Category: Միջազգային
Թուրքիոյ «Փտածութեան Գայթակղութենէն» Ետք Էրտողանի Եւ Անոր Կուսակցութեան Վարկանիշը Անկում Կրած Է
Թրքական «Զաման» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ բացայայտուած փտածութեան գայթակղութենէն ետք` կառավարութեան քաղաքականութեան նկատմամբ հասարակութեան վստահութեան լուրջ անկում արձանագրուած է: Տեղեկութիւններու հաւաքման եւ ուսումնասիրման «Ճիհան» կեդրոնի կատարած հարցախոյզները ... Շարն.
Ազրպէյճանի Վարչապետը Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ Շտապ Խորհրդակցութիւն Կատարած Է
Արթուր Ռասիզատէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի վարչապետ Արթուր Ռասիզատէ 21 յունուարին երկրին պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ շտապ խորհրդակցութիւն կատարած է: Խորհրդակցութեան ընթացքին ... Շարն.
Երկիր Մոլորակի Բնակչութեան Կէսը Կ՛ուզէ Լքել Իր Հարազատ Երկիրը
«Յոյսի ու յուսահատութեան համաշխարհային ցուցանիշ» տարեկան հարցախոյզը այս տարի կատարուած է աշխարհի 65 երկիրներու մէջ, եւ ատոր արդիւնքները կը վկայեն, որ Երկիր մոլորակի բնակչութեան կէսէն աւելին կը փափաքի այլ երկիր ... Շարն.
Նոր Զելանտան Կրնայ Նոր Պետական Դրօշ Ունենալ
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճոն Քին հաղորդած է, որ կառավարութիւնը պիտի քննարկէ պետական դրօշի փոփոխութեան հարցով հանրաքուէ կատարելու հարցը: «Թեքնիք գետնի վրայ այդ հարցը կրնայ ... Շարն.
«Թուրքիա Եւ Իրան Պարտին Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Համար Համագործակցիլ» Կ՛ըսէ Կիւլ
Կիւլ եւ Ռուհանի Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Իրան եւ Թուրքիա պարտին համագործակցիլ եւ ջանք թափել սուրիական տագնապին լուծման համար: Ան ... Շարն.
Քերրի-Զարիֆ Հանդիպում` Միւնիխի Մէջ
Զարիֆ եւ Քերրի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Միւնիխի մէջ բանակցութիւններ վարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ: Բանակցութիւնները ... Շարն.
Պահչելի` Էրտողանի Եւ Փտածութեան Մասին
Տեւլեթ Պահչելի Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ ազգայնամոլներու կուսակցութեան` Ազգային շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի Թուրքիոյ մէջ կաշառակերութեան եւ փտածութեան մասին շարք մը յայտարարութիւններ կատարած է: «Ո՛վ կ՛ուզէ թող ըլլայ, ... Շարն.
Սուրիոյ Մէջ Ազրպէյճանցի Զինեալ Մը Սպաննուած Է
Օրհան Ռահիմուլլահ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ժիհատականներու պատկանող կայքէջին վրայ տարածուած տեղեկութեան մը, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ սպաննուած է ծայրայեղական իսլամներու շարքերուն մէջ կռուող ազրպէյճանցի զինեալ մը: Կը ... Շարն.
Իպրահիմի Սուրիական Պատուիրակութիւնները 10 Փետրուարին Հրաւիրեց Ժընեւ` Բանակցութիւնները Շարունակելու
Լախտար Իպրահիմի Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ¬ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ Ժընեւի մէջ մէկ շաբաթ տեւած բանակցութեանց առաջին փուլի աւարտէն ետք Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութիւնները 10 փետրուարին ... Շարն.
Թրքական Կառավարութիւնը 800 Ոստիկաններ Պաշտօնէ Կը Հեռացնէ
Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ թրքական կառավարութիւնը 800 ոստիկաններու նկատմամբ որդեգրած է միջոցառումներ, ներառեալ` պաշտօնազրկում կամ այլ պաշտօնի վրայ նշանակում: «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ բարձրաստիճան սպաներ ... Շարն.
