի Եւ Հանդիսացաւ Սպանիոյ Ախոյեան
Սպանիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ մրցումին, Պարսելոնա 83-81 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 3-1 արդիւնքով գերազանցելով Ռէալ Մատրիտը, հանդիսացաւ Սպանիոյ 2013-2014 տարեշրջանի ախոյեան: Պարսելոնայի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութի Աղջիկները Հանդիսացան Լիբանանի Ախոյեան
PROFOTO Երէկ յետմիջօրէին Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 3-րդ մրցումը, որուն ընթացքին Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Ռիատի Պէյրութ, որ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէր ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Այսօր` Պրազիլ – Չիլի Եւ Քոլոմպիա – Ուրուկուէյ. Վաղը` Հոլանտա – Մեքսիքա Եւ Քոսթա Ռիքա – Յունաստան
Հաուըրտ Ուեպ Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի մրցումները հասան իրենց աւարտին եւ այժմ, օրուան մը դադարէ ետք, կը սկսին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնք մինչեւ աւարտական հանգրուան տեղի պիտի ունենան ... Շարն.
Ճատրակ. Լիբանանի Դասական Ախոյեանութիւն. Ֆայսալ Խէյրալլա` Կէտի Մը Առաւելութեամբ Առաջին
10-րդ հանգրուանէն Լիբանանի ճատրակի դասական ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն, թէեւ Ֆայսալ Խէյրալլա հաւասարութիւն մը արձանագրեց Իպրահիմ Շահրուրի հետ, սակայն ան այժմ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ` կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցելով ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Ութ Խմբակներուն Վերջնական Դասաւորումը
Հինգշաբթի, 26 յունիսի ուշ ժամերուն աւարտեցան խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի Ա. հանգրուանի մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան Պրազիլի մէջ: Հոլանտա, Քոլոմպիա, Արժանթին եւ Պելճիքա հանդիսացան այն չորս խումբերը, որոնք ... Շարն.
Քարթինկ. Այսօր` 5-րդ Հանգրուանի Մրցումները
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, այսօր` շաբաթ, 28 յունիսին տեղի պիտի ունենան Լիբանանի քարթինկի ախոյեանութեան 2014 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանի մրցումները` չորս դասակարգերու մէջ: Այս մրցումները տեղի պիտի ունենան «Փիթ Սթափ»-ի ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Ս. Փեթերսպուրկի Հայերը Պիտի Աջակցին Հայրենի Մարզիկներուն
Այսօր` շաբաթ, 28 յունիսին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա) տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի մեծ փառատօն մը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները: Փառատօնին գլխաւոր իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ 3x3 պասքեթպոլի մրցաշարքը, որուն ... Շարն.
Սանտա. Լիբանանի Ախոյեանութիւն Անթունիէ Պաապտա Տիրացաւ Տիտղոսին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին, Պուտտա ակումբին մէջ (Ատմա) տեղի ունեցան Լիբանանի Սանտայի (ազատ մարտարուեստ) ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 70 մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Անթունիէ - Պաապտա, Պել ... Շարն.
Նշմար. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Կրնան 2-0 Ուշացումը 3-2 Արդիւնքով Յաղթանակի Վերածել
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Մարզական աշխարհին մէջ անկարելի բան չկայ, յուսահատիլ բառը գոյութիւն չունի, ինչպէս նաեւ ընկրկում ընդունելի չէ: Ընդհակառակն. պէտք է ըլլայ պայքարի ոգի, յաղթելու վճռականութիւն, պարտութիւնը յաղթանակի վերածելու կամք: Խօսքը ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Փորթուգալ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն. Ալճերիա Դուրս Ձգեց Ռուսիան
Թոմաս Միւլըր կը տօնէ իր նշանակած կոլը Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի Ա. հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ Է. եւ Ը. խմբակներուն մէջ կատարուեցան երկուքական մրցումներ: Է. խմբակին մէջ ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 3-րդ Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 3-րդ մրցումը` Ռիատի Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 27 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, առաջինին դաշտին` Մանարայի մէջ: ... Շարն.
ՖԻՖԱ-ն Ծանր Պատիժներ Սահմանեց Սուարեզ 9 Մրցումով Կախակայուեցաւ
Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Լիվըրփուլի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ երէկ` հինգշաբթի, 26 յունիսին, միջազգային 9 մրցումով կախակայուեցաւ ՖԻՖԱ-ին կողմէ, երբ մեղաւոր նկատուեցաւ իտալացի յետսապահ Ճիորճիօ Քիելինիի ուսը խածած ըլլալուն համար: ... Շարն.
Եուրա Մովսիսեան Ազատեցաւ Պարտադիր Զինուորական Ծառայութենէն
Tert.am հայկական լրատուական կայքը երէկ յայտնեց, որ հինգշաբթի, 26 յունիսին, Հայաստանի կառավարութիւնը իր գումարած նիստին ընթացքին որոշում տուաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանը ազատ կացուցելու պարտադիր զինուորական ծառայութենէն: ... Շարն.
Հեծելարշաւ. Դասաւորման Պատկերը` 3-րդ Հանգրուանի Մրցումներէն Ետք
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց տղոց ընդհանուր դասաւորումը` 2014-ի յայտագիրին վրայ եղող 3-րդ հանգրուանի (ճամբու) մրցումներէն ետք (ընդամէնը` 6 հանգրուան): Ստորեւ` հրապարակուած դասաւորումը. ԿԷՏ 1.- Էլիաս Ապու Ռաշիտ (Աթլեթիքօ) ... Շարն.
Զաքերոնի Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ
Ալպերթօ Զաքերոնի «Ֆութպոլ Իթալիա» կայքին համաձայն, շատ հաւանաբար Ճափոնի խումբի մարզիչ Ալպերթօ Զաքերոնի նշանակուի Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, այսպիսով յաջորդելով Չեզարէ Փրանտելլիին, որ ներկայացուց իր հրաժարականը` 2014-ի Մոնտիալին իր ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Մեսսիի Մեծ Հայրը Տպաւորուած Չէ Իր Թոռնիկին Խաղէն
Արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի մօրենական մեծ հայրը` Անթոնիօ Քուչիթինի, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է, որ ֆութպոլիստը այդքան ալ լաւ խաղ մը չցուցադրեց Նիկերիոյ դէմ տեղի ունեցած 2014-ի ... Շարն.
Նափոլիի Համակիրը Մահացաւ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Նափոլիի այն համակիրը, որուն վրայ կրակ բացուած էր, երբ անոր խումբին եւ Ա. Էս. Ռոմայի համակիրներուն միջեւ զօրաւոր բախում մը տեղի ունեցած էր նախորդ ... Շարն.

