Category: Լիբանանեան
Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վրէժ Սապունճեանը
Նախագահ Սլէյման եւ Սապունճեան Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան ճարտարարուեստի մարզի բարգաւաճման նպաստող խորհրդակցութեանց ծիրին մէջ երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկրի վերջին իրադարձութիւններն ու ... Շարն.
Կառավարութեան Կազմութիւնը Շաբաթով Մը Եւս Կը Յետաձգուի
Կառավարութեան կազմութեան գծով քուլիսային թէ հրապարակային հանդիպումներն ու քննարկումները երէկ կրկին առանցքը կազմեցին կողմերու խորհրդակցութեանց: Այս ծիրին մէջ «Ժումհուրիա» օրաթերթը յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ երկուշաբթի օրուան իրենց ... Շարն.
Զօրակցութիւն Յայտնելով Թամմամ Սալամի Ճիգերուն`. Տնտեսական Խորհուրդներու Պատուիրակութիւնը Ձեռնարկեց Զանազան Հանդիպումներու` Երկրին Ղեկավարներուն Հետ
Նաեւ` Պըրրիի հետ Սալամի հետ հանդիպման պահուն... Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Ատնան Քասսարի, երէկ անջատ այցելութիւններ տուաւ երկրի ղեկավարներուն` թափ տալու համար ... Շարն.
«Եուրօ Նիուզ»-ի Հետ Հարցազրոյցի Ընթացքին. «Լիբանան Իր Դռները Չէ Փակած Սուրիացի Գաղթականներուն Դէմ» Ընդգծեց Նեժիպ Միքաթի
Նեժիպ Միքաթի Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան իր դռները չէ փակած սուրիացի գաղթականներուն դէմ, սակայն լիբանանեան պետութիւնը վերապահ է եւ քննութեան կ՛ենթարկէ Լիբանան ապաստանիլ փափաքող սուրիացիներու փաստաթուղթերը` ստուգելու ... Շարն.
Վերահաստատելով Իր Երկրին Զօրակցութիւնը Լիբանանի Նկատմամբ. Ֆրանսացի Նախարար Հելեն Մուրէ Բարձր Գնահատեց Լիբանանի Ճիգերը` Սուրիացի Գաղթականներու Հարցին Գծով
Նախագահ Սլէյման եւ Մուրէ Սուրիացի գաղթականներու հետզհետէ շեշտուող հոսքը` իր մարդկային, ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքներով, կը շարունակէ մտահոգել լիբանանցի թէ առնչակից կողմերու վարիչները: Այս իմաստով, արտերկրի ֆրանսացիներու կացութեան հետեւելու հարցով ... Շարն.
Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Իր Ընտրանքները Պիտի Ճշդէ Իր Համագումարին Ընթացքին
Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը ընթացիկ 11 հոկտեմբերի իր համագումարին ընթացքին պիտի ճշդէ իր ընտրանքները եւ հրապարակէ իր մարտավարութիւնները» յայտարարեց համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ` համախմբումի ... Շարն.
Ֆայեզ Ղոսըն Ընդունեց Հոլանտայի Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանները
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ անջատաբար ընդունեց Հոլանտայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները: Դեսպան Տէյվիտ Հէյլի հետ ան քննարկեց շրջանի եւ Լիբանանի վերջին ... Շարն.
Գաղթականներու Հարցին Լուծման Գծով. Ապու Ֆաուր Կոչ Ուղղեց Լիբանանի Զօրակցութեան Միջազգային Համագումարի Կայացման
Ուաէլ Ապու Ֆաուր «Կոչ կ՛ուղղենք Լիբանանի բարեկամներուն բանալու իրենց սահմանները եւ հիւրընկալելու սուրիացի գաղթականները` քաղաքական լուծման միտող ճիգերուն զուգահեռ», յայտարարեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ, Ժընեւէն իր ... Շարն.
Երեկոյեան Վերսկսած Բախումներու Կասեցման Համար. Բանակը Միջամտեց Եւ Անդորրութիւնը Վերահաստատեց Պաալպեքի Շրջանին Մէջ
Երէկ երեկոյեան զինեալ բախումներ պատահեցան Պաալպեքի Թմնին Թահթա գիւղաքաղաքին մէջ` պատճառելով երկու վիրաւորներ: Բանակը փութաց միջամտել եւ յաջողեցաւ կասեցնել կրակոցն ու վերահաստատել խաղաղութիւնը: - Նմանապէս, լարուած մթնոլորտ տիրեց երէկ երեկոյ ... Շարն.
Էխհորեսթ Վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան Զօրակցութիւնը Լիբանանի Կայունութեան Եւ Գերիշխանութեան
Արսլան - Էխհորեսթ հանդիպումէն պահ մը Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ, երէկ շարունակելով իր հանդիպումները երկրի զանազան կողմերու ղեկավարներուն հետ, անջատ այցելութիւններ տուաւ Լիբանանեան ժողովրդավարկան կուսակցութեան ղեկավար, ... Շարն.
