Category: Միջազգային
ՊՈԼԻՍ. ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ` ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԱՌՋԵՒ
Սուրիական ընդդիմութեան մաս կազմող խումբ մը քաղաքացիներ երէկ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պոլսոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան առջեւ: Ցուցարարները բողոքեցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին զօրակցող Մոսկուայի կեցուածքներու դէմ: Սուրիացի ցուցարարները ... Շարն.
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՓՈՒԹԻՆ – ՔԻՍԻՆՃԸՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հենրի Քիսինճըրը, որուն հետ քննարկեց միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք ... Շարն.
ՄԱՐՈՔ. 5 ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ՀՐԿԻԶԵՑԻՆ
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ բողոքելով երկրին մէջ տիրող անգործութեան ծանր կացութեան դէմ, 5 քաղաքացիներ իրենք զիրենք հրկիզած են Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ: Լրատու գործակալութեան համաձայն, 5 երիտասարդները կը ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ԿԻՒԼԻ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ՄԻՆՉԵՒ 2014
Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի նստաշրջանը մինչեւ 2014 երկարաձգելու օրինագիծը, այսպիսով վերջ դնելով անոր նստաշրջանին շուրջ ծագած շփոթին: 2007-ին Կիւլի նախագահ ընտրուելէն ետք Թուրքիոյ մէջ կատարուած էին սահմանադրական ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐՍԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻԻՆ ԱՌՋԵՒ ՌՈՒՄԲ ՄԸ ՊԱՅԹԵՑԱՒ
Թրքական ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Մերսինի կեդրոնատեղիին առջեւ պայթած է ռումբ մը, որ նիւթական մեծ վնասներ պատճառած է, սակայն զոհեր կամ վիրաւորներ չէ խլած, ... Շարն.
ԸՍՏ «ՀԱԱՐԵՑ»-Ի ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ԿԱԶԻ ՊԵՂՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԻՊՐՈՍ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու 16 փետրուարին Կիպրոս պիտի այցելէ, Արեւելեան Միջերկրականին մէջ կազի պեղման աշխատանքներուն եւ երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական համակարգումի ամրապնդման համար: Իսրայէլեան ... Շարն.
ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆ. 4 ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՆ. ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԿԱՍԵՑՈՒՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երէկ, Աֆղանիստանի Քապիսա նահանգին մէջ չորս ֆրանսացի զինուորներու սպանութեան իբրեւ պատասխան Ֆրանսա կասեցուց Աֆղանիստանի մէջ իր բոլոր գործողութիւնները եւ սպառնաց իր բոլոր ուժերը դուրս բերել Աֆղանիստանէն: Հաստատելով ֆրանսացի զինուորներուն մահուան ... Շարն.
Ի՞ՆՉ ԿԸ ԳՐԵՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕՐԱԹԵՐԹԵՐԸ
Թրքական օրաթերթերը անդրադարձած են Թուրքիոյ մէջ հարիւր նոր օրէնքներու, Ֆրանսայի ծերակոյտի իրաւական յանձնախումբին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ որոշումին, 1980-ի պետական յեղաշրջման վերաբերեալ դատական հարցի մը եւ Իրանի ... Շարն.
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴՈՎ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԳԱՀԻՐԷԷՆ
Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եաքոպ Ամիթայ երէկ, դեկտեմբերին իր պաշտօնը ստանձնելու ժամանակ որոշուածին համաձայն, Գահիրէէն մեկնեցաւ Թել Աւիւ` իր շաբաթական արձակուրդը ըմբոշխնելու համար: Գահիրէի օդակայանին մէջ լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ... Շարն.
«ԻՐԱՆ ԻՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԵՐԲԵՔ ՀՈՐՄՈՒԶԻ ՆԵՂՈՒՑԸ ՓԱԿԵԼ ՉԷ ՓՈՐՁԱԾ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱԼԵՀԻ
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն յայտարարեց, որ Իրանի դէմ զինուորական որեւէ գործողութիւն չի ծրագրուիր: «Շատ կարեւոր է, որ Հորմուզի նեղուցին ճամբով ուժանիւթի մատակարարումը շարունակուի: Իրանի իշխանութիւնները պարտաւոր են գործել ... Շարն.
