Category: Միջազգային
Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմին Մէջ Յաղթանակ Կը Նախատեսէ
Զօր. Ֆահտ Ժասեմ Ֆրէյժ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Ֆահտ Ժասեմ Ֆրէյժ Հոմսի Խալիտիյա թաղամասին մէջ Սուրիոյ բանակի զինուորներուն այցելելով յայտնեց, որ բանակն ու սուրիական պետութիւնը յաղթանակ պիտի արձանագրեն աւելի քան ... Շարն.
Թուրք Երեսփոխանը «Ազգութեան Ծածկագիրներու» Վերաբերեալ Էրտողանէն Բացատրութիւն Պահանջած Է
Սեզկին Թանրըքուլու «Հայթերթ»-ը կը հաղորդէ, որ թուրք երեսփոխան, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սեզկին Թանրըքուլու հարցապնդում ներկայացուցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` «ազգութեան ծածկագիրներու» առնչութեամբ պաշտօնական տեղեկութիւն պահանջելով: Նախապէս ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու 19 Դեսպանատուներ Մինչեւ 10 Օգոստոս Պիտի Չգործեն
Ճեն Փսաքի Gazeta.ru յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան, որ իր տեղեկութիւնները ստացած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Ճեն Փսաքիէն, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց պատկանող 19 ... Շարն.
Նախագահ Ռուհանի Նոր Կառավարութիւն Ձեւաւորած Է
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է նոր նշանակուած նախարարներու անունները: Իրանեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ առաջին փոխնախագահի պաշտօնին վրայ նշանակուած է Էսհաք Ճահանկիրի: Կառավարութեան նոր ... Շարն.
Վրաստան Ընդունած Է, Որ 5 Տարի Առաջ «Սխալ Քայլեր» Առած Է
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թիֆլիսի մէջ կը մեկնաբանեն Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի` 2008-ի օգոստոսի դէպքերուն վերաբերեալ «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցը: Վրաստանի վարչապետի Ռուսիոյ հետ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ ... Շարն.
«Նիւ Եորք Թայմզ» «Պոսթըն Կլոպ»-ը Միլիառ Տոլարի Գնելէ Ետք 70 Միլիոնի Կը Ծախէ
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացուցած է «Պոսթըն Կլոպ» օրաթերթը պէյսպոլի «Ռետ Սոքս» եւ ֆութպոլի «Լիվըրփուլ» ակումբներու սեփականատէր Ճոն Հենրիի ծախել 70 միլիոն տոլարի գումարով: Այսպիսով, «Նիւ Եորք ... Շարն.
Գերմանիա Միացեալ Նահանգներու Եւ Բրիտանիոյ Հետ Գաղտնալսման Համաձայնագիրները Չեղեալ Նկատած Է
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ իշխանութիւնները չեղեալ յայտարարած են Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հետ բոլոր այն համաձայնագիրները, որոնք այդ երկիրներուն գաղտնի սպասարկութեանց կարելիութիւն կու տան Գերմանիոյ տարածքին լրտեսութիւն կատարել: «Ռաշա ... Շարն.
Իսրայէլ Պաղեստինցի Բանտարկեալներու Առաջին Խմբակը Ազատ Պիտի Արձակէ 13 Օգոստոսին
Սաէպ Օրէյքաթ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սաէպ Օրէյքաթ լրագրողներուն յայտնած է, որ Իսրայէլ նախատեսուած 104 պաղեստինցի բանտարկեալներէն 26-ը ազատ պիտի արձակէ 13 օգոստոսին: Ըստ անոր, բանտարկեալներու ազատ ... Շարն.
Ռուհանի Կոչ Կ՛ուղղէ Պատժամիջոցները Ջնջելու Եւ Թեհրանի Հետ Յարգանքով Վարուելու
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ երդման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Արեւմուտքին կոչ ուղղեց Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջելու եւ Թեհրանի հետ յարգանքով վարուելու: Ան խօսքը Արեւմուտքին ուղղելով յայտնեց, ... Շարն.
«Միացեալ Նահանգներ Մեր Գործընկերն Են» Կ՛ըսէ Ալիեւ
Haqqin.az կայքէջը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շնորհաւորած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ծննդեան տարեդարձը եւ այդ առիթով անդրադարձած երկու երկիրներու ... Շարն.
