Category: Լիբանանեան
ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԿԸ ՎԵՐՅԻՇԵՑՆԷ ԻՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ
Յոյն ուղղափառ համայնքի Ուղղափառ հանդիպումը երէկ նիստ մը գումարելով անդրադարձաւ «հանդարտ կրակի վրայ եփող» նշանակումներու հարցին` յիշեցնելով, որ ուղղափառ համայնքը` իբրեւ երկրորդ կարեւորագոյն մասնիկը այս երկրի քրիստոնեայ բաղկացուցիչին, արժանի է ... Շարն.
«ԱՐՄԵՆԻԱ» ՆԱՒԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹ ՕՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՓԵՐՈՒՆ
28 մայիս 2009-ին հանրածանօթ գրագէտ Զօրի Բալայեանի նախաձեռնած «Արմենիա» նաւը քանի մը օրէն կը հասնի Պէյրութի ափերը, ուր Տըպպայէ-Մարինա նաւահանգիստին մօտ պիտի դիմաւորուի բազմահարիւր հայորդիներու եւ պետական ու ազգային-կուսակցական անձնաւորութիւններու ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ տեղեկագիրը պիտի հրապարակուի 10 օգոստոսին եւ եթէ ուշանայ, մենք պիտի յայտարարենք ինչ որ գիտենք», յայտնեց հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ղազի Արիտի երէկ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Մէկուկէս տարի առաջ ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ԸՆԹԱՑԻԿ ՆԻՍՏԸ ԵՒ ՊԱՅՏՈՒՆԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆ
Նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննակուեցան օրուան հրատապ թէ առկախ մնացած հարցերը: Կառավարութեան այս նիստը կու գայ խորհրդարանի օրէնսդրական ընդհանուր ժողովի նախօրեակին, որուն ընթացքին ... Շարն.
24 ԺԱՄ ՉԱՆՑԱԾ ՈՒԱԶԶԱՆԻԻ ԽԱԽՏՈՒՄԻ ԴԷՊՔԷՆ ԻՍՐԱՅԷԼ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԽԱԽՏԷ ՀԱՐԱՒԻ ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾԸ
Իսրայէլեան բանակի 10 զինուորներէ բաղկացած ջոկատ մը երէկ կէսօրին դարձեալ 30 մեթր դէպի Մէյս Ժապալի Քրում Շարըքա շրջանը ներխուժեց: Ուազզանիի դէպքէն 24 ժամ չանցած կատարուած իսրայէլեան այս խախտումը վերստին լարուած ... Շարն.
ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՆԻՍՏԻՆ
«Ան որ կը պահանջէ, որ բանակը ըլլայ միակ պատասխանատուն հայրենիքի ապահովութեան, ապա պէտք է պահանջէ նաեւ, որ բանակին առիթ տրուի նման կարելիութիւն ու կարողութիւն ունենալու», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ... Շարն.
ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ» - Հրատարակած է ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի կոչը` Ընկերային-տնտեսական խորհուրդի կազմութեան փութացման գծով: Նոյն լուրին անդրադարձած են գրեթէ բոլոր լիբանանեան թերթերը: - Թերթը վերլուծական թէ տեղեկատուական յօդուածներով անդրադարձած է ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆԻ ՀԵՏ ՊԱՐԶԵԼԷ ԵՏՔ ԿԱՇԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ. ԿԱՇԵԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՌԱՋԱԴՐԷ ԱՐԳԻԼԵԼ ԿԱՇԵՂԷՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԱԾՈՒՄԸ
Մեկնելով նորակազմ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած արտադրողական, յատկապէս ճարտարարուեստի մարզի վերաշխուժացման գծով կառավարութեան յանձնառութենէն, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ամբողջական պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց պաշտպանելու ճարտարարուեստի կարեւոր մարզերէն կաշեգործութեան պահանջները: Արդարեւ, ... Շարն.
ՊԵՆԶԻՆԻ ՍԱԿԱԳԻՆԸ ԿՐՆԱՅ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼ
Քարիւղի մարզի զարգացումներուն հետեւող աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի, որ թիթեղ մը պենզինի սակը 500 լիբ. ոսկիի յաւելում կրէ իր 95 թէ 98 օքթանի տարբերակներուն վրայ: Նմանապէս, կը նախատեսուի, որ կանաչ ... Շարն.
ՀԱՈՒԱՐԱ ԳԻՒՂԱՔԱՂԱՔԻ ԹԱՂԱՊԵՏԸ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ
«Նահար» օրաթերթին յղած նամականիով, հիւսիսային Լիբանանի Տըննիէ գաւառի Հաուարա գիւղաքաղաքի թաղապետ Թոնի Մուսա բուռն կերպով իր ընդվզումը կ՛արտայայտէ անցնող 29 յուլիսին Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի կատարած այն յայտարարութեան ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ «Առեւանգեալներու եւ անյայտացածներու ընտանիքներու» յանձնախումբի` «Սոլիտ»ի նախագահ Ղազի Աատ երէկ պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով մեկնեցաւ վերին Մեթնի Շպենիէ գիւղաքաղաքը, ուր, ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, հաւաքական գերեզման մը կը գտնուի նշեալ ... Շարն.
ԲԱՆԱԿԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 66-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ
Գլխաւոր երեք դէպքեր առանցքը կազմեցին շաբաթասկիզբին յայտարարութեանց եւ հաղորդակցութեանց, լիբանանեան զանազան շրջանակներու մօտ: ՄԱԿ-ի թիւ 1701 յօդուածի իսրայէլեան խախտումի քայլը, որ կու գար զուգադիպելու Ռամատան ամսուան սկիզբին եւ Լիբանանեան բանակի ... Շարն.
ԲԱՑԱՅԱՅՏՕՐԷՆ ԽԱԽՏԵԼՈՎ ՄԱԿ-Ի ԹԻՒ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԸ. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ՏԱՐՐԵՐ ԿԸ ՆԵՐԽՈՒԺԵՆ ՈՒԱԶԶԱՆԻԻ ՇՐՋԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
Իսրայէլեան բանակի 15 զինուորներ երէկ 70 մեթր ներխուժեցին հարաւային Լիբանանի սահմաններէն ներս` Ուազզանիի մօտ, բացայայտօրէն խախտելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի տրամադրութիւնները: Կանուխ առաւօտեան արձանագրուած իսրայէլեան այս խախտումը զօրաշարժի մատնեց լիբանանեան ... Շարն.
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՆԻՍՏԻ ՄԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ նախագահեց ելեկտրականութեան մարզին յատկացուած աշխատանքային նիստի մը` մասնակցութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի եւ առեւտուրի ու տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասի: ... Շարն.
«ԼԻԲԱՆԱՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՀՐԱԺԱՐԻԼ ԻՐ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԽԹԱՆԸ ՆԿԱՏՈՒՈՂ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵՆԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ՇԷՅԽ ՆԱՅԻՄ ՔԱՍԵՄ
«Մարտ 14-ի ուժերը ձախողեցան իշխանութեան մէջ իրենց քաղաքական գործունէութեամբ, մինչ մենք յաջողեցանք: Անոնց կը թելադրեմ սերտել իրենց ձախողութեան եւ մեր յաջողութեան պատճառներն ու գործօնները», երէկ յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ ... Շարն.
ՌԱՄԱՏԱՆԸ ԱՌԻԹ` ԶԱՆԱԶԱՆ ԿՈՂՄԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԵՐՈՒ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ
Ինչպէս իսլամական թէ արաբական աշխարհի երկիրները, Լիբանան եւս երէկ նշեց Ռամատանի տօնական ամսուան առաջին օրը: Արդարեւ, այս առիթով տեղի ունեցած շնորհաւորական այցելութիւններն ու հաղորդակցութիւնները դրական գործօն եղան` կապերը վերաշխուժացնելու համար ... Շարն.
«ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ՈՐԵՒԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ ՉՈՒՆԻ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ իր կարգին շնորհաւորեց բանակը իր օրուան առիթով` դիտել տալով, որ զինուորական պաշտօնական հաստատութիւններէն դուրս զէնքի տարածումն ու գործածութիւնը չի հանգստացներ համայն լիբանանցիները: Կիպրոսի մարոնիներու պատուիրակութիւն ... Շարն.
ՆԵՐՔԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԵՆԷՆ
Երէկ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ կրկին զգուշացուց քաղաքացիները` բացարձակապէս արգիլելով պայթուցիկներու սանձարձակ գործածութիւնը, որ նիւթականի կողքին նաեւ մարդկային վնասներ կը պատճառէ: Հաղորդագրութիւնը պայթուցիկներու գործածութիւնը կ՛արտօնէ յատուկ պայմաններու ... Շարն.
ԳՈՐԾԱՏԷՐ-ԱՇԽԱՏԱՒՈՐ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ԼԱՅՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍՈՎ. «ՊԷՏՔ Է ՓՈՒԹԱՑՆԵԼ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ-ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՎՐԷԺ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
Տնտեսական թէ աշխատաւորական զանազան մարմիններու միջեւ տեղի ունեցող խորհրդակցութեանց եւ այս գծով կառավարութեան ուղղուող դիմումներուն եւ պահանջներուն ծիրին մէջ, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ կոչ ուղղեց փութացնելու Ընկերային- տնտեսական խորհուրդի ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ իրազեկ եւ հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մօտերս Սուրիա պիտի մեկնի` անպաշտօն այցելութեամբ մը իր ցաւակցութիւնները յայտնելու վերջերս Տարաայի մէջ սպաննուած սուրիացի անձնաւորութեան մը ... Շարն.

