Category: Լիբանանեան
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հրաժարեալ Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի
Երկրի զանազան վարիչներուն հետ իր շփումներուն ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ առաւօտ այցելեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ ... Շարն.
«Ահաբեկչութեան Թիրախ Դարձող Ոեւէ Քաղաքացի Հայրենիքին Նահատակն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններուն մէջ զետեղուած անցարգելները անձնական ապահովական միջոցառումներ չեն, այլ` շրջանին բնակչութեան ապահովութիւնը ... Շարն.
Ապահովութեան Վատթարացման Մղձաւանջի Մթնոլորտին Մէջ. Երկրի Պատկան Մարմինները Զօրաշարժի Մատնուած Են Կայունութեան Հաստատման Նախանձախնդրութեամբ
Երկրի ժողովրդային թէ ղեկավար շրջանակներուն խօսակցութեանց եւ մտահոգութեանց առանցքը կը կազմէ երկրի ապահովական վիճակն ու յատկապէս անոր ստանալիք անկայուն բնոյթին գծով շրջան ընող մտավախութիւնները: Արդարեւ, կարգ մը աղբիւրներ, վերլուծելով քաղաքական, ... Շարն.
Մօտէն Հետեւելով Իրավիճակի Վերջին Զարգացումներուն`. Միքաթի Նախագահեց Ապահովական Ժողովի Մը
Ապահովական նիստէն պահ մը Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, երէկ նախքան իր արձակուրդի մեկնումը, մօտէն հետեւեցաւ ընդհանուր իրավիճակի վերջին զարգացումներուն: Այս ծիրին մէջ ան նախագահեց ապահովական ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ... Շարն.
Իմամ Մուսա Սատրի Անյայտացման Յուշատօնի Հրաւէր Մը Փոխանցելով. «Պըրրի Կը Կիրարկէ Սահմանադրական Իր Լիազօրութիւնները» Յայտարարեց Ալի Պեզզի
«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը կիրարկէ սահմանադրական իր լիազօրութիւնները», յայտարարեց Բարգաւաճում եւ ազատագրում պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Պեզզի երէկ` հերքելով Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել ... Շարն.
Սուրիական Դատարան Մը Տասը Օրուան Պայմանաժամ Կու Տայ Հարիրիի Եւ Սաքրի` Ատեան Ներկայանալու
Սաքր եւ Հարիրի Սուրիական դատարան մը Դամասկոսի մէջ երէկ բերման հրամանագիր արձակեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ երեսփոխան Օքապ Սաքրի դէմ` տասը օրուան պայմանաժամ տալով անոնց ներկայանալու Դամասկոսի դատական ատեան, ... Շարն.
Լիբանանեան Պետութենէն Պահանջելով Փոխել Իր Կեցուածքը`. «Թուրքիոյ Դէմ Դատ Պիտի Յարուցուի Եւրոպական Միութեան Եւ Միջազգային Ատեաններուն Մօտ» Յայտնեց Շէյխ Քապալան
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտէլ Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանեկան պարագաներէն պատուիրակութիւն մը, որուն անունով շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ շէյխ Քապալանի հետ քննարկուած են ... Շարն.
Հազար Եւ Հինգ Հազար Լիբանանեան Ոսկիի Նոր Դրամանիշեր Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցան
Կեդրոնական դրամատունը երէկ հրապարակեց երկու անջատ շրջաբերականներ, ըստ որոնց հազար եւ հինգ հազար լիբանանեան ոսկիի նոր դրամանիշեր շրջանառութեան մէջ կը դրուին: Ըստ շրջաբերականներուն, հինգ հազար ոսկիի դրամանիշը շուկայ պիտի իջնէ ... Շարն.
Շէյխ Ահմետ Ասիր Ապաստանած Է Այն Հելուէի Մէջ
Գրեթէ հաստատ տեղեկութեանց համաձայն, շէյխ Ահմետ Ասիր կը գտնուի Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի Ապտալլա Պըն Զուպէյր մզկիթին մէջ, որ կը գտնուի Այն Հելուէի Թաուարէ թաղամասին մէջ: Նոյն միջոցին, բանակը ... Շարն.
Որեւէ Պահու Բռնկումի Պատրաստ Մթնոլորտի Մէջ. Բանակին Հետ Որեւէ Պահու Բախումի Մտավախութեամբ Թաամիրի Բնակիչները Զօրաշարժի Մատնուած Են
Սայտայի ու յատկապէս պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ, Թաամիր շրջանի բնակիչներ զօրաշարժի մատնուած են` որեւէ պահու լիբանանեան բանակին դէմ ճակատելու մտավախութեամբ: «Օ. Թի. Վի.»-ն, «Ախպար» օրաթերթէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը ... Շարն.
Ամերիկացի Նոր Դեսպան Տէյվիտ Հէյլ Պէյրութ Կը Ժամանէ Սեպտեմբերի Սկիզբը
Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Տէյվիտ Հէյլ Պէյրութ կը ժամանէ սեպտեմբերին` ստանձնելու համար իր նոր պաշտօնը, փոխարինելով նախկին դեսպան Մորա Քոնելլին: Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ իր կնոջ հետ անձնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Աթէնք: Սալամ հերքեց, թէ ինք Սէուտական Արաբիա կ՛ուղղուի` նշելով, որ եթէ նման բան ըլլար, մամուլով կը յայտարարէր: ԶՂԱՐԹԱ գաւառի ... Շարն.
Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատներուն Դէմ Ամբաստանութիւններ Կ՛արձակուին
Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Քլոտ Քարամ երէկ ամբաստանութիւններ եւ բերման գիրեր արձակեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներէն 13-ին դէմ` թուրք օդաչուները առեւանգելու յանցանքով: Ամբաստանեալներուն մէջ կը գտնուին հաշմանդամ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետ Սալամը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը: Հանդիպումէն ետք Սալամ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն ... Շարն.
Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Յետաձգուեցաւ 23 Սեպտեմբերին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի լիագումար նիստը յետաձգեց 23 սեպտեմբերին` նշելով, որ լիագումար նիստին քննարկելիք օրակարգը պիտի մնայ նոյնը: Նշենք, որ նախապէս լիագումար այս նիստը երեք անգամ ըլլալով յետաձգուած ... Շարն.
Զօր. Աուն. «Ցեղապաշտը Ան Է, Որ Մարոնիները Վատ Ցեղ Կը Նկատէ»
Համախմբումի նիստէն պահ մը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական հարցերը: Նիստին նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել ... Շարն.
Միքաթի. «Լիբանանեան Պետութիւնը Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնէ Բացայայտելու Համար Թուրք Օդաչուներուն Ճակատագիրը»
Թուրքիոյ դեսպանը եւ Միքաթի Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք քաղաքացիներուն թղթածրարը: Հանդիպումէն ետք Միքաթի ... Շարն.
Սապունճեան Քաղաքապետարաններուն Եւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Գործակցութեան Կոչ Ուղղեց
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ ողջունեց քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, որոնք նախանցեալ օր անմիջապէս փութացին Պիքֆայա` հակակշիռի տակ առնելու Ժեմայէլ եղբարքին պատկանող խաւաքարտի (քարթոն) արտադրութեան գործարանին մէջ բռնկած հրդեհը: Վ. ... Շարն.
Շարպել-Էօզեըլտըզ Հանդիպում
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուներուն եւ Ազեզի մէջ գտնուող ինը ... Շարն.
Այանեան. «Օտար Աշխատաւորներուն Ներկայութիւնը Մտահոգիչ Է»
Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան նամակներ յղեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթիի, տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուքի եւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային ... Շարն.

