Category: Գաղութային
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ. «ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ» ԳԻՐՔԻ ԳԻՆԵՁՕՆ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանահայ բժշկական միութեան, երէկ` երեքշաբթի, 12 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեանի «Ընտանիքի սեռային առողջապահութիւն» գիրքի գինեձօնը: Բացման խօսքը արտասանեց Տիգրան Վարդապետեան, ... Շարն.
ՄԵՆԱՍԱՐԹ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ
Կազմակերպութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ ՄԵ. ՆԱ. ՍԱ. (Միջին Արեւելք, Հիւսիսային Ափրիկէ, Հարաւային Ասիա) անունը կրող արուեստի կորիզին, երէկ` երեքշաբթի, 12 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Պիել»ի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ՄԵՆԱՍԱՐԹ միջազգային ... Շարն.
ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ
Երէկ կէսօրին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեց եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Հայկ Դեմոյեան: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Հայոց ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ
Երէկ` երկուշաբթի, 11 յուլիս 2011-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի նոր նշանակուած հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոս հայր Ռաֆայէլ Մինասեանը, որուն կ՛ընկերանար լիբանանահայ մտաւորական Սարգիս Նաճարեան: Հայր Ռաֆայէլ Վատիկանի կողմէ վերջերս նշանակուած ... Շարն.
ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Հայկ Դեմոյեան շաբաթ կէսօրին այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Դեմոյեան յաջորդաբար պիտի զեկուցէ 100-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման ռազմավարական մօտեցումներուն ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Երէկ` ուրբաթ, 8 յուլիս 2011-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի հայրապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Վեհափառին եւ դեսպան Քոչարեանի խօսակցութեանց առանցքը հանդիսացան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած ... Շարն.
«ՏՈՆՆԱ ՌՈԶԱ ԷԼ ՍԱԼՎԱՏՈՐ. ՄՕՐԱՔՈՅՐԸ ՊՐԱԶԻԼԷՆ` ԿՐԿԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ» ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
1 յուլիսէն սկսեալ ամէն ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի օրերը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կը ներկայացուի «Տոննա Ռոզա Էլ Սալվատոր. մօրաքոյրը Պրազիլէն` կրկին Պէյրութի մէջ» կատակերգութիւնը` բեմադրութեամբ եւ գլխաւոր դերակատարութեամբ ... Շարն.
ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ` ՍՈՒՐԻՈՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ «ՇՈՒՐՈՒՖԱԹ» ԵՐԿՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ՅՈՒԼԻՍԻ ԹԻՒԻ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը ունի զանազան հրատարակութիւններ եւ պարբերականներ. անոնցմէ մէկն է «Շուրուֆաթ» երկշաբաթաթերթը, որ կը բովանդակէ մշակութային նիւթեր` արուեստ, երաժշտութիւն, գրականութիւն, նախարարի տեսակէտ, թիւի անձնաւորութիւն եւ այլն: Յուլիս ամսուան համար ... Շարն.
«ԱԶԴԱԿ»Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆԻ ԲԱԺԻՆԻ ՅՈՒԼԻՍԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Ազդակ»ի կայքէջի արաբերէնի բաժինը արդէն յուլիս ամսուան յատուկ լուրերով եւ իրադարձութիւններով թարմացուած է: Հիմնական տեղեկատուութիւնն ու վերլուծական յօդուածները կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, Քազանի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն ... Շարն.
«ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է ԵՒ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ, ՔԱՆ ՈՐԵՒԷ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Հինգշաբթի, 7 յուլիս 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ կաթողիկէ ընտանիքի նախագահ Մաթար արքեպիսկոպոս, բողոքական ... Շարն.
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ
Երկուշաբթի, 4 յուլիս 2011-ին, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի արեւելեան ուղղափառ (ոչ քաղկեդոնական) եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու` ղպտի եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. պատրիարքի, ասորի եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. պատրիարքի եւ Մեծի Տանն ... Շարն.
8-ՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ «ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»Ի «ԵԿԷ՛Ք ՇԱՐԱԴՐԵՆՔ» ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ` երեքշաբթի, 5 յուլիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահը հաւաքուած էին «Ազդակ»ի «Պզտիկ-Մզտիկ» մանկապատանեկան յաւելուածի խմբագրակազմին կազմակերպած «Եկէ՛ք շարադրենք» մրցումին մրցանակակիր աշակերտները` իրենց ծնողներով: Բացման խօսքով «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրակազմի ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 16 –ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Երէկ` կիրակի, 3 յուլիս 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 16-րդ ... Շարն.
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 165-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ), Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 165-ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 3 յուլիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ... Շարն.
ՓԱՌԱՏՕՆ Ի ՔԱՂԱՔՆ ՎԱՆ» ՆԻՒԹՈՎ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՓԱԿՄԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, 2 յուլիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի 2010-2011 տարեշրջանի փակման ... Շարն.
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Անցնող երկու օրերուն ընթացքին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ յաջորդաբար տեղի ունեցան միջեկեղեցական հանդիպումներ: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Կրկես Սալեհին հետ: ... Շարն.
ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀՄԸՄ-Ի ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ` ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԿԱՐԳԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գործադրուող եւ ճշդուած եզրով մը անոր արժանի դարձողներուն տրուող սկաուտական բարձրագոյն` Արարատեան կարգի տուչութիւնը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 29 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ... Շարն.
«ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ-ԵՌԱԳՈՅՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` հինգշաբթի, 30 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՍՐՏԱՅԻՆ ԱՆԲԱՒԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան, երէկ` հինգշաբթի, 30 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեան գերճնշումէն սրտային անբաւարարութիւն» նիւթով դասախօսութիւնը` անգլերէնով: Օրուան բանախօսն էր սրտաբան տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան: ... Շարն.
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ» ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ աստուածաբանական «Վոլօ ակադեմիա»ի միացեալ նախաձեռնութեամբ, 20-23 յունիս Յունաստանի հիւսիսային Վոլօ ծովեզերեայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ եռօրեայ խորհրդաժողով մը, որուն գլխաւոր նիւթն էր «Քրիստոնեաները ... Շարն.

