Category: Հայկական
«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Համար Անհրաժեշտ Է Կողմերու Կամքը» Կ՛ըսէ Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահը
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նշանակուած համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է երկու ... Շարն.
Ռազմական Եւ Ուժանիւթի Խնդիրներով Ամբողջութեամբ Կախուած Ենք Ռուսաստանից, Լինել-Չլինելու Հարց Էր
Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի Tert.am լրատուական կայքէջին հետ կատարած հարցազրոյցը, որուն մէջ ան կ՛անդրադառնայ Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի որոշումին, անոր հաւանական աշխարհաքաղաքական հետեւանքներուն, պատճառներուն, ... Շարն.
Պատկան Մարմինները Ազգային Ժողով Պիտի Հրաւիրուին` Մաքսային Միութեան Մասին Պարզաբանումներ Կատարելու
Երէկ սկսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի հինգերորդ գումարումին չորրորդ նստաշրջանը: Նիստի սկիզբը Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան հարց տուաւ, թէ Մաքսային միութեան անդամակցելու որոշումին վերաբերեալ ե՞րբ Ազգային ... Շարն.
Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Մկրտութիւն` 100 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով
Վանայ Լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 8 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ տարեկան պատարագ: Վկայակոչելով թրքական Haberler.com կայքէջը` «Արմենփրես» հաղորդեց, որ պատարագը, որ տեւած է շուրջ 2 ժամ, գլխաւորած է ... Շարն.
Աղաբեկեան Չբացառեց Ճնշումները Մաքսային Միութեան Միանալու Հարցին Մէջ
Արթուր Աղաբեկեան Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան Lragir.am-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին չբացառեց, որ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի վրայ ճնշումներ գործադրուած են Մաքսային միութեան միանալու գծով: Աղաբեկեան յայտնեց, որ իր կարծիքով, ... Շարն.
Ռուստամեան. «Անկարելի Է Համատեղել Անհամատեղելին»
Արմէն Ռուստամեան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան Tert.am-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցելու հարցին ըսաւ, որ ինք 13 յունիս 2013-ին «Ռեկնումին տուած է հարցազրոյց ... Շարն.
Յուշ-Երեկոյ` Հրաչ Մուրադեանի Յիշատակին
8 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Պռօշեանի սպաննուած գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի յիշատակին նուիրուած յուշ-երեկոյ մը: Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցան տարբեր երաժիշտներ եւ երաժշտական խումբեր: Հրաչ Մուրադեանի ... Շարն.
Արժանթին. Հայ Համայնքը Բողոքեց Թուրքիոյ Վարչապետին Դէմ
Պուէնոս Այրեսի «Արմենիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 7 սեպտեմբերին, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, Արժանթինի հայ համայնքը բողոքեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ, որ Պուէնոս Այրես կը գտնուէր 2020 թուականին ... Շարն.
Ազրպէյճանցիները Անցեալ Շաբաթ Մօտ 200 Անգամ Խզեցին Զինադադարի Դրութիւնը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, 1-7 սեպտեմբեր ինկած ժամանակաշրջանին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի դրութիւնը խախտուած է մօտ 200 անգամ: Տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ... Շարն.
Լինքեւիչուս. «Մաքսային Միութիւնն Ու Եւրոպական Միութեան Ազատ Առեւտուրի Գօտին Անհամատեղելի Են»
7 սեպտեմբերին Վիլնիուս աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան նախագահող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքեւիչուսի հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան ... Շարն.
Եւրոպական Միութիւնը «Կը Դժուարանայ Պատկերացնել» Ընկերակցութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հայաստանի Հետ
Փիթըր Սթանոն Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի բանբեր Փիթըր Սթանոն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւանական չի նկատեր Հայաստանի հետ նախաստորագրել ... Շարն.
Քայլեր` Արցախի Մէջ Գործարարական Միջավայրի Հաւասարաչափ Ձեւաւորման Եւ Զարգացման Համար
Արթուր Աղաբեկեան Ի կատարումն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի 26 օգոստոսի հրամանագիրէն բխող յանձնարարականին, 6 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան շահագրգիռ մարմիններու պատասխանատու աշխատակիցներուն մասնակցութեամբ հրաւիրած է խորհրդակցութեան մը, ... Շարն.
«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Հիմնադրամը Սուրիահայերուն Համար Շէնքեր Կը Կառուցէ Հայաստանի Մէջ
«Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամը կը շարունակէ իր օգնութիւնը ցուցաբերել սուրիահայերուն` այս անգամ փորձելով պետական աջակցութեամբ` հայրենիք վերադարձած սուրիահայերը ապահովել բնակարաններով: Tert.am-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու ... Շարն.
Խորհրդակցութիւններ` Լեռնային Ղարաբաղի Բանակի Սպայակոյտին Մակարդակով
Լեռնային Ղարաբաղի բանակի սպայակոյտի կեդրոնի նիստերու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծառայողական խորհրդակցութիւն, զոր վարեց Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան: Խորհրդակցութեան ժամանակ, որուն մասնակցեցան բանակի հրամանատարին տեղակալները, սպայակոյտի բաժիններու ... Շարն.
Ըստ Նախագահ Սարգսեանի. Մաքսային Միութեան Հետ Կապուած Շուրջ 50 Փաստաթուղթեր Պիտի Ներկայացուին Ազգային Ժողովին
Հանդիպումէն պահ մը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան աւելի քան 300 աշխատակիցներուն հետ եւ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու շարունակականութեան ռազմավարութեան, Հայաստանի` Մաքսային միութեան միանալու ... Շարն.
«Որպէսզի Նման Որոշումներ Չտրուին, Պէտք Է Ունենանք Ժողովուրդին Կողմէ Ընտրուած Իշխանութիւններ» Ըսաւ Կիրօ Մանոյեան
Կիրօ Մանոյեան ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Նոյեան տապան» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի որոշումը ... Շարն.
Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Նախագահը Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Հայաստան Նոյեմբերին Ստորագրէ Ընկերակցութեան Մասին Համաձայնագիրը
Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Հերման վան Ռոմփոյ յոյսով է, որ Հայաստանը, Մոլոտաւիան, հաւանաբար նաեւ Ուքրանիան նոյեմբերին Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան ղեկավարներու վեհաժողովին ընթացքին ստորագրեն Եւրոպական ... Շարն.
Խորհրդակցութիւնները Եռանդուն Կերպով Պիտի Շարունակուին Հայաստանի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ
Ֆիւլէ եւ Նալբանդեան 5 սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական յանձնաժողովի ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի հետ: Զրուցակիցները ... Շարն.
ՀՅԴ-ն Արտագաղթի Կասեցման Ծրագիր Մշակած Է. «Մենք Ապրելու Ենք Մեր Երկրում»
Արծուիկ Մինասեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան յանձնախումբը մշակած է արտագաղթի կասեցման ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում»: Ծրագիրը ունի 11 յստակ ուղղութիւններ եւ կը ներառէ շուրջ 95 ... Շարն.
Յովհաննէսեան. «Սարգսեան Պէտք Է Լքէ Իր Գրաւած Աթոռը»
Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան տարածեց յայտարարութիւն մը` Հայաստանի` Մաքսային միութիւն մտնելու վերաբերեալ, որուն մէջ նշեց, որ «կառավարիչի կարգավիճակը ինքնակոչ ստանձնած Սերժ Սարգսեան պէտք է հեռանայ»: «Հակապետական յայտնի արձանագրութիւններէն, կազմակերպուած ... Շարն.

