Category: Հայկական
Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 20-ամեակի Նշում` Եռաբլուրի Մէջ
Լուսանկարը` ԱՐՄԷՆ ՄՈՒՇԵՂԵԱՆի 27 օգոստոսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ, լիբանանահայ Մհեր Ջուլհաճեանի ընկերներն ու հարազատները Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին 23 օգոստոս 1993-ին Մարտունիի շրջանին ... Շարն.
Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Նախագահի Այցելութիւնը Ռումանիա
Կարապետեան եւ Տաթեւ եպս. Մուրատեան 18-20 օգոստոս 2013-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ` Գասպար Կարապետեան այցելեց Ռումանիա, ուր ներկայ գտնուեցաւ Սուչավա քաղաքը գտնուող Հաճիկատար վանքի ուխտագնացութեան: Հաճիկատար վանքը ... Շարն.
Արցախ Այցելած Ռուս Լրագրողները Պիտի Լրացնեն Ազրպէյճանական «Սեւ Ցուցակ»-ը
Հայաստան ժամանած խումբ մը ռուս լրագրողներ եւ հասարակական գործիչներ այս օրերուն այցելեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ հանդիպում ունեցան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Մոսկուայի հայ-ռուսական համագործակցութեան կազմակերպութեան պատուիրակութեան կազմին մէջ ... Շարն.
Հանրապետական Կուսակցութիւնը Քննարկումներ Կը Կատարէ Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Շուրջ
Դաւիթ Յարութիւնեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի անդամ Դաւիթ Յարութիւնեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները քննարկումներու սկսան երկրի սահմանադրութեան փոփոխութեան ... Շարն.
Նախաձեռնութեամբ Մոսկուայի Հայ Դատի Գրասենեակին. Ռուս Լրագրողներու Եւ Գործիչներու Հանդիպումը` Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ
26 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունեց Ստեփանակերտ ժամանած խումբ մը ռուս լրագրողներ եւ հասարակական գործիչներ: Արցախի արտաքին գործոց նախարարը ողջունեց պատուիրակութեան անդամները եւ ընդգծեց այսպիսի ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց «Փիւնիկ» Հիմնադրամի Հոգաբարձութեան Խորհուրդի Անդամները
Երէկ կէսօրին նախագահական իր նստավայրին մէջ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները: Հանդիպումին ընթացքին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ հիմնադրամի իրագործած ... Շարն.
Արցախ. Նախագահ Սահակեան Գլխաւորեց Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հրաւիրեց Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որուն օրակարգին վրայ կը գտնուէին բանակի մարտական պատրաստակամութեան եւ մարտական հերթապահութեան վիճակին ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 22-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ... Շարն.
Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ֆարաճովին
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները նախորդ շաբաթ Հայաստանի մէջ այցելեցին ազրպէյճանցի գերի Ֆիրուզ Ֆարաճովին: Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցչութիւնը ԱՓԱ լրատու գործակալութեան փոխանցեց, որ 23 օգոստոսին տեղի ունեցած ... Շարն.
Ապիեւ Հայաստանին Կը Սպառնայ
«Հակառակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու փորձերուն` Հայաստանի նախայարձակումը կը շարունակուի, եւ դժբախտաբար յստակ արդիւնքներ չկան», երէկ յայտարարեց Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ: Պաքուի մէջ Ճափոնի ... Շարն.
«Արցախի Վերաբնակեցման Հոլովոյթը Ամէնէն Կարեւոր Խնդիրներէն Է» Կ՛ըսէ Արթուր Աղաբեկեան
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան կոչ ուղղեց ներդրումներ կատարելու Արաքսի հովիտին մէջ, մասնաւորապէս զբաղելով հացահատիկային մշակաբոյսերու աճեցուով եւ այգեգործութեամբ: «Կառավարութիւնը լուրջ ներդրումներ կը կատարէ, որ Արաքսի հովիտին մէջ համատարած ... Շարն.
