Category: Միջազգային
Եգիպտական Օրակարգով Ֆաթհ-Համաս Բանավէճ
Համաս շարժումը երէկ Կազայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ գոյութիւն ունին փաստաթուղթեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ Պաղեստինեան իշխանութենէն եւ Ֆաթհ շարժումէն պաշտօնատարներ եգիպտական լրատուամիջոցներու մէջ «դիմադրութեան ... Շարն.
Հիւսէյն Ընտրուեցաւ Փաքիստանի Նախագահք
Մամուն Հիւսէյն «Լայֆ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Փաքիստանի մէջ իշխող կուսակցութեան թեկնածու` գործարար Մամուն Հիւսէյն երէկ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրած է: Փաքիստանի 12-րդ նախագահը, աւանդութեան համաձայն, ընտրուած ... Շարն.
Ազրպէյճան, «Պի.Փի.» Եւ «Թոթալ» Անդրատրիաթիք Խողովակաշարի Նախագիծին 50 Առ Հարիւրը Ձեռք Բերած Են
Ազրպէյճանական «Շահտենիզ» կազի հանքավայրը շահագործող ընկերութիւններ «Պրիթիշ Փեթրոլիում»(«Պի.Փի.»), «Թոթալ» եւ Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ՍՈՔԱՐ ընկերութիւնը Անդրատրիաթիք խողովակաշարի նախագիծին մէջ 50 առ հարիւր շահաբաժին ձեռք բերած են: Խողովակաշարը Կասպից ծովու բնական ... Շարն.
Յունական Վանքին Մէջ Վանականներու Եւ Յատուկ Ջոկատայիններու Միջեւ Բախում
«Եուրոմակ» կը հաղորդէ, որ յունական Էսֆիկ վանքին մէջ յոյն յատուկ ջոկատայիններու եւ ըմբոստ վանականներու միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ, որոնց պատճառով հոգեւորականներէն մէկը վիրաւորուած է: Խալքիտիքիի դատարանի վճիռին համաձայն, քսան ... Շարն.
Ռուսիա Ճափոնի Առաջարկած Է Միասնաբար Զարգացնել Քուրիլեան Կղզիները
«ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ճափոնական «Քիոթօ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիա, Քուրիլեան կղզիներու պատկանելիութեան հարցի լուծման իբրեւ տարբերակ, Ճափոնի առաջարկած է միասնաբար զարգացնել Հարաւային Քուրիլեան կղզիները` ռուսական օրէնսդրութեան ... Շարն.
Սուրիական Բանակը Հոմսի Խալիտիյա Շրջանը Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ
Սուրիական կառավարական ուժերը երէկ Սուրիոյ երրորդ մեծագոյն քաղաքին` Հոմսի մէջ ընդդիմութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը առին իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ բանակը Խալիտիյայի մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը ... Շարն.
«Նախկին Վարչակարգը Եգիպտացի Ժողովուրդին Պահանջներն Ու Ձգտումները Չիրականացուց» Ըսած Է Էշթըն
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ֆահմի ... Շարն.
«Թուրքիա Կը Պատրաստուի Հետագային Եւս Մուրսին Պաշտպանելու» Յայտարարած Է Պաղըշ
Էկեմեն Պաղըշ «Արմենփրես»` վկայակոչելով «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ յայտարարած է, որ Թուրքիա կը պատրաստուի հետագային եւս Եգիպտոսի պաշտօնանկ եղած ... Շարն.
Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան Բանակցութիւնները Այսօր Կը Վերսկսին Ուաշինկթընի Մէջ
Լիվնի եւ Օրէյքաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ իսրայէլացի եւ պաղեստինցի բանագնացներ այսօր Ուաշինկթընի մէջ պիտի վերսկսին խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի նշեց, որ նախնական ... Շարն.
«Անգարա Պայմանական Ինքնավարութեան Համաձայն Գտնուեցաւ» Կ՛ըսէ Մասլիմ
Սալեհ Մասլիմ Սուրիոյ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մասլիմ, որ անցեալ շաբաթ անակնկալ կերպով Անգարա այցելած էր, «Թի24» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թուրք «պաշտօնատարներ ինծի ըսին, որ ... Շարն.
Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Աւարտած Են Ընդդիմութեան Յաղթանակով
Կիպրոսի լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրած է ձախակողմեան Թրքական հանրապետական կուսակցութիւնը` հաւաքելով քուէներուն 38.37 առ հարիւրը: Երկրորդ ... Շարն.
