Category: Լիբանանեան

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

July 27, 2011

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Փանոս Մանճեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին  յայտնեց, որ կառավարութիւնը արձակուրդի մէջ չէ, այլ` կը պատրաստէ յառաջիկայ 2 օգոստոսին գումարելիք իր նիստը, որուն ընթացքին ... Շարն.

«ՀՅԴ Կ՛ԸՆԴԳԾԷ ՆԵՐՔԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

July 26, 2011

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան «Սաութ Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց ներքին լիբանանեան երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` անկախ հակառակորդ ուժերուն միջեւ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններէն: Ան ընդգծեց, ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ

July 26, 2011

Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց Նորվեկիոյ մէջ գործուած ահաբեկչական արարքները` ընդգծելով, որ անհաւասարակշիռ եւ ծայրայեղ անհատներուն կողմէ գործուած սպանդներուն հիմնական պատճառը այն է, որ անոնք կորսնցուցած կ՛ըլլան իրենց ... Շարն.

ՊԸՐՐԻ ՔԸՐԹՊԱՈՒԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՅՈՒԶՈՂ ՀԱՐՑԵՐԸ

ՊԸՐՐԻ ՔԸՐԹՊԱՈՒԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՅՈՒԶՈՂ ՀԱՐՑԵՐԸ

July 26, 2011

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական կեանքը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արդարութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Պըրրիի այցելեց նաեւ ... Շարն.

ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Կ՛ԱՐԳԻԼԷ ԱՌԱՆՑ ԱՌԻԹԻ ՊԱՅԹՈՒՑԻԿՆԵՐՈՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸ

July 26, 2011

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ արգիլեց առանց առիթի պայթուցիկներու օգտագործումը` ընդգծելով, որ պէտք է յարգել պայթուցիկներու օգտագործման առիթներն ու պայմանները: Միւս ... Շարն.

ՊՈՒՍԹՐՈՍ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԱՏՆԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆԸ

ՊՈՒՍԹՐՈՍ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԱՏՆԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆԸ

July 26, 2011

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ: Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Քոչարեան Մանսուրի փոխանցեց ... Շարն.

ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ՊԼՈՔԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

July 26, 2011

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ամմար Հուրի, Ժամալ Ժարրահ եւ Հատի Հպէյշ, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի գործավար Մահեր ... Շարն.

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԻԹԱՆԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐԸ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

July 26, 2011

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց ներդրումները քաջալերող «Իտալ» հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Նեպիլ Իթանին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան եւ «Իտալ»ի միջեւ գործակցութեան բարելաւման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ներդրումներուն ... Շարն.

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՕՐ. ՊՐՈՒՔՍԸ

July 26, 2011

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան պետ զօր. Վինսընթ Պրուքսը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

July 26, 2011

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան պիտի արտասանէ պատկերասփռուած խօսք մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ Դիմադրութեան դէմ նիւթուած ամերիկեան դաւերուն: «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը ... Շարն.

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂՈՎՄԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂՈՎՄԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

July 25, 2011

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ասաատ Հարտանի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ նախարար Ալի Քանսօ եւ նախկին նախարար Մահմուտ Ապտել Խալեք: Հանդիպումէն ետք կատարած ... Շարն.

ԺՈՄՊԼԱԹ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ՈՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐԸ ՄԵՐԺԵԼԻ ԵՆ

ԺՈՄՊԼԱԹ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ՈՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐԸ ՄԵՐԺԵԼԻ ԵՆ

July 25, 2011

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ իր զաւկին` Թայմուրի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, երէկ այցելեց Ռաշայա: Ռաշայայի մէջ Ժոմպլաթ արժանացաւ շրջանի բնակչութեան եւ կուսակցութեան համակիրներուն ... Շարն.

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱԳԱՆ ԿԱԽԵԱԼ Է ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ ԴՆՈՂ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԷՆ»

July 25, 2011

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան  զօր. Միշել Աուն «Նուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շնորհաւորութիւն ներկայացուց 2006-ի Յուլիսեան պատերազմի յաղթանակին հնգամեակին առիթով եւ հաստատեց, որ Ազգային ազատ ... Շարն.

Ա. ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԸՐՐԻԻ

Ա. ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԸՐՐԻԻ

July 25, 2011

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան շաբաթ օր այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հայաստանեան-լիբանանեան յարաբերութիւններն ... Շարն.

«ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՋՈՒՐԵՐԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ

July 25, 2011

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ Ռումինի մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Դիմադրութեան համար լիբանանեան ջուրերը համազօր են Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի բարձունքներուն: «Իսկ եթէ ... Շարն.

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆ

July 25, 2011

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնած էր Ֆրանսա, երէկ վերադարձաւ Լիբանան: Նախքան իր վերադարձը, Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Պութրոս Ասաքեր ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ ... Շարն.

«ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՆՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՔ ՄԵԿՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԽԱԼԻԼ

July 25, 2011

Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ յայտնեց, որ այս հանգրուանին Լիբանան ամբողջ աշխարհին ցոյց պիտի տայ, թէ իր  կառավարութիւնը կրնայ ստանձնել երկրին հսկայ պատասխանատուութիւնն ու զայն պահել հզօր եւ պաշտպանուած ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

July 25, 2011

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, միջազգային ընտանիքը վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն չի նկատեր: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայետ յայտնեց, որ կառավարութիւնը նախ իր հակառակորդներուն եւ ապա բարեկամներուն ... Շարն.

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ԵՒ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ԵՒ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

July 23, 2011

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական իրավիճակը: Միւս կողմէ, վարչապետը ընդունեց նաեւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆԹԱՑԻԿ ՀԱՐՑԵՐ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆԹԱՑԻԿ ՀԱՐՑԵՐ

July 23, 2011

Հարապետութեան նախագահ Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Իպրահիմ Տահերը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ «Իտալ» հաստատութեան տնօրէն Նեպիլ ... Շարն.