Category: Լիբանանեան
ՖԱՍՍՈՒՀԻ ԴԷՊՔԻՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԴԻԱԿՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՆ ՀՈՂԻՆ
Էշրեֆիէի Ֆասսուհ շրջանը, որ կիրակի օրուընէ ի վեր կ՛ողբայ, երէկ սեւով պատուեցաւ եւ հրավառութեամբ թնդաց, երբ փուլ եկած շէնքին զոհերուն դիակները յանձնուեցան հողին: Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՀԵՏ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն, Գիտական հետազօտութեանց ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մույին Համզէ եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որուն ... Շարն.
ՊՔԵՐՔԷ ԴԺԳՈՀ Է ՄԱՐՈՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ԹԱՓՈՒՐ ՄՆԱԼՈՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ
«Նահար» օրաթերթին համաձայն, Մարոնի պատրիարքութիւնը դժգոհ է մարոնի համայնքին վերաբերող կարգ մը կարեւոր պաշտօններուն թափուր մնալու իրականութենէն: Այս շրջագիծին մէջ Մարոնի պատրիարքութիւնը կոչ ուղղած էր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին նշանակելու վարչապետարանին ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի մշակոյթի նախարար սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյնիի եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
«ՆԱԽՔԱՆ ԻԲՐԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼԸ ԹՈՒՐՔԻԱ ԹՈՂ ԼՈՒԾԷ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐԸ» «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.»-ԻՆ Կ՛ԸՍԷ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հանգիստ է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ... Շարն.
«ԼԻԲԱՆԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Է ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԵՑՈՒՄԸ ՄԵՐԺՈՂ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար դիւանագէտներու եւ դեսպաններու անձնակազմը` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի: Հանդիպումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին ... Շարն.
ԼԻԹԱՆԻԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՍԿԻԶԲԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԷՆ
Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, երէկ վարչապետարանին մէջ Լիթանիի ծրագիրին գործադրութեան սկիզբը յայտարարուեցաւ` անոր մշակումէն 60 տարի ետք: Լիբանանեան պետութեան եւ ծրագիրի գործադրութեան հովանաւոր քուէյթեան ... Շարն.
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք զօր. Աուն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Էշրեֆիէի փորձանքին ... Շարն.
ՖԱՍՍՈՒՀԻ ԴԷՊՔԸ ԽԼԵՑ 27 ԶՈՀ
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտարարեց, որ Ֆասսուհի մէջ փուլ եկած շէնքին շուրջ փրկարար աշխատանքներն ու փնտռտուքը վերջ գտած են` աւելցնելով, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը իր սարքերն ու ուժերը ... Շարն.
ԵԹՈՎՊԻԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻ ՋԱԽՋԱԽՈՒՄԻՆ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ
2010-ին Նաամէի հանդիպակաց ծովուն վերեւ «Պոյինկ 737» տիպի եթովպիական օդանաւի ջախջախումէն երկու տարի ետք, երէկ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ այդ դէպքին մասին բացուած հետաքննութեան ... Շարն.
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատուական գրասենեակը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Նկատի ունենալով շրջանային իրադարձութիւնները եւ «Արաբական գարուն»ն ու Միջին Արեւելքի մէջ տարբեր վարչակարգերու շրջագիծին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւններն ու ... Շարն.
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԵՑ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԶՈՀԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼ 30 ՄԻԼԻՈՆ Լ. ՈՍԿԻ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ժամը 4:30-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան գումարած նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ... Շարն.
ՖԱՍՍՈՒՀԻ ՄԷՋ ՓՈՒԼ ԵԿԱԾ ՇԷՆՔԻՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ՀԱՍԱՒ 26-Ի
Էշրեֆիէի Ֆասսուհ շրջանին մէջ փուլ եկած շէնքին պատճառած զոհերուն թիւը երէկ երեկոյեան հասաւ 26-ի: Դէպքին պատահած վայրկեանէն սկսեալ շարունակուող փրկարար աշխատանքներուն շնորհիւ կարելի եղաւ շէնքին փլատակներուն տակէն դուրս բերել 21 ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄՐ ՄՈՒՍԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհին մէջ ժողովրդավարութեան ... Շարն.
ԻՐԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ
Իրանի մշակոյթի նախարար սէյիտ Մոհամետ Ալի Հիւսէյնի երէկ ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն հետ եւ այցելեց Իմատ Մուղնիէի դամբարանը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ... Շարն.
ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ԵՒ ԹՈՒՆՈՒԶԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլայ Մելատինովը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Պուլկարիոյ դեսպան Նիքոլայ Անտրիեւ: Հանդիպումէն ետք Մելատինով յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած ... Շարն.
ՊՔԵՐՔԷ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԵՐԵՔ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԸ
Մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ գերապայծառ Միշել Աուն նշանակուած է Ժիպէյլի մարոնի համայնքի առաջնորդ, գերապայծառ Մունիր Խէյրալլա նշանակուած է Պաթրունի մարոնի համայնքի առաջնորդ, իսկ հայր Էլիաս Սլէյման` Լաթաքիոյ ... Շարն.
ՊՆԱՇՀԻԻ ՄէՋ ՖԼԵՉԸՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՖՐԵՆԺԻԷԻ ՀԵՏ
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր նշեց, որ ինք լաւատես է, ... Շարն.
ԱՍԱՐԹԱ. «ՖԻՆԻՒԼ-ԻՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄՈՒՐ ԵՆ»
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա երէկ Իպըլ Սաքիի մէջ պարգեւատրեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող սպանական զօրամասի զինուորները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան ... Շարն.
ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ – ԺԵՄԱՅԷԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու նախանցեալ երեկոյեան այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Տաւութօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա շահագրգռուած է շրջանին ... Շարն.

