Category: Հայկական
«Եթէ Մահացածները Կրնան Քուէարկել, Ինչո՞ւ Թոշակ Չստանան» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիեան
«Եթէ մահացածները կրնան քուէարկել, ինչու՞ թոշակ չստանան: Եթէ այդ մարդոց կարելի է օգտագործել, որ դուք մնաք իշխանութեան գլուխը, ինչո՞ւ կարելի չէ անոնց օգտագործել այլ ուղղութեամբ: Այդ պարագային ի՞նչ ըրած է ... Շարն.
«Ազրպէյճան Յոյս Ունի, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Բանակցային Փուլին Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Լճացումը Պիտի Յաղթահարուի» Կ՛ըսէ Մամետեարով
Լաւրով եւ Մամետեարով «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Մոսկուայի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած է նաեւ ... Շարն.
«Յուլիսէն Սկսեալ Նուազագոյն Աշխատավարձը 45 Հազար Դրամ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան
Այս տարուան 1 յուլիսէն Հայաստանի կառավարութիւնը նուազագոյն աշխատավարձը պիտի բարձրացնէ մինչեւ 45 հազար դրամ: Այս մասին երէկ Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: «Նուազագոյն աշխատավարձն այսօր 35 հազար ... Շարն.
«Թանկացումները Ընկերային Ըմբոստութեան Իրական Հիմքերն Են» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» հաղորդման շրջագիծին մէջ նշեց, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ արձանագրուող թանկացումներուն հիմնական պատճառը անվստահութիւնն է ապագային նկատմամբ, ... Շարն.
Արցախեան Պայքարի Զոհերու Յուշարձանի Բացում` Պատարայի Մէջ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեց Ասկերանի Պատարա գիւղը եւ այնտեղ մասնակցեցաւ արցախեան պայքարին ընթացքին զոհուած պատարացիներու յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Իր խօսքին մէջ նախագահը կարեւոր նկատեց հայրենիքի ազատութեան ... Շարն.
Հոլանտայի Մէջ. ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու Շրջանային Խորհրդաժողով
ՀՅԴ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու շրջանային խորհրդաժողովը 17 մայիսին իր աշխատանքներուն սկսաւ Հոլանտայի Ալկմաար քաղաքին մէջ: Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին 42 երիտասարդներ Եւրոպայի 8 երկիրներէ` Պուլկարիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Գերմանիա, Աւստրիա, Յունաստան, Շուէտ ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Հայերն Ու Յոյները Դիմած Են Սպիտակ Տան` Ընդդէմ Թուրքիոյ
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու հայ եւ յոյն համայնքները միասնական յայտարարութեամբ դիմած են Սպիտակ տան, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ Անգարայի հետ առեւտրական յարաբերութիւններուն մէջ նախապայմաններ առաջադրեն: Թուրքիոյ ... Շարն.
Արցախ. Նախագահ Սահակեան Մասնակցեցաւ Բերձորի Զատագրութեան 21-ամեակին Տօնակատարութեան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 մայիսին մասնակցեցաւ Բերձոր քաղաքի ազատագրման 21-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն: Նախագահ Սահակեան ծաղկեպսակ դրաւ Արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ եւ պետական ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Ստանձնեց Նոր Զելանտայի Դեսպանին Հաւատարմագիրները
17 մայիսին Հայաստանի մէջ Նոր Զելանտայի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հեմիշ Քուպեր իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց Հայաստանի մէջ նոր Զելանտայի առաջին դեսպանին ... Շարն.
Եռագոյնը Բարձրացաւ Սթրասպուրկի Քաղաքապետարանին Առջեւ
Ի նշանաւորումն Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան, 16 մայիսին Սթրասպուրկի քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի դրօշակի բարձրացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Սթրասպուրկի քաղաքապետ Ռոնալտ Ռիես, Անտորրայի արտաքին գործոց նախարար, ... Շարն.