Տարֆուրի Մէջ Երկու Օրուան Ընթացքին 94 Մարդ Սպաննուած Է
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ արեւմտեան Սուտանի Տարֆուր շրջանին մէջ երկու ցեղախումբերու միջեւ երկու օր շարունակ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով 94 զոհ արձանագրուած է: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով հակամարտող ցեղախումբերէն մէկուն ... Շարն.
Ֆրանչիսկոս Պապը Հոգեւորականներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Չքաւորներու Հետ Հանդիպելու
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Պրազիլի մէջ գտնուող Ֆրանչիսկոս պապը կաթողիկէ հոգեւորականներուն կոչ ուղղած է ձգելու իրենց եկեղեցիներու յարմարաւէտութիւնն ու մերձենալու չքաւորներուն: Ան եպիսկոպոսներուն եւ հոգեւորականներուն առջեւ այս յայտարարութիւնը կատարած է ... Շարն.
«Ժողովուրդին Կամքը Ջարդելէ Ետք, Եգիպտոսի Իշխողները Սկսած Են Իրենց Ժողովուրդը Ջարդել» Ըսաւ Էրտողան
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննադատած է եգիպտական ապահովական ուժերուն կողմէ Իսլամ եղբայրներու համակիրներուն դէմ տասնեակներով զոհ պատճառած բռնի ուժի կիրարկումը` զայն նկատելով «ջարդ» ... Շարն.
Իշխանութիւնները Ռապիա Ատուիայի Եւ Նահտայի Նստացոյցերը Այսօ՞ր Պիտի Ցրուեն. Մուրսիի Համակիրները Կ՛անտեսեն Նստացոյցերը Ցրուելու Սպառնալիքները
Եգիպտոսի պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի համակիրները, հակառակ արձանագրուած տասնեակներով զոհերուն, անտեսեցին Գահիրէի մէջ իրենց նստացոյցերը ցրուելու սպառնալիքները: Իսլամ եղբայրներու անդամներ ցուցարարներուն առջեւ խօսք առնելով յայտնեցին, որ իրենք իրենց իրաւունքները ... Շարն.
Իսրայէլի Նախարարաց Խորհուրդը Պաղեստինցիներուն Հետ Գոյանալիք Համաձայնութեան Շուրջ Հանրաքուէ Կատարելու Որոշում Մը Որդեգրեց
Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը որդեգրեց որոշում մը, ըստ որուն, պաղեստինցիներուն հետ գոյանալիք խաղաղութեան որեւէ համաձայնութեան շուրջ հանրաքուէ պիտի կատարուի: Պենիամին Նեթանիահու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը ... Շարն.
Ըստ Ընդդիմադիր Ազգային Համաձայնական Մարմինի Նախագահին «Ժընեւ-2» Խորհրդաժողովը Կրնայ Սուրիոյ Պատերազմին Վերջ Տալ»
Ահմետ Ժարպա Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպա յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու անմիջական աջակցութեան շնորհիւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը, որուն քննարկման առանցքային նիւթը Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան ձեւաւորումն է, կրնայ ... Շարն.
Սոմալիի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատունը Ականահարուեցաւ
Շաբաթ օր Սոմալիի մայրաքաղաք Մոկատիշուի մէջ ականահարուած ինքնաշարժով անձնասպանական գործողութիւն մը թիրախ դարձուց Թուրքիոյ դեսպանատունը: Յարձակումին պատճառով թրքական մասնայատուկ ուժերու մէկ անդամը սպաննուեցաւ եւ վիրաւորուեցան դեսպանատան ապահովութեան անձնակազմէն երեք թուրքեր, ... Շարն.
ՔԱԿ. «Եթէ Կառավարութիւնը Քայլերու Չդիմէ, Զինադադարը Պիտի Խզուի 15 Հոկտեմբերին»
ՔԱԿ-ի բանտարկուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալան յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ ՔԱԿ-ի միջեւ զինադադարը պիտի խզուի, եթէ կառավարութիւնը քրտական հարցի լուծման հոլովոյթին ընթացքին փոխադարձաբար համաձայնեցուած քայլերը մինչեւ 15 հոկտեմբեր չառնէ: Քրտական համայնքներու ... Շարն.
Եգիպտոսի Մէջ Բանակը Լիազօրելու Եւ Մուրսիին Զօրակցելու Հակադիր Ցոյցեր
Երէկ Եգիպտոսի մէջ հարիւր հազարաւորներ Մուրսիի զօրակցող եւ եգիպտական բանակին` բռնարարքներու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու լիազօրութիւն շնորհելու իրարու հակադիր օրակարգերով հաւաքուեցան տարբեր հրապարակներու վրայ: Բանակը 300 հազար զինուորներ տրամադրեց ցոյցերուն ... Շարն.