Սիսի Եգիպտոսի Մէջ Իսլամական Ղեկավարներուն Կը Յայտնէ «Եգիպտական Տագնապի Խաղաղ Լուծման Առիթներ Գոյութիւն Ունին»
Զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Եգիպտական բանակը յայտարարեց, որ բանակի հրամանատար, առաջին փոխվարչապետ զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսի հանդիպում ունեցած է իսլամական հոսանքներու կարգ մը ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկած երկրին ... Շարն.
Պոլսոյ Մէջ Ցուցարարներու Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ Բախումներ
Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասէն դէպի Թաքսիմի հրապարակ քայլարշաւ կատարող թուրք ցուցարարներու եւ իրենց երթը արգելակած ոստիկանութեան միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են: Պատկերասփիւռի կայանը կը ... Շարն.
Քրտական Խմբաւորում Մը Օճալանի Պայմաններուն Բարելաւման Պահանջով Ցոյց Մը Կատարեց
ՔԱԿ-ի համակիր քրտական խմբաւորում մը Վանի մէջ թրքական կառավարութեան դէմ ցոյց մը կատարեց` պահանջելով ՔԱԿ-ի արգելափակուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի բանտային պայմանները բարելաւել, բժիշկներու անկախ պատուիրակութեան մը կողմէ անոր առողջական վիճակի ... Շարն.
Ոչ Եւս Է Արիել Շարոն
Երէկ երեկոյեան Պեր Սեպայի «Սորոքա» հիւանդանոցի ուղեղի եւ ջիղերու վիրաբուժութեան բաժանմունքի նախագահը եւ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Արիել Շարոնի անձնական բժիշկը յայտարարեց, որ վերջինս մահացաւ երեկոյեան ժամը 17:30-ին: Ան յստակացուց, որ ... Շարն.
Իրանի Նորընտիր Նախագահի Երդման Արարողութեան Պիտի Մասնակցին 52 Երկիրներու Ներկայացուցիչներ
«Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Արաքճի յայտնած է, թէ Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման արարողութեան պիտի մասնակցին 52 երկիրներու ներկայացուցիչներ: Նշենք, որ ... Շարն.
«Եգիպտական Բանակը Ժողովրդավարութիւնը Վերականգնեց» Ըսաւ Քերրի
Ճոն Քերրի Մինչ Գահիրէի Ռապիա Ատուիա եւ Նահտա հրապարակներուն վրայ Իսլամ եղբայրներու նստացոյցերը ցրուելու ժամկէտին շուրջ սպասողական վիճակ կը տիրէ, Ուաշինկթըն իր կեցուածքը վճռեց ի նպաստ Մոհամետ Մուրսիի պաշտօնազրկումին, երբ ... Շարն.
Ըստ «Մայատին»-ի. Հինգշաբթի Օր Ուաշինկթընի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Փոխզիջումային Համաձայնութիւն Մը Պիտի Կնքուի
Լաւրով եւ Շոյկու Աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Սերկէյ Շոյկու հինգշաբթի օր Ուաշինկթըն պիտի այցելեն Ռուսիոյ եւ Միացեալ ... Շարն.
Պարզանի Քրտական Ազգային Խորհրդաժողովին Վերաբերեալ Թուրքիոյ Մտահոգութիւնները Կը Մեղմացնէ
«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի վարչապետ Նեչիրվան Պարզանի, որ երեքշաբթի օր Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ հանդիպում ունեցաւ, մեղմացուցած է Էրպիլի մէջ ... Շարն.
Պոլսոյ Մէջ Դարձեալ Ցուցարարներու Եւ Ոստիկաններու Միջեւ Բախում
Պոլսոյ մէջ դարձեալ բախում տեղի ունեցած է բողոքի շարժումի մասնակիցներու եւ ոստիկաններու միջեւ: Չորեքշաբթի գիշեր ցուցարարները դարձեալ հաւաքուած են Թաքսիմ հրապարակին վրայ, որպէսզի բողոքեն 14 տարեկան պատանի Պերքին Էլվանի դէմ ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Խստացնող Օրինագիծ Մը Որդեգրեց
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 31 յուլիսին որդեգրած է օրինագիծ մը, որ կը խստացնէ Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան տնտեսական պատժամիջոցները: Բանաձեւը որդեգրուած է 400 թեր ... Շարն.