Ալիեւ Լեռնային Ղարաբաղի «Հայկական Բռնագրաւում»-ին Վերջ Տալու Համար Միջազգային Ընտանիքին Օժանդակութիւնը Կը Խնդրէ
Իլհամ Ալիեւ Թրքական «Ուըրլտ Պուլեթին» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լեռնային Ղարաբաղի «հայկական բռնագրաւում»-ին վերջ տալու համար միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնը խնդրած է: Ան Վիեննայի մէջ Աւստրիոյ նախագահ ... Շարն.
Պոլսահայերը Կը Պահանջեն Դասագիրքերէն Հանել Հայերու Դէմ Թշնամութիւն Սերմանող Նիւթերը
Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծման աջակցութեան համար կառավարութեան կողմէ ստեղծուած «Իմաստուններու յանձնախումբ»-ի անդամներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին պոլսահայերը պահանջած են պատմութեան դասագիրքերէն հանել հայերը, ... Շարն.
Թուրքիոյ Մէջ Պատմութեան Դասագիրքերը Դարձեալ Պիտի Գրուին
Նապի Աւճը «Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական մամուլը չորեքշաբթի օր հաղորդած է այն լուրը, թէ Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Նապի Աւճը երեքշաբթի օր Մարմարա համալսարանին մէջ կազմակերպուած թրքերէնի եւ թրքական ... Շարն.
Քրաքովի Մէջ. Նալբանդեան Եւ Մամետեարով Իրարու Հանդիպեցան
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները յայտարարութիւն տարածեցին երէկ Քրաքովի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ իրենց ունեցած հանդիպման մասին: ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան համաձայն, «եռանախագահները եւ արտաքին ... Շարն.
Հայոց Ցեղասպանութեան Առնչուող Նոր Բանաձեւ Ներկայացուած Է Քոնկրեսին
Մայքըլ Կրիմ, Էտըմ Շիֆ,Տէյվիտ Վալատաօ,Ֆրենք Փալոն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի խումբ մը օրէնսդիրներ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող օրինագիծ մը ներկայացուցած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին: «Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ... Շարն.
Հայաստանի Քաղաքացիական Օդանաւորդութիւնը Կը Քննարկէ Երեւան-Պէյրութ-Երեւան Թռիչքները Վերսկսելու Հարցը
Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր վարչութեան մամլոյ քարտուղար Նելլի Չերչինեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը կը քննարկէ Երեւան-Պէյրութ-Երեւան թռիչքները վերսկսելու հարցը: Չերչինեան նշեց, որ այժմ այդ ուղղութեամբ քննարկումներ ... Շարն.
Հայաստան Ստանձնեց Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէի Նախագահութիւնը
16 մայիսին Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն 123-րդ նիստը, որուն կը մասնակցէին Եւրոպական խորհուրդի 47 անդամ երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները: Նիստին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց ... Շարն.
«Ինչքան Շատ Այս Իշխանութիւնները Փոխուին, Այնքան Շուտ Իրավիճակի Փոփոխութեան Մասին Կարելի Է Խօսիլ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ Հայաստանի կառավարութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցած կազի թանկացման դէմ բողոքի ցոյցին ընթացքին «Երկիր»-ին յայտնեց, որ կազի թանկացումը նախ ցոյց կու տայ Հայաստանի ... Շարն.
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կառուցած Նոր Կիլիկիա Գիւղին Բացումը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Արցախի պետութեան հետ համագործակցաբար նախաձեռնած էր Նոր Կիլիկիա գիւղի շինութեան` Մարտակերտի շրջանին մէջ: Առաջին հանգրուանով իրագործուեցաւ գոյութիւն ունեցող միջնակարգ վարժարանի ամբողջական վերանորոգութիւնը: Ապա կատարուեցաւ գիւղի քարտիսագրութիւնը, ... Շարն.
Հայաստան Հասաւ «Եւրատեսիլ»-ի Աւարտական
Երէկ երեկոյեան շուէտական Մալմիօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրատեսիլ-2013»-ի երկրորդ կիսաւարտականը: Այս տարի սոյն երգի մրցումին Հայաստանը ներկայացնող «Տորիանզ» ռոք խումբը կատարեց «Լոնլի փլանեթ» երգը եւ մրցումի երկրորդ կիսաւարտականին մասնակցող ... Շարն.

