Category: Մարզական
Էն. Պի. Էյ. Լէյքըրզ Յաղթեց Նեթցի (92-83)` Առանց Հաուըրտի
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն ծիրին մէջ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 92-83 արդիւնքով յաղթեց Պրուքլին Նեթցի: Անիկա իր այս յաղթանակը արձանագրեց առանց Տուայթ Հաուըրտի, որ յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով ... Շարն.
Հայաստանի Հաւաքականը Չկրցաւ Յաղթել Լիւքսամպուրկին
Հայաստան - Լիւքսամպուրկ ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու բարեկամական խաղը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` Ֆրանսայի մէջ, վերջ գտաւ հաւասարութեամբ` 1-1 արդիւնքով: Շարն.
Մովսիսեանի Առաջին Կոլը` Սպարտակ Մոսկուայի Հետ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Սպարտակ Մոսկուա բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ տեղւոյն կազմերէն Տաֆրայի դէմ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ այս ... Շարն.
Այսօր` Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցումներու Օր. Անգլիա – Պրազիլ, Հոլանտա – Իտալիա Եւ Ֆրանսա – Գերմանիա` Հետաքրքրական Հանդիպումներու Շարքին
ՖԻՖԱ-ին կողմէ այսօր` չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2013-ին, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական օր մը ըլլալով, տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ հետաքրքրական հանդիպումներ: Անոնց կարգին պիտի ըլլան Անգլիա - Պրազիլ, Հոլանտա - Իտալիա եւ ... Շարն.
Գագիկ Ծառուկեանի Անուան Կռփամարտի Մրցաշարքը Պիտի Նուիրուի Վլատիմիր Ենգիբարեանի Յիշատակին
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախորդ կիրակի, 3 փետրուարին, Երեւանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենար կռփամարտի ողիմպիական նախկին ախոյեան Վլատիմիր Ենգիբարեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը: Արարողութենէն անմիջապէս ետք Հայաստանի ազգային ողիմպիական ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Հիթ Յաղթեց, Ճէյմս Նշանակեց 31 Կէտ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած Մայեմի Հիթ - Շարլոթ Հոռնեթց ճակատումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 99-94 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 31 կէտ, ... Շարն.
Զաւի Երկու Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին փլէյմէյքըրը` Զաւի, որ նախորդ շաբաթավերջին Վալենսիայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Լա Լիկա») վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Թիակօ Ալքանթարայով, երկու շաբաթով պիտի բացակայի ... Շարն.
Մայորքա Եւ Փալերմօ Պաշտօնանկ Ըրին Իրենց Մարզիչները
«ԼԱ ԼԻԿԱ»-ի կազմերէն Մայորքա շաբաթասկիզբին պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Խուաքին Քափարոսը, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Անիկա նախորդ շաբաթավերջին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Ռէալ Սոսիետատէն, այժմ կը գրաւէ ... Շարն.
Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Այսօր` Հայաստան – Լիւքսամպուրկ
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` երեքշաբթի, 5 փետրուարին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը մրցի Լիւքսամպուրկի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ ֆրանսական ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` «Էօ. Էն. Պէ.» – ՀՄԸՄ Պէյրութ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ Պէյրութ այսօր` երեքշաբթի, 5 փետրուարին կը մրցի «Էօ. Էն. Պէ.»-ին դէմ: Մրցումը, ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 10 Փետրուարին` «ՀՄԸՄ-ի Հանդիպում» Երկար Վազքի Մրցումը
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աթլեթիզմի յանձնախումբը կը շարունակէ կատարել աթլեթիզմի իր սովորական փորձերը, ամէն կիրակի առաւօտեան ժամը 8:00-9:30: Առաջին փորձ-մրցումները պիտի սկսին «ՀՄԸՄ-ի հանդիպում» երկար վազքի մրցումով: Այս մրցումներուն պիտի ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Սատաքա – Պրուս Քաֆէ Աւարտականի Առաջին Մրցումը
Հետեւելով Սատաքայի օրինակին` Լիբանանի ախոյեան Պրուս Քաֆէ իր կարգին ապահովեց Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, երբ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Սեն Ժոզեֆի: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, անիկա հինգ ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Մանչեսթըր Եունայթըտ, Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Ամրապնդեցին Իրենց Դիրքերը
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, պարագլուխի դիրքերուն վրայ գտնուող հինգ կազմերէն չորսը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ամրապնդեցին իրենց ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Սելթիքսի Չորրորդ Յաջորդական Յաղթանակը
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Պոսթըն Սելթիքս արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, հակառակ անոր որ խումբէն կը բացակայէր Ռաժոն Ռոնտօ (վիրաւոր): Անիկա 106-104 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս ... Շարն.
Ճատրակ. Լեւոն Փապուճեան` Հայաստանի Արագ Ճատրակի Ախոյեան
Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի արագ ճատրակի 2013-ի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 8-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Կրանտմասթըր Լեւոն Փապուճեան ապահովելով 7,5 կէտ (առաւելագոյն 8-էն) հանդիսացաւ Հայաստանի արագ ճատրակի ... Շարն.
Անն-Մարի Ապտել Քարիմի Պասքեթպոլի Աղջկանց Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կէտի Մը Տարբերութեամբ (37-36) Պարտուեցաւ Հուփս Պէյրութէն
Շաբաթ, 2 փետրուար 2013-ին տեղի ունեցաւ Անն-Մարի Ապտել Քարիմի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի աղջկանց 2-րդ մրցաշարքին բացման հանդիսութիւնը, որուն կանխեցին եւ յաջորդեցին կարգ մը մրցումներ: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ... Շարն.
«Ինծի Համար Մեծ Պատիւ Է Ազգային Հաւաքական Հրաւիրուիլը» Ըսաւ Արսէն Բեգլարեան
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նորեկ բերդապահ Արսէն Բեգլարեան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ ազգային հաւաքական հրաւիրուելու հետ առնչութիւն ունեցող նիւթին շուրջ իր ունեցած զգացումներուն ... Շարն.
Պարսելոնա` 21-րդ Դարու Լաւագոյն Ակումբը
Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան ֆետերասիոնը հրապարակեց 21-րդ դարու լաւագոյն ակումբներուն ցանկը: «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան համաձայն, Փիւնիկ Երեւան 657,5 կէտով կը գտնուի 191-րդ դիրքին վրայ, Միքա Երեւան` 258-րդ (551,5 կէտ), Բանանց` ... Շարն.
Մանչեսթըր Եունայթըտ Դարձաւ 3 Միլիառ Ամերիկեան Տոլար Արժողութեամբ Մարզական Առաջին Խումբը
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը դարձած է աշխարհի առաջին արհեստավարժ մարզական ակումբը, որուն արժէքը աւելի է 3 միլիառ ամերիկեան տոլարէն: Այսպիսով, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ 19 ... Շարն.
ՖԻՏԷ-ի դասաւորում. Լեւոն Արոնեան 2809 Կէտով 3-րդ Դիրքին Վրայ
ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած ճատրակի միջազգային նոր դասաւորման մէջ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 2809 կէտով կը շարունակէ մնալ 3-րդ դիրքին վրայ: Ան այժմ միայն մէկ կէտով ետ կը մնայ 2-րդ դիրքին ... Շարն.