ԳԵՐՄԱՆԱՑԻՆԵՐԸ «ՆԱՊՈՒՔՕ»-ԷՆ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻ՞Ն
Գերմանական «Առ.Տապլեու.Ի» ընկերութեան տնօրէն Եուրկըն Կրոսման «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ընկերութիւնը կրնայ հրաժարիլ կազատարի «Նապուքօ» նախագիծէն: Գերմանական նշեալ ընկերութիւնը «Նապուքօ»-ի մեծ բաժնետէրերէն է: ... Շարն.
«ՆԱՊՈՒՔՕ»-Ի ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ԲԱՐԴԱՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՄՈՌՆԻՆԿՍԹԱՐ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ասիոյ ուժանիւթի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Մոռնինկսթար Քիեւի մէջ երէկ տեղի ունեցած «Բնական կազը եւ Ուքրանիոյ ապագան» խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ... Շարն.
ԸՍՏ ԱԼՃԵՐԻԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ՄԸ ԶԱՆԹԱՆԻ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ԱԶԱՏԱԾ ԵՆ ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ ԱԼՃԵՐԻԱՑԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԸ
Ալճերիոյ խորհրդարանի անդամ Իպրահիմ Ղումա «Հայաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիպիոյ Զանթան քաղաքի ըմբոստներէն ուժ մը ազատած է երկուշաբթի գիշեր Քայիտայի կողմէ առեւանգուելով Լիպիա տարուած ալճերիացի նահանգապետ ... Շարն.
ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՎՐԱՅ ՌՈՒՄԲ ՆԵՏՈՒԱԾ Է
Ռուսական «ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ անծանօթ անձ մը Ուաշինկթընի մէջ Սպիտակ տան ուղղութեամբ ռումբ մը նետած է: Դէպքի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր կնոջ` Միշել ... Շարն.
ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՈՐԵՒԷ ՈՒԺԵՐՈՒ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ. «ԼԻԿԱՅԻ ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ ՔԱԹԱՐԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ» ԸՍԱՒ ԶԻՊԱՐԻ
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ եւ կիրակի օրերը նախատեսուած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին Սուրիա արաբական ուժեր ուղարկելու Քաթարի գաղափարը պիտի ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՍՐԱՅԷԼԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ՔԱԿ-ԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ
Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը` վկայակոչելով Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութիւնները, կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան առանց օդաչուի թռչող «Հերոն» տիպի սարքերը վերջին ամիսներուն հետեւած են Անտիոքի եւ Ատանայի նահանգներուն մէջ թրքական ուժերուն եւ ... Շարն.
ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐ ԱԼՃԵՐԻԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐ ԴԷՊԻ ԼԻՊԻԱ Կ՛ԱՌԵՒԱՆԳԵՆ
Քայիտայի ցանցին մաս կազմող զինեալ խմբակ մը Լիպիոյ սահմանին մօտ գտնուող հարաւարեւելեան Ալճերիոյ Իլիզի նահանգապետը եւ անոր օգնականը առեւանգելով դէպի Լիպիա փախուստ տուին: Ալճերիական «Նահար Ժատիտ» օրաթերթը` վկայակոչելով հաւաստի աղբիւրներ, ... Շարն.
ՍՈՒՐԻԱ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութեան նշեց, որ Դամասկոս քաթարցի պատասխանատուներուն կողմէ Սուրիա արաբական ուժեր ուղարկելու յայտարարութիւններուն նկատմամբ զարմանք կը յայտնէ եւ կտրուկ կերպով կը ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԱԾ ՕԹԱՆ-Ի ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՏԱՐՐԵՐԸ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԲԱՆԻԼ
«Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանը, վկայակոչելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած ՕԹԱՆ-ի` Եւրոպայի մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր տեղակայելու ծրագիրին մաս կազմող եւ հրթիռային յարձակումի մասին նախազգուշացնող ռատարի ... Շարն.
ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԻՐԱՆԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԻՐԵՆՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐԸ ՅԵՏԱՁԳԱԾ ԵՆ
Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ որոշած են իրենց միացեալ ռազմափորձերը մինչեւ ամառ յետաձգել` խուսափելով Իրանի հետ բախումէն: Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը գրէ, որ իսրայէլեան բանակի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ կողմերը այդ ... Շարն.

