Category: Միջազգային

ՍԱԼԵՀ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԻՍԿ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՅՆ ՄԵՐԺԵՑ

ՍԱԼԵՀ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԻՍԿ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՅՆ ՄԵՐԺԵՑ

April 12, 2011

Եմէնի ընդդիմութիւնը երէկ մերժեց Ծոցի երկիրներու խորհուրդի նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ կը թուի, թէ անիկա նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհին անձեռնմխելիութիւն կը շնորհէ: Ընդդիմութեան մերժողական կեցուածքէն կարճ ժամանակ ետք Սալեհի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը ... Շարն.

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ ԳԱՂՏՆԻ ԿԱՊԵՐ

April 12, 2011

«Ուիքիլիքս»ի բացայայտած փաստաթուղթերէն յայտնի դարձած է, որ 16 փետրուար 2007-ին Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Արթուր Լենք հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էնն Տերսիի հետ եւ քննարկած Տաւոսի ... Շարն.

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ՆՈՐ ՑՈՅՑ

April 12, 2011

«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Կիպրոսի «մայրաքաղաք» Լեֆքոշէի մէջ Թուրքիոյ դէմ աննախադէպ ծանր ցոյցին նկատմամբ թրքական մամուլին տպաւորութիւնը այն է, թէ այս անգամ թուրք կիպրացիք շատ հեռու գացած են: ... Շարն.

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑԱԾ Է ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՄԱՆ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

April 12, 2011

Պաքուի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակը կը յայտնէ, որ Եւրոպական Միութիւնը հրապարակած է Ազրպէյճանի մէջ մարդկային հիմնարար ազատութիւններու իրավիճակին վերաբերող յայտարարութիւն մը: Անդրադառնալով երկրին մէջ երիտասարդ գործիչներու ձերբակալման վերաբերեալ 17 մարտի ... Շարն.

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱՊԱԳԱՅ ԱՐՁԱԿԱԶԷՆՆԵՐ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵՆ

April 11, 2011

«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Պի.Պի.Սի.»ի թրքերէն բաժանմունքին կողմէ հաղորդուած լուրի մը համաձայն, թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ազրպէյճան Ղարաբաղի սահմանագիծին մօտիկ վայրերու մէջ կը գործածեն արձակազէններ, որոնք պարբերաբար կրակ կը բանան ... Շարն.

ՕԹԱՆ-Ի ՕԴԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱՍԵՑՆԵՆ ԱԺՏԱՊԻԱՅԻ ԴԷՄ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

ՕԹԱՆ-Ի ՕԴԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱՍԵՑՆԵՆ ԱԺՏԱՊԻԱՅԻ ԴԷՄ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

April 11, 2011

ՕԹԱՆ-ի օդային հարուածները երէկ կասեցուցին Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերուն կողմէ Աժտապիա քաղաքին դէմ շղթայազերծուած մեծ յարձակում մը: ՕԹԱՆ յայտնեց, որ քաղաքի մուտքին 11 հրասայլեր ոչնչացուցած է, իսկ Միսրաթայի մուտքին` 14 ... Շարն.

«ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԲԱՐԵՓՈԽՄԱՆ ՃԱՄԲՈՎ Կ՛ԸՆԹԱՆԱՆՔ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵՆԷՆ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԱՍԱՏ

April 11, 2011

Սուրիոյ նախագահական պալատին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլայ Մլատինովի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Դամասկոս համապարփակ ... Շարն.

ԳԱՀԻՐԻԷ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ Կ՛ԱՆՏԵՍԵՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԸ

ԳԱՀԻՐԻԷ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ Կ՛ԱՆՏԵՍԵՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԸ

April 11, 2011

Աւելի քան հազար ցուցարարներ երէկ անտեսեցին Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակէն հեռանալու եգիպտական բանակին հրամանը եւ քաղաքային իշխանութեան աւելի արագ փոխանցում ու փտած պաշտօնատարներու աւելի խոր մաքրագործում պահանջող իրենց նստացոյցը 3-րդ օրն ... Շարն.

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱՊԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՉՃԱՆՉՑՈՒԱԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

April 9, 2011

Նախանցեալ օր Եւրոպական խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունեց Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութիւնը ամփոփող բանաձեւ մը: Փաստաթուղթին 47-րդ կէտով Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կոչ կ՛ուղղէ աշխուժացնելու ջանքերը` ուղղուած Մերձտնեսթրեան եւ ... Շարն.

ԼԻՊԻԱ. ՄԻՍՐԱԹԱՅԻ ՇՈՒՐՋ ԲՈՒՌՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

ԼԻՊԻԱ. ՄԻՍՐԱԹԱՅԻ ՇՈՒՐՋ ԲՈՒՌՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

April 9, 2011

Լիպիոյ ըմբոստներու բանբեր Հասան Միսրաթի երէկ յայտնեց, որ Քազզաֆիի ուժերը յառաջացած են դէպի Միսրաթա քաղաքի արեւելքը, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ երկու կողմերուն միջեւ թաղային բուռն փախումներ տեղի ունենան ... Շարն.

