Category: Հայկական
Նախագահ Սարգսեան Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Ներկայացուց Ռուսիա Կատարած Իր Այցելութեան Մանրամասնութիւնները
Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան ապահովման հայեցակարգի եւ Հայաստանի փոխադրամիջոցներու անվտանգութեան ապահովման ազգային ռազմավարութեան ... Շարն.
Եւրոպական Յանձնաժողով. «ԱՊՀ-ն Եւ Եւրոպական Միութեան Ազատ Առեւտուրի Գօտին Համատեղելի Են»
Եւրոպական յանձնաժողովը իր պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր, հաշուի առնելով Հայաստանի տուած որոշումը, համատեղելի որակած է Եւրոպական Միութեան հետ ազատ առեւտուրի գօտիին մէջ ներգրաւուիլն ու ԱՊՀ-ի շրջանակներուն ... Շարն.
Բողոք` Մաքսային Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Դէմ
Երէկ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստը: Ոստիկանական խիստ հսկողութիւն սահմանուած էր շէնքին շուրջ: Մելիք-Ադամեան-Տիգրան Մեծ խաչմերուկը փակ էր եւ ոստիկանները ոեւէ քաղաքացիի ... Շարն.
Ըստ Միացեալ Նահանգներուն. Երկիրները Իրաւունք Ունին Ընտրելու Սեփական Ճամբան
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնեայ մը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի Ուաշինկթընի թղթակից Ռիչըրտ Սոլաշին յայտնեց, որ բոլոր երկիրները իրաւունք ունին ընտրելու տնտեսական համարկման եւ զարգացման սեփական ճամբան` իրենց ազգային շահերուն ... Շարն.
ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութեան Ցոյցը Չկայացաւ
ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան երէկ նախատեսուած բողոքի ցոյցը տեղի չունեցաւ: Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան News.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ցոյցը յետաձգուած է անորոշ ժամանակով, ... Շարն.
Վերջին Հրաժեշտ` Լեւոն Անանեանին
Երեւանէն, Հայաստանի մարզերէն եւ սփիւռքէն գրողներ ու մտաւորականներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ երէկ հաւաքուած էին Հայաստանի գրողներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ` վերջին հրաժեշտը տալու Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն ... Շարն.
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն
Հայաստանի մաքսային միութեանը միանալու որոշման մասին Մոսկուայում յայտարարուածը որքան շրջադարձային, նոյնքան էլ Հայաստանի ապագայի համար հսկայական պատասխանատուութիւն թելադրող որոշում էր: Կարելի էր ենթադրել, որ ինչ-որ հանգրուանում, ելնելով առկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակից ... Շարն.
ՀՅԴ Ուսանողները Բողոքի Երթ Կը Կազմակերպեն Դէպի Նախագահական Նստավայր
ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը, պաշտպանելու համար ուսանողներուն իրաւունքները եւ շահերը, նոր շարժում մը կը կազմակերպէ: Այդ առիթով մամուլին մէջ տարածուած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ ՀՅԴ Նիկոլ ... Շարն.
Ս. Էջմիածինի Մէջ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց Լիբանանի Դեսպանը
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան Մաքարոնը: Հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետը իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց դեսպանին` վստահութիւն յայտնելով, որ վերջինս ... Շարն.
Մաքսային Միութեան Անդամակցութեան Հարցով. «Փոքր Հայաստանը Շանթաժի Ենթարկեցին» Ըսաւ Էլմար Պրոք
Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, արտաքին գործոց խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Էլմար Պրոք երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիա շանթաժի ենթարկած է Հայաստանը` ստիպելով զայն անդամագրուիլ Մաքսային միութեան: «Հայաստան չի կրնար անդամակցիլ Մաքսային միութեան եւ ... Շարն.
Նալբանդեանի Յայտարարութիւնը` Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ուխտի 60-ամեակին Առիթով
Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կատարեց յայտարարութիւն մը Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ուխտի ուժի մէջ մտնելու 60-ամեակի առիթով: Նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ 60 տարի առաջ, ... Շարն.
Սահմանադրական Բարեփոխումներու Յանձնախումբը Ստեղծուեցաւ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրամանագիր մը ստորագրեց նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբ ստեղծելու մասին` «մեկնելով իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի գործադրութեան, մարդկային հիմնական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու երաշխաւորման սահմանադրական կառուցակարգերը կատարելագործելու, ... Շարն.
Մոսկուայի Մէջ Երկկողմանի Բանակցութիւններէ Ետք. Հայաստան Յայտարարեց Մաքսային Միութեան Անդամակցելու Իր Որոշումին Մասին
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, ամփոփելով երէկ Ռուսիոյ նախագահին Նովօ Օկարիովոյի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները, յայտարարեցին, որ մտադիր են երկու երկիրներու համագործակցութիւնը նոր մակարդակի ... Շարն.
«Այո, Ես Ստացել Եմ Հայաստանին Արտասահմանում Ներկայացնելու Առաջարկ». Վահան Յովհաննիսեան
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի հարցազրոյցը` yerkir.am-ին հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարոն Յովհաննիսեան, վերջին օրերին մամուլը ողողուած է ձեր դեսպան նշանակուելու լուրերով: Նշւում է նոյնիսկ երկիրը` Գերմանիան: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ինչպէս ... Շարն.
Երեւանի Քաղաքապետը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Հանդիպումէն պահ մը Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտնեց, որ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները իրենց միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկած են Երեւանի մէջ սկաուտական ... Շարն.
Արցախի Անկախութեան 22-ամեակին Նուիրուած Հանրահաւաքին Ընթացքին. «Այսօրուան Մեր Գերխնդիրը Ազգային Նպատակներու Շուրջ Համախմբուիլն Է» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան
ՀՅԴ-ի համար աւանդութիւն դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան օրը նշել Ազատութեան հրապարակին վրայ: Երէկ եւս, Արցախի անկախութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 22-ամեակին առիթով ՀՅԴ-ն հրաւիրած էր տօնական հանրահաւաք-տօնախմբութեան: ՀՅԴ ... Շարն.
Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցան Հանրապետութեան Հռչակման 22-ամեակին Նուիրուած Տօնական Ձեռնարկներ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ մասնակցեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 22-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն: Նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղիկներ ... Շարն.
«Տիգրանակերտը Որքան Որ Քիւրտերու, Այդքան Ալ Հայերու Քաղաքն Է» Կ՛ըսէ Պայտեմիր
Թրքական ԻԼՔԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ հայերն ու ասորիները Տիգրանակերտի Վիեննա ժամանած քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի ի պատիւ կազմակերպած են ճաշկերոյթ մը, որուն ժամանակ քիւրտ քաղաքապետը յիշեցուցած է, որ ... Շարն.
Իվանիշվիլի Խօսած Է Հայաստանի Հետ Համագործակցութեան Զարգացման Կարեւորութեան Մասին
Պիծինա Իվանիշվիլի Վրացական «Ափսնի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի արտերկրի մէջ հաւատարմագրուած վրացի դիւանագէտներու հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած է, որ Վրաստան պէտք է իր դրացիներուն համար փոխշահաւէտ ... Շարն.
Բողոքի Ցոյց` Հրաչ Մուրադեանի Սպանութիւնը Բացայայտելու Պահանջով
News.am-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Նալբանդեան փողոցին մէջ գտնուող Հայաստանի ոստիկանութեան շէնքին մօտ երէկ հաւաքուեցան հարիւրաւոր քաղաքացիներ, որոնք պահանջեցին Պռօշեանի սպաննուած գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի գործով արդար դատաքննութիւն իրականացնել: Պռօշեանի գիւղապետի նախկին ... Շարն.