Նախընտրական Կիրքեր Թուրքիոյ Մէջ. Տիգրանակերտի Մէջ Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Միջեւ Ծեծկռտուք
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի մէջ ընդդիմադիր երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ վիճաբանութիւնը աւարտած է ծեծկռտուքով եւ ինքնաշարժներու հրկիզումով: Արձանագրուած է 16 վիրաւոր: Միջադէպը տեղի ունեցած է հինգշաբթի ... Շարն.
Ժընեւի Մէջ. Սուրիոյ Կառավարական Եւ Ընդդիմադիր Պատուիրակութեանց Իպրահիմիի Հետ Ունենալիք Գիշերային Հանդիպումները Ջնջուեցան
Լախտար Իպրահիմի Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիէն աղբիւր մը ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութեանց հետ երէկ ... Շարն.
Իպրահիմի Ուրբաթ Օրուընէ Առաջ Լուրջ Ու Շօշափելի Բան Մը Չի Սպասեր
Լախտար Իպրահիմի Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտարարեց, որ սուրիական կողմերը պատրաստ են երկխօսութիւնը շարունակելու, սակայն անոնց միջեւ մեծ վիհ մը գոյութիւն ունի` նշելով, որ ... Շարն.
«Ուքրանիոյ Հետ Համաձայնագիրները Պիտի Պահպանուին` Նոյնիսկ Եթէ Իշխանութեան Գայ Ընդդիմութիւնը» Կ՛ըսէ Փութին
Վլատիմիր Փութին Vedomosti.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական զարգացումներուն, ըսած է, որ Մոսկուան երկխօսութիւն պիտի կատարէ այդ երկրի նոր կառավարութեան հետ` ... Շարն.
Ռուհանի. «Հիւլէական Մարզին Մէջ Իրանի Գործունէութիւնը Եղած Է Եւ Կը Շարունակէ Մնալ Խաղաղ Բնոյթի»
Հասան Ռուհանի ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ հիւլէական մարզին մէջ Իրանի գործունէութիւնը ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը Թուրքիա Իր Այցելութիւնը Չեղեալ Յայտարարած Է
«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլի Թուրքիա այցելութիւնը չեղեալ յայտարարուած է: Ըստ տեղեկատուութեան, այցելութիւնը չեղեալ յայտարարելու պատճառները տակաւին յայտնի չեն: Կը ... Շարն.
Ժընեւի Մէջ Երէկուան Բանակցութիւնները Անելի Մատնուեցան
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի միջնորդութեամբ Սուրիոյ կառավարական ու ընդդիմադիր պատուիրակութեանց միջեւ Ժընեւի մէջ երէկուան բանակցութիւններու առաւօտեան նիստին ընթացքին անել կացութիւն մը ստեղծուեցաւ, որուն պատճառով ... Շարն.
Ուքրանական Տագնապ. Եանուքովիչ Ընդունած Է Ազարովի Եւ Նախարարաց Խորհուրդի Հրաժարականը
Ազարով եւ Եանուքովիչ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ ստորագրած է վարչապետ Նիքոլայ Ազարովը պաշտօնէն հեռացնելու մասին հրամանագիրը: Համապատասխան հաղորդագրութիւնը տեղակայուած է նախագահի պաշտօնական կայքին ... Շարն.
Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Հաստատման Կամ Բռնարարքներու Մակարդակը Նուազեցնելու Շուրջ Համաձայնութիւն Չգոյացաւ
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի կէսօրէ ետք երկու պատուիրակութեանց հետ անջատ հանդիպումներ ունենալէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «կը փորձենք գործադրել Ժընեւի ... Շարն.
Եգիպտոսի Զինուորական Խորհուրդը Սիսիի Նախագահութեան Թեկնածու Ներկայանալուն Համաձայն Է
Մարաջախտ Ապտելֆաթթահ Սիսի Եգիպտոսի զինուորական խորհուրդը երէկ նիստ մը գումարեց` նախագահութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ապտելֆաթթահ Սիսիի, քննարկելու համար Սիսիի Եգիպտոսի նախագահութեան թեկնածու ներկայանալու հարցը: Խորհուրդը զօր. Սիսիի հրաժարականը ընդունեց եւ ... Շարն.