ԱՍԱՏ ՀԱՍԱՔԷԻ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՇՆՈՐՀԷ

April 8, 2011

Սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանն ու ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հինգշաբթի օր Արեւելեան Սուրիոյ Հասաքէ շրջանին մէջ բնակող քիւրտերու քաղաքացիութիւն շնորհած է: Անոնք մինչեւ այժմ իբրեւ ... Շարն.

ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՕԹԱՆ-Ի ՈՒԺԵՐ ՍԽԱԼՄԱՄԲ 45 ԸՄԲՈՍՏՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՆ

ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՕԹԱՆ-Ի ՈՒԺԵՐ ՍԽԱԼՄԱՄԲ 45 ԸՄԲՈՍՏՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՆ

April 8, 2011

Լիպիացի ըմբոստները կը յայտնեն, որ ՕԹԱՆ-ի օդային հարուած մը երէկ հարուածած է ըմբոստ մարտիկներ` պատճառելով 45 զոհ: Ասիկա մէկ շաբթուան ընթացքին ՕԹԱՆ-ի ուժերուն կողմէ ակներեւ երկրորդ այսպիսի սխալն է, որ ... Շարն.

ԾՈՑԻ ԱՐԱԲՆԵՐԸ ԵՄԷՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀԵՌԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ՄՇԱԿԱԾ ԵՆ

ԾՈՑԻ ԱՐԱԲՆԵՐԸ ԵՄԷՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀԵՌԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ՄՇԱԿԱԾ ԵՆ

April 8, 2011

Քաթարի լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի յայտարարեց, որ Ծոցի երկիրները, որոնք Եմէնի մէջ տագնապի լուծման համար միջնորդութիւն մը կը կատարեն, կը յուսան, որ նախագահ ... Շարն.

ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ – ՄԱՇԱԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

April 8, 2011

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու չորեքշաբթի օր Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալի ... Շարն.

«ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԵՒ ԷՄԻՐԱԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՉԻ ՆՊԱՍՏԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

April 8, 2011

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Մանամայի մէջ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմատ Ալ Խալիֆայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ... Շարն.

ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՈՐՈՇԱԾ Է ԱՒԵԼՑՆԵԼ ՈՂՋԱԿԻԶՈՒՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԵԼԻՔ ԳՈՒՄԱՐԸ

April 7, 2011

«Միկնիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը որոշած է 2012-ին 15 առ հարիւրով աւելցնել Ողջակիզումէն վերապրած հրեաներուն յատկացուելիք գումարը: 2011-ին յատկացուած 110 միլիոն եւրոյի փոխարէն պիտի տրամադրուի 126.7 միլիոն եւրօ: ... Շարն.

ԼԻՊԻԱՑԻ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ՊՐԻՔԱՅԻ ՄՕՏ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ

ԼԻՊԻԱՑԻ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ՊՐԻՔԱՅԻ ՄՕՏ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ

April 7, 2011

Լիպիացի ըմբոստներ քարիւղի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Պրիքա քաղաքին ուղղութեամբ հակայարձակողականի դիմելով վերատիրացան մէկ օր առաջ իրենց կորսնցուցած տարածքներուն: Ճակատէն վերադարձող ըմբոստներ հաղորդեցին, որ Պրիքայի եւ Աժտապիայի միջեւ գտնուող Արպային փոքր ... Շարն.

ԱՍԱՏ-ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

ԱՍԱՏ-ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

April 7, 2011

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ առաւօտեան Դամասկոսի մէջ դռնփակ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Հետագային թրքական եւ սուրիական պատուիրակութիւնները ... Շարն.

ՔՈՆԿՈՅԻ ՄԷՋ ՄԱԿ-Ի ՋԱԽՋԱԽՈՒԱԾ ՕԴԱՆԱՒԻՆ ՕԴԱՉՈՒՆ ՀԱՅ ԷՐ

ՔՈՆԿՈՅԻ ՄԷՋ ՄԱԿ-Ի ՋԱԽՋԱԽՈՒԱԾ ՕԴԱՆԱՒԻՆ ՕԴԱՉՈՒՆ ՀԱՅ ԷՐ

April 6, 2011

Երէկ յստակացաւ Քոնկոյի մէջ արկածի ենթարկուած ՄԱԿ-ի առաքելութիւն իրականացնող օդանաւին զոհերէն քանի մը հատին ինքնութիւնը: «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, օդանաւին հրամանատարը Վրաստանի քաղաքացի է` ազգութեամբ հայ Ալեքսէյ Յովհաննիսեան: «Էրզենա-Ճորճիըն էրուէյզ» ... Շարն.

ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՕՄԱՆԻ ՍԱՀԱՐ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

April 6, 2011

Օմանեան ապահովական ուժերը մայրաքաղաք Մասքաթէն 230 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սահար քաղաքին մէջ ձերբակալութիւններու արշաւի մը դիմելով ձերբակալեցին անհատներ, որոնց շուրջ յառաջիկայ ուրբաթ օրուան նամազէն ետք խռովարարութեանց պատրաստուելու կասկածներ գոյութիւն ... Շարն.