Category: Հայկական
Ազրպէյճանական Գերութենէն Ազատած Ծերունի Մամիկոն Խոջոյեան Մահացաւ
Երեքշաբթի, 21 մայիսին մահացաւ ազրպէյճանական գերութենէն ազատած 77-ամեայ Մամիկոն Խոջոյեան: «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Վերին Կարմիրաղբիւրի գիւղապետ Կամօ Չոպանեան նշեց, որ Խոջոյեան արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր ինքզինք անհանգիստ ... Շարն.
Խորհրդարանը Մերժեց Համամասնական Դրութեան Անցնելու Մասին Դաշնակցութեան Ներկայացուցած Օրինագիծը
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովը ձայներու 53 թեր, 66 դէմ եւ 3 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ մերժեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանի, Աղուան Վարդանեանի, Արծուիկ Մինասեանի եւ Արմէն Բաբայեանի ներկայացուցած օրինագիծը ... Շարն.
Ըստ Թրայան Հրիսթիայի. Ղարաբաղեան Տագնապը Պէտք Է Լուծուի Մինսքի Խմբակի Ծիրին Մէջ
Թրայան Հրիսթիա «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայան Հրիսթիան Երեւանի մէջ ընթացող Եւրոպական Միութեան ընդլայնման 10-րդ տարեդարձին նուիրուած հանրային քննարկումին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, ... Շարն.
Ֆիւլէ. «Եւրոպական Միութեան Համար Արցախեան Հարցը Կը Մնայ Առաջնահերթ Հարց»
Շթեֆան Ֆիւլէ «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ «Տը Պիզնըս Եիր» կայքը 15 մայիսին հրապարակած է հարցազրոյց մը, որուն մէջ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման պատասխանատու յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապին ... Շարն.
«Հայկական Ողբերգութիւնը Մեր Աշխարհագրութեան Օրկանական Հաւասարակշռութիւնը Խախտեց» Կ՛ըսէ Պայտեմիր
Օսման Պայտեմիր «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի նախկին քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր, որ կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներ, Նիւ Ճըրզիի մէջ հանդիպում ունեցած է Տիգրանակերտցի հայերու հետ: Անոր ընկերակցած են քիւրտ գործիչներ: Նիւ ... Շարն.
Մանոյեան. «Ազրպէյճանի Ապակառուցողական Կեցուածքին Մէջ Մեղքի Իրենց Բաժինը Ունին Համանախագահները»
Կիրօ Մանոյեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը յայտարարութիւն մը կատարեց, Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը ներկայացուց, եւ անոր միջոցով Միացեալ Նահանգներ ուզեցին ցոյց տալ, որ շրջանին մէջ տակաւին աշխոյժ են եւ պատրաստ ... Շարն.
Ղարաբաղ – Ազրպէյճան Շփման Գիծին Վրայ Հայ Զինուոր Մը Նահատակուեցաւ
Երեքշաբթի օր, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ հակառակորդի կողմէ արձակուած փամփուշտէն մահացու հրազէնային վէրք ստացաւ քսանամեայ զինուոր Արթուր ... Շարն.
ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէն Կը Պահանջէ Բեկանել Միկոյեանի Արձանը Տեղադրելու Որոշումը
ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն մայրաքաղաքի աւագանիէն պահանջեց բեկանել Անաստաս Միկոյեանի արձանը տեղադրելու որոշումը եւ հետագային ձեռնպահ մնալ առանց հանրութիւնը մասնակից դարձնելու մայրաքաղաքի համար կարեւոր որոշումներ առնելու գործելակերպէն: «30 ապրիլին Երեւանի ... Շարն.
Յովիկ Աբրահամեան Ազգային Ժողովին Ներկայացուց Կառավարութեան Ծրագիրը
Երէկ խորհրդարանին մէջ ներկայացնելով կառավարութեան ծրագիրը` վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան քանի մը անգամ շեշտեց, որ անիկա իրատեսական է, խստապահանջ եւ ականջալուր: «Իրատեսական, սակայն` յաւակնոտ, խստապահանջ, սակայն` ոչ անտարբեր, եւ ականջալուր, սակայն ... Շարն.
Մինսքի Խմբակ. «Զինադադարի Խախտումները Քննելու Մեքանիզմի Բացակայութիւնը Կողմերուն Թոյլ Կու Տայ Մեղքը Բարդելու Իրարու Վրայ»
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 16-19 մայիսին շրջան այցելութեան աւարտին հրապարակած են յայտարարութիւն մը: Այցելութեան ընթացքին անոնց հետ եղած է նաեւ դեսպան Փիեռ Անտիօ, որ յունիսին պիտի փոխարինէ ֆրանսացի համանախագահը: Յայտարարութեան ... Շարն.
