Category: Միջազգային
ԵՄԷՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՆԱԽԱԳԱՀԻ` ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Եմէնի նախագահին կողմէ ձերբակալման, արգելափակման եւ գրաքննութեան յաւելեալ իշխանութեան խնդրանքին ընդառաջելով` երկրին խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց նախագահի` արտակարգ դրութեան հաստատման որոշումը: Խորհրդարանին քայլը նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի եւ անոր հեռացումը պահանջող ... Շարն.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄ ՄԸ ԶՈՀ ՄԸ ԵՒ ՔՍԱՆ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ
Կեդրոնական Երուսաղէմի մէջ երէկ փոխադրակառքերու կեդրոնի մը ականահարումը պատճառեց զոհ մը եւ քսան վիրաւորներ: Ոչ ոք ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը, սակայն իսրայէլեան իշխանութիւնները պաղեստինցիները ամբաստանեցին: Ամբաստանութեան հաստատման պարագային ասիկա տարիներէ ի ... Շարն.
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ ՇԻԻ 100 ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼԱԾ Է
Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան «Մարդկային իրաւանց առաջին ընկերութիւն» կազմակերպութիւնը երէկ յայտնեց, որ սէուտական իշխանութիւնները Արեւելեան Սէուտական Արաբիոյ մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին հարիւր շիի ցուցարարներ ձերբակալած են: Հարիւրաւոր ցուցարարներ ... Շարն.
«ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՓՈՒԹԻՆ
Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին հերքեց այն պնդումները, թէ Ռուսիոյ իշխանութեան արտաքին քաղաքականութիւնը երկդիմի է: Փութին երեքշաբթի օր քննադատած էր Լիպիոյ մէջ արեւմտեան երկիրներու զինուորական գործողութիւնը` զայն համեմատելով խաչակիրներու արշաւանքին հետ: ... Շարն.
ՔԱԶԶԱՖԻԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ԵՐԿՈՒ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ
Մոամմար Քազզաֆիի ուժերը երէկ երկու քաղաքներու դէմ յարձակում գործելով տասնեակներով զոհ պատճառեցին, մինչ ըմբոստները արեւելեան Լիպիոյ մէջ բանտարկուած են, իսկ ՕԹԱՆ քանի մը շաբաթ ետք Միացեալ Նահանգներու հեռանալէն ետք արեւմտեան ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՐԲԵՔ ԼԻՊԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ ԶԷՆՔ ՊԻՏԻ ՉՈՒՂՂԷ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
«Սի. Էն. Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ երէկ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խմբակցութեան նիստի ընթացքին կուսակցութեան ղեկավար, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` անդրադառնալով Լիպիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, յայտարարած ... Շարն.
ԵՄԷՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ՀՐԱԺԱՐԻԼ
Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ երէկ խոստացաւ այս տարեվերջին անմիջապէս հրաժարիլ: Անոր նստաշրջանը կ՛աւարտի 2013-ին: Նախագահական բանբեր Ահմետ Սուֆի նաեւ յայտնեց, որ նախագահը խոստացած է իշխանութիւնը բանակին չյանձնել: Սակայն ընդդիմութիւնը ... Շարն.
«ՀԱՐՑԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄՆ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅԱՑՈՒՄՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Պահրէյնի մէջ «Ժազիրայի վահան»ի ուժերուն դերակատարութիւնը թագաւորութեան կենսական ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԽՈՒԶԱՐԿՈՒԱԾ ԻՐԱՆԵԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾ ՔԱՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԶԷՆՔ-ԶԻՆԱՄԹԵՐՔ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հիւլէական զէնք տեղափոխելու կասկածով Թուրքիոյ օդուժին պահանջով կիրակի օր Տիգրանակերտի օդակայան էջք կատարած իրանեան բեռնատար օդանաւին մէջ յայտնաբերուած է մեծ քանակութեամբ զէնք-զինամթերք: Իրանէն ... Շարն.
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՀԱԿԱՕԴԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի աւագ խորհրդական Հանրի Կուենօ յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ միջազգային միջամտութիւնը հաւանական է, որ «որոշ ժամանակ» եւս տեւէ: Ան նշեց, որ իրերայաջորդ երկու գիշեր տեղի ունեցած օդային ... Շարն.
ԵՄԷՆՑԻ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐ ԿԸ ՄԻԱՆԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ
Մինչ բանակային հրասայլեր եւ զրահապատ մեքենաներ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տեղակայուեցան` պաշտպանելու համար ցուցարարները, Եմէնի բանակէն երեք հրամանատարներ, ներառեալ` բարձրաստիճան զօրավար մը, երէկ միացան նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հրաժարականը պահանջող ընդդիմութեան: ... Շարն.