Առեւանգեալներու Հարցի Հետապնդման Ճիգերու Ծիրին Մէջ. Արդարադատութեան Նախարարի Պաշտօնակատարը Ընդունեց Թուրքիոյ Դեսպանը
Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Շեքիպ Քըրթպաուի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Ազեզի մէջ առեւանգեալ ինը լիբանանցիներու հարցը: Խորհրդակցութիւնը նաեւ ընդգրկեց Պէյրութի օդակայանի ճամբուն վրայ առեւանգուած ... Շարն.
Հռոմի Պապին Հետ Տեսակցելէ Ետք Պէյրութ Իր Վերադարձին. «Շրջանի Գծով Մեր Տեսակէտներուն Միջեւ Լրիւ Համախոհութիւն Տիրեց» Յայտարարեց Եազիժի Պատրիարքը
Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն-ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ երեկոյ վերադարձաւ Պէյրութ` Հռոմի մէջ տեսակցելէ ետք Ֆրանչիսկոս պապին հետ: «Խորհրդակցեցանք եկեղեցական եւ շրջանի հարցերուն շուրջ», յայտնեց Եազիժի պատրիարքը` ... Շարն.
Երկրի Ընկերային-Տնտեսական Հարցերուն Հետապնդման Զուգահեռ`. Նախագահ Սլէյման Իր Խորհրդակցութիւններուն Ընթացքին Առաջնահերթութիւն Կ՛ընծայէ Կառավարութեան Կազմութեան
Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ Նիւ Եորքէն իր վերադարձին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խտացեալ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկած է մէկ կողմէ ցուցմունքներ տալով երկրի ընկերային-տնտեսական հրատապ հարցերու լուծման գծով, իսկ միւս ... Շարն.
Սուգի Մթնոլորտի Մը Մէջ. Աքքարի Բնակիչները Շարունակեցին Իրենց Հարազատներու Փնտռտուքի Ճիգերը
Ընկղմած նաւէն վերապրողներ Աւստրալիոյ եւ Ինտոնեզիոյ միջեւ ովկիանոսին խորերը ընկղմած նաւու ողբերգութեան հետեւանքները շարունակուեցան երէկ: Աքքարի յատկապէս Քպիիթ գիւղաքաղաքէն պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Ինտոնեզիա` մօտէն հետեւելու այս հարցի զարգացումներուն: Մալեզիոյ մէջ ... Շարն.
Օրինական Ուժերու Տեղակայման Եւ Շրջագայութեան Զուգահեռ. Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին Պաալպեքի Հանդարտութեան Ամրապնդման Գծով
Զօր. Քահուաժի` Հըզպալլայի պատուիրակութեան մը հետ հանդիպման ընթացքին Լիբանանեան օրինական ուժերու տեղակայման եւ շրջագայութեան զուգահեռ, առնչակից կողմեր շարունակեցին իրենց խորհրդակցութիւնները` Պաալպեքի մէջ հանդարտութեան ամրապնդման համար: Այս ծիրին մէջ Հըզպալլայէն պատուիրակութիւն ... Շարն.
Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Նախարար Վրէժ Սապունճեանը
Սապունճեան եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան առնչուող հարցեր: Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց նաեւ ... Շարն.
Փլամպլի Այցելեց Վարչապետ Թամմամ Սալամի
Փլամպլի եւ վարչապետ Սալամ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ այցելեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ միասնաբար խորհրդակցեցան Նիւ Եորքի հանդիպումներուն արդիւնքներուն շուրջ: Այս առիթով զեկուցելով Լիբանանին ... Շարն.
«Իբրեւ Քրիստոնեաներ` Մեզի Համար Ուժեղ Պետութիւն Մը Աւելի Շահեկան Է» Յայտարարեց Զօր. Միշել Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց կարող եւ ուժեղ պետութիւն մը կերտելու համար բարեկարգումի անհրաժեշտութիւնն ու պետութեան ձերբազատումը տիրող փտածութեան երեւոյթէն, որ առկայ է գրեթէ ... Շարն.
Առեւանգեալ Երկու Թուրք Օդաչուներու Հարցով Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը Յետաձգուեցաւ
Առեւանգեալ երկու թուրք օդաչուներու հարցով ամբաստանուած լիբանանցիներու դատավարութիւնը երէկ յետաձգուեցաւ: Միւս կողմէ, հակառակ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան աղբիւրներու հերքումին, լրատուական մէկէ աւելի աղբիւրներ մեծ յոյսեր կապեցին գերմանական միջամտութեան գծով: Ըստ ... Շարն.
Մերժելով Սահմաններու Փակումը Կամ Սուրիացի Գաղթականները Տուն Վերադարձնելը`. «Լիբանան Մարդկային Եւ Բարոյական Պարտականութիւն Ունի Սուրիացի Գաղթականներուն Նկատմամբ» Ընդգծեց Ապու Ֆաուր
«Սուրիացի ժողովուրդը մէկէ աւելի առիթներով հիւրընկալեց լիբանանցիները, եւ այսօր Լիբանան մարդկային ու բարոյական պարտականութիւն ունի սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ», յայտարարեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաաուր երէկ, մարդկային իրաւանց ժողովի ... Շարն.

