Category: Լիբանանեան
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն ստացաւ նամակ մը, որ կ՛անդրադառնար Լիբանանի ներկայ իրավիճակին: Նամակը Ռայի պատրիարքին փոխանցեց Հարիրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական Տաուտ Սայէղը: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ԳՏՆԷ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ԱՊԱԶԻՆՈՒՄԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին ընդունեց Թրիփոլիի երեսփոխանները, որոնց հետ քննարկեց Թրիփոլին ապազինելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ, վարչապետարան այցելեցին երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր, Մոհամետ Քապպարա, Պատր Ուաննուս եւ Սամեր Սաատէ: Հանդիպումին ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր, Պատր Ուաննուս, Մոհամետ Քապպարա եւ Սամեր Սաատէ: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախագահ ... Շարն.
ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻ ՏԱՊԱԼՄԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՑՈՅՑ` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ
Համայնքային վարչակարգի տապալման շարժումին կազմակերպած գործունէութիւններուն եւ ցոյցերուն ծիրին մէջ, երէկ կէսօրին տեղի ունեցաւ կեդրոնական ցոյց մը, որ ընթացք առաւ Ուաթա Մսայթպէի մէջ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) կեդրոնէն, անցաւ ... Շարն.
ՖՐԵՆԺԻԷ. «ՀՊԱՐՏ ԵՆՔ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՄԵՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ»
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ իր նախագահած քաղաքական հոսանքին Պնաշյիի կեդրոնին մէջ դասախօսութեան մը ընթացքին հաստատեց, որ Մարատա հոսանքին նպատակը ապագայ Լիբանանի կերտումն է: «Լիբանան մը, որ պահպանէ իր ... Շարն.
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Վատիկանէն վերադարձաւ Պէյրութ` Պենետիկտոս ԺԶ. պապին եւ Վատիկանի հոգեւորականներուն հետ հանդիպումներ ունենալէ ետք: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ռայի պատրիարքը դիմաւորեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել ... Շարն.
ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՑԱՒ ՑՆՑԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ՄԱՖԻԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆԸ»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Պաապտայի մասնաճիւղին կազմակերպած ընթրիքի երեկոյին, որուն ընթացքին արտասանեց ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց յառաջիկայ ... Շարն.
«ՄԵՆՔ ԿԱՌՉԱԾ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆՔ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՍԻՆԻՈՐԱ
Նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա «Աժիալ Սայտա» դպրոցի աւարտական հանդէսին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան ժողովրդավարութեան եւ անոր սկզբունքներուն, որոնցմով մնայուն պայքար մղած են ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄԱՑՈՂ ՑՈՅՑԵՐ
Անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ Սուրիոյ վերաբերող երկու հակասական ցոյցեր կատարուեցան: Արդարեւ, Թրիփոլիի մէջ ուրբաթ օրուան նամազէն ետք տասնեակներ ցոյց կատարեցին` «դատապարտելով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած բռնարարքները», ինչպէս նաեւ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԸՍՏ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին անդամ եղող լիբանանցի դատաւորները առանձին-առանձին եւ տարբեր ուղղութիւններով ուղղուած են Լա Հէյ: Նոյն օրաթերթը նկատել տուաւ, որ այդ մէկը նախանշան է, ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԱՐԾԱՐԾԵՑԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄՇԱԿՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ նախագահին ներկայացուց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի պատրաստութեան ընթացքը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական կացութիւնն ու ... Շարն.
ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ԿԸ ՀԱՒԱՍՏԷ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 100 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ Է»
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ պատկերասփռուած խօսքի մէջ ներկայացուց ներքին եւ շրջանային զարգացումներուն իր մեկնաբանութիւնը, ապա յայտարարեց լրտեսական ցանցերու մասին տարաձայնութիւններու առնչութեամբ իսկական եղելութիւնները: Նասրալլա նախ եւ առաջ ... Շարն.
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՄՇԱԿՈՂ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏԻՆ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման նախարարական յանձնախումբի չորրորդ նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ տարբեր նախարարութիւններու հարցերուն քննարկումը, յատկապէս ինչ որ կը ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը` մշակելու համար աշխատանքային իր ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ ԴԷՄ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը Սուրիոյ ապահովական կայունութենէն կախեալ է եւ փոխադարձաբար: «Հետեւաբար` մեզի համար օգտակար է, ... Շարն.
ՇԱՐՊԵԼ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԱԹՔԻՆԶԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ՕՏԱՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ռոպըրթ Ուաթքինզի, որ շնորհաւորեց Շարպելը` անոր նախարար նշանակումին առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ... Շարն.
ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ» - Լրատուութիւն` ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի եւ ՄԱԿ-ի ճարտարարուեստի մարզի բարգաւաճման պատասխանատու Խալետ Մըքուատի հանդիպումին մասին: (Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Տիար», «Շարք» եւ «Ախպար» օրաթերթերը): - Հարցազրոյց` ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններուն: ԿՆՈՋԱԿԱՆ շարժումը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն ... Շարն.
ԵՐԿՐԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻՆ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան` «Շաղզոյեան» կեդրոնի մէջ, նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի: Ժողովին ներկայ էին ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, պետական նախարար ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄՇԱԿՄԱՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման նախարարական յանձնախումբի երրորդ նիստին: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ յանձնախումբը չքննարկեց Միջազգային դատական ատեանի հարցը: ... Շարն.