«ԱՐՏԱՔԻՆ ԴԱՒ ՄԸ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
Պահրէյնի Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆա թագաւորը յայտնեց, որ իր թագաւորութեան դէմ օտար դաւ մը ձախողութեան մատնուած է, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ծոցի դրացի երկիրներէն Պահրէյն ուղարկուած ուժերուն: Պահրէյնի պետական լրատու ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐԱՆԷՆ ՍՈՒՐԻԱ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ՕԴԱՆԱՒ ՄԸ ԿԸ ԽՈՒԶԱՐԿԷ
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը զէնք փոխադրելու կասկածներու հիմամբ Իրանէն Սուրիա ուղղուող օդանաւի մը ստիպած է էջք կատարել Տիգրանակերտի օդակայանը: «Իլիուշին Իլ-76 Թի.Տի.» տիպի բեռնատար օդանաւը Թուրքիոյ ... Շարն.
ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑ. ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ԵՆ 15 ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ
Փոքրաթիւ ցուցարարներ երէկ հաւաքուեցան Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին առջեւ` պահանջելով իրենց ձերբակալեալ ընտանեկան պարագաներուն ազատ արձակումը: Ոստիկանութիւնը միջամտելով ձերբակալեց անոնցմէ 15-ը: Շարն.
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԼԻՊԻՈՅ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՕԴԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ
Արեւմտեան ուժեր «Ոդիսականի արշալոյսը» գործողութեան ծիրին մէջ հարուածեցին Լիպիոյ օդային պաշտպանութեան համակարգը եւ երէկ անոնց օդուժէն օդանաւեր շրջեցան երկրին վերեւ, սակայն անոնց միօրեայ միջամտութիւնը դիւանագիտական լուրջ յետքայլ մը ապրեցաւ, երբ ... Շարն.
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԸ ՈՐԴԵԳՐՈՒԵՑԱՆ ՔՈՒԷՆԵՐՈՒՆ 77 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐՈՎ
Եգիպտոսի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու շուրջ հանրաքուէին հսկող յանձնախումբը յայտարարեց, որ 18.5 միլիոն քուէարկողներ մասնակցած են հանրաքուէին: Այդպիսով հանրաքուէին մասնակցութեան համեմատութիւնը 41 առ հարիւր եղած է: Յանձնախումբը յայտարարեց, որ սահմանադրական բարեփոխումները ... Շարն.
ՊԱՀՐԷՅՆ ՄԱԿ-ԷՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ «ԻՐԱՆԵԱՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ» ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ
ՄԱԿ-ի մօտ Պահրէյնի պատուիրակութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յանձնեց նամակ մը, որով կը բողոքէ Պահրէյնի ներքին հարցերուն Իրանի միջամտութեան դէմ: Նամակը Պան Քի Մունէն կը խնդրէ իրանեան միջամտութեան վերջ տալու համար ... Շարն.
ՄԱՐՈՔԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ
Հարիւրաւոր անձեր, ներառեալ` իսլամականներ, երէկ Ռապաթի, Քազապլանքայի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ մասնակցեցան ժողովրդավարական բարեփոխումներ եւ ընկերային արդարութիւն պահանջող ցոյցերու: Մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ ցուցարարները կը բացագանչէին. «Մարոքցի ժողովուրդը փոփոխութիւն ... Շարն.
ԵՄԷՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՑԵՂԱԽՈՒՄԲԸ ԱՆՈՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ երէկ մաս կազմեցին իշխանամէտ զինեալներու կողմէ սպաննուած ցուցարարներու յուղարկաւորութեան, իսկ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի ցեղախումբը անոր կոչ ուղղեց հրաժարելու, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը վայելող նախագահը ... Շարն.
ԴԱՇՆԱԿԻՑ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԼԻՊԻՈՅ ՎԵՐԵՒ ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ԱՐԳԻԼԵԱԼ ԳՕՏԻ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ
Բրիտանիա եւ Ֆրանսա երէկ Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու ջանքերուն մէջ յառաջատար դերակատարութիւն ստանձնեցին` շրջան պատերազմական օդանաւեր ուղարկելով եւ այսօր Փարիզի մէջ ՄԱԿ-ի եւ արաբական երկիրներուն մասնակցութեամբ վեհաժողով մը ... Շարն.