Ռուստամեան. «Քանի Տակաւին Չենք Հրաժարած Մեծամասնական Ընտրակարգէն, Չենք Կրնար Խօսիլ Հաւասար Մրցակցային Պայքարի Մասին»
Խորհրդարանին մէջ երէկ քննարկուեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանի, Աղուան Վարդանեանի, Արծուիկ Մինասեանի եւ Արմէն Բաբայեանի կողմէ ներկայացուած` Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքին, Ազգային Ժողովի կանոնակարգ օրէնքին եւ «Սահմանադրական դատարանի ... Շարն.
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. Ճանաչումէն Պահանջատիրութիւն» Խորագիրով Լրագրողներու 7-րդ Համահայկական Համաժողովի Համակարգող Մարմինի Նիստ` Երեւանի Մէջ
Երէկ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ. Ճանաչումէն պահանջատիրութիւն» խորագիրով Լրագրողներու 7-րդ համահայկական համաժողովի համակարգող մարմինի նիստը, որ կը վարէր «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովներու համակարգող մարմինի նախագահ ... Շարն.
«Դրական Քայլ Պիտի Ըլլար, Եթէ Կողմերը Միասին Կառավարէին Ջրային Պաշարները» Կ՛ըսէ Ուորլիք
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Սարսանգի ջրամբարին: Ամերիկացի համանախագահը իր էջին վրայ տեղադրած ... Շարն.
«Ղարաբաղին Յարակից Եօթը Շրջաններու Ազատագրումը Անառարկելի Պայման Է» Կ՛ըսէ Ռիչըրտ Մոռնինկսթար
Ռիչըրտ Մոռնինկսթար Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար 7 մայիսէն ի վեր արդէն երրորդ բարձրաստիճան ամերիկացի դիւանագէտն է, որ կը յայտարարէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շուտափոյթ լուծման անհրաժեշտութեան մասին: ԵԱՀԿ-ի ... Շարն.
Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Բերձորի Ցոյցէն Անակնկալի Եկած Են
Կիրակի, 18 մայիսին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ համանախագահը լրագրողներուն յայտնած է, որ շրջան կատարած իրենց այցելութեան մասին հրապարակում ... Շարն.
Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցութիւններու Ընթացքը Խոչընդոտելու Համար Ազրպէյճանի Պատասխանատուութեան Մասին Յայտարարութիւն
Արմէն Ռուստամեան Երէկ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը նիստ մը գումարեց Ազգային ժողովի հինգերորդ գումարման հինգերորդ նստաշրջանի օրակարգի նախագիծին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինեալ պայքարի վերածելու, էութիւնը նենգափոխելու եւ խաղաղ ... Շարն.
Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Իր Նոր Ծրագիրին
Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ տեղի ունեցած արտակարգ նիստին ընթացքին հաւանութիւն տուաւ իր նոր ծրագիրին, որ սահմանուած կարգով պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովին: Նիստին քննարկուած միակ հարցի վերաբերեալ զեկուցում ներկայացուց փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման ... Շարն.
«Թուրքիոյ Արխիւները Բաց Չեն» Կ՛ըսեն Աքչամ Եւ Աքթար
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ ցաւակցական հաղորդագրութեան» մէջ ըսած էր. «Մեր արխիւները բաց են բոլոր հետազօտողներուն համար: Այսօր մեր արխիւներուն մէջ գտնուող հարիւր հազարաւոր փաստաթուղթեր կրնան օգտագործուիլ ... Շարն.
Ըստ Արամ Համբարեանի. Ալիեւի Ճամբուն Դիմաց Կանգնած Են Իսկական Հերոսները` Սահմանապահ Տղաները
Արամ Համբարեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատու Արամ Համբարեան Ազրպէյճանի աճող սպառնալիքներուն վերաբերեալ բաց նամակ մը յղեց: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ասպարէզ»: «Աշխարհին մէջ մեր հիմնական թշնամիները հայերն են»: Ասոնք ... Շարն.
Քեսապի Հայաթափումը – Ահազանգի Ղօղանջներ. Լաւագոյն Պաշտպանողականը Կը Մնայ, Տակաւին, Յարձակողականը – 2
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Որքան ժամանակը կ՛անցնի, այնքան կը կնճռոտի եւ կը դժուարանայ լուծումը Քեսապի հայաթափումը կասեցնելու, աւելի՛ն, Քեսապի հայութիւնը իր հայրենի օճախին վերադարձնելու օրակարգին: Երբ ամբողջ Սուրիան եւ աւելի լայն ընդգրկումով ... Շարն.