Հայերը Կը Շարունակեն Թրքական Լրատուամիջոցներուն Մէջ Ատելութեան Արտայայտութեանց Գլխաւոր Թիրախը Մնալ
«Հրանդ Տինք» հիմնարկը անցեալ հինգշաբթի օր հրապարակած է «Լրատուամիջոցներու մէջ ատելութեան արտայայտութեան» մասին իր տարեկան զեկուցումը, որ ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիոյ լրատուամիջոցներուն ամէնէն յաճախակի երեւոյթը ատելութեան արտայայտութիւններն են եւ ... Շարն.
«Իշխանութիւնները Երկիրը Կը Տանին Արտակարգ Իրավիճակի, Պայթումի» Կ՛ընդգծէ Արմէն Ռուստամեան
Արմէն Ռուստամեան «Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ընկերային-տնտեսական եւ ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնները երկիրը կը տանին արտակարգ իրավիճակի պայթումի», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ... Շարն.
Հրաչ Մուրադեանի 50-ամեակի Նշում` Անոր Սպանութեան Ճշմարտութեան Բացայայտման Պահանջով
Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Կոտայքի մարզի Պռօշեան գիւղին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սպաննուած գիւղապետ, «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր հերոս Հրաչ Մուրադեանի ծննդեան 50-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ: «Հրաչ Մուրադեան-արդարութեան պահանջ» հասարակական ... Շարն.
Հայաստան Նշեց Անկախութեան Հռչակագիրի Ընդունման 23-ամեակը
Երէկ Հայաստան նշեց Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 23-ամեակը: 23 տարի առաջ` 23 օգոստոս 1990-ին Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը ընդւոնեց Անկախութեան հռչակագիրը, որով հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախ պետականութեան հաստատման հոլովոյթին սկիզբը: Շարն.
Յովհաննէսեան. «Իշխանափոխութիւնը Իրականութիւն Պիտի Դառնայ Այս Տարի»
Րաֆֆի Յովհաննէսեան Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ հրաւիրած հանրահաւաքին ընթացքին կոչ ուղղեց ոչ իշխանական ուժերուն եւ քաղաքացիական նախաձեռնութիւններուն յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին համախմբուելու` կերտելու համար ... Շարն.
Նախիջեւանի Հետ Սահմանին Վրայ. Հայ Զինուոր Մը Սպաննուած Է, Ուրիշ Մը` Վիրաւորուած
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հաղորդեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան սահմանին, նախնական տուեալներով հակառակորդի կրակէն հայկական բանակի զինուոր մը մահացած ... Շարն.
Արցախի Մէջ. Աշխատանքային Խորհրդակցութիւն` Մարտունիի Մէջ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 22 օգոստոսին այցելեց Մարտունիի կեդրոն եւ կատարեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն` նուիրուած շրջանին մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն: Իր ... Շարն.
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Գերեվարուած Զինուորին Հարցով Դիմեց Փաշազատէին Եւ Քիրիլ Ա.-ին
Վերջերս Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գերեվարուած Հայաստանի քաղաքացի, շարքային զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանի խնդիրով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը դիմած է Ազրպէյճանի հոգեւոր պետ, Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր ... Շարն.
Սուրիահայեր Արցախ Բնակեցնելու Հարցով`. Պաքու Կը Դիմէ ՄԱԿ-ին
Ափա լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով չորեքշաբթի, 21 օգոստոսին պաշտօնական նամակով մը դիմած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին` խնդրելով, որ ան կտրուկ ... Շարն.
Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Հիւսիսարեւելեան Սահմանագօտի
Սահմանային դիրքերուն մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 20-21 օգոստոս հերթական այցելութիւնը կատարեց հիւսիսարեւելեան սահմանագօտի: Նախարարին ուղեկցեցան Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալբանդեան եւ Տաւուշի մարզպետ Արմէն Ղուլարեան: Օհանեան այցելեց բանակային զօրամիաւորման ... Շարն.

