Category: Մարզական
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Տղոց Հինգերորդ Յաջորդական Յաղթանակը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սանթրալը: ՀՄԸՄ Պէյրութ արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պըրժ Այնթուրա` 61-46
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 13 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ 61-46 արդիւնքով յաղթեցին Պըրժ ... Շարն.
Ճատրակ. Ֆրերներու Ամանորի Մրցաշարք. Նանօր Առնելեան` Առաջին, Հրակ Լախեան` Երկրորդ, Քլակ Մարտիրոսեան, Ճիօ Գալուստ Եւ Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան` Երրորդ
Կազմակերպութեամբ Ֆրերներու ակումբին (Ֆըրն Շըպպեք), երէկ` կիրակի, 13 յունուարին տեղի ունեցաւ Ամանորի ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ... Շարն.
Գրիգոր Մելիքսէթեան Փորձեր Կը Կատարէ Արարատի Հետ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ներկայիս 26 տարեկան բերդապահ Գրիգոր Մելիքսէթեան փորձեր կը կատարէ Արարատ Երեւանի հետ: Ակումբի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Նախորդ շաբաթավերջին իր գումարած հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Արեւմտեան Ասիոյ պիչ-ֆութպոլի առաջին ախոյեանութիւնը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար յառաջիկայ մարտին` Իրանի մէջ, այժմ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ... Շարն.
Թենիս. Նալպանտեան Պիտի Չմասնակցի Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Մրցաշարքին
Արժանթինահայ թենիսմեն Դաւիթ Նալպանտեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ տարուան առաջին կրան շլեմի` Աւստրալիոյ թենիսի միջազգային մրցաշարքին: Ան, այս մրցաշարքին պիտի չմասնակցի ոչ թէ ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Մանչեսթըր Եունայթըտ – Լիվըրփուլ` 2-1. Պարսելոնա Երթի Մրցումները Աւարտեց Առանց Պարտութեան
Մանչեսթըր Եունայթըտի յաղթական կազմը Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Անգլիոյ 22-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը իրարու դէմ հանեց Մանչեսթըր Եունայթըտը եւ Լիվըրփուլը: Անիկա աւարտեցաւ Եունայթըտի յաղթանակով` ... Շարն.
Միքայէլ Լաուտրուփի Զաւակը` Անտրէաս, Միացաւ Սենթ Էթիենի
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի եւ Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Միքայէլ Լաուտրուփի զաւակը` Անտրէաս, Դանիոյ ախոյեան Նորտսժայելանտէն մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ Սենթ Էթիենի: 22 ... Շարն.
Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Պէյրութի Փոխարէն` Մանիլա
Յակոբ Խաչերեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին թեքնիք յանձնախումբը իր գումարած նիստերէն մէկուն ընթացքին որոշեց Ասիոյ պասքեթպոլի ազգային խումբերու 27-րդ ախոյեանութիւնը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութէն փոխադրել Ֆիլիփեան կղզիներու մայրաքաղաք Մանիլա: 1-11 օգոստոսին տեղի ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պըրժ Այնթուրա, Ապա` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սանթրալ
Այսօր` շաբաթ, 12 յունուար 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի կազմերը մրցումներ ունին կատարելիք: Լիբանանի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Լիվըրփուլ
Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ կատարուելիք ճակատումներուն շարքին կարեւորագոյն մրցումներէն մէկը տեղի պիտի ունենայ Անգլիոյ մէջ, ուր Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի հիւրընկալէ Լիվըրփուլը: Ստորեւ կու տանք ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Շապապ Հումին Թահթա Մրցումը` Քֆարժոզի Մէջ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը պիտի մեկնի հարաւ, ուր Քֆարժոզի դաշտին վրայ պիտի մրցի Շապապ Հումին Թահթա խումբին դէմ: Մրցումը պիտի սկսի ... Շարն.
Արթուր Աբրահամ Պարգեւատրուեցաւ «Պօղոս Նուպար» Մետալով
Կռփամարտի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ պարգեւատրուեցաւ նախարարութեան «Պօղոս Նուպար» մետալով, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը: Նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման ընթացքին, ... Շարն.
Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը տուաւ կարգ մը որոշումներ` խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք անդամներուն մեծամասնութեան հետ: Որոշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Րաֆֆի Մումջողլեանի թեկնածութիւնը առաջադրել` փինկ փոնկի միջազգային ... Շարն.
Ժորա Յովհաննիսեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Փախթաքորի Հետ
Ժորա Յովհաննիսեան (ձախին) Իր լուրը քաղելով championat.uz կայքէջէն` Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Ժորա Յովհաննիսեան իր առաջին կոլը նշանակեց իր նոր ակումբին` ... Շարն.
Արսէն Պապիկեան` Քուպանի Գլխաւոր Մարզիչին Օգնականներէն Մէկը
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը` կը տեղեկացնէ, որ Քրասնոտարի Քուպանի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Լէոնիտ Քուչուքի օգնականներէն մէկը հանդիսացաւ Արմաւիրի, Թորփետոյի նախկին մարզիչ Արսէն Պապիկեան: Իր լուրը քաղելով ակումբին պաշտօնական կայքէջէն` հայկական ... Շարն.
Դահուկարշաւ. Փոքրերու Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ Յառաջիկայ Շաբթուան
Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք փոքրերու մրցաշարքը` յետաձգուեցաւ յառաջիկայ շաբթուան` կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով: Այժմ անոնք տեղի պիտի ունենան 19-20 յունուարին` Արզի շրջանին ... Շարն.
Յառաջիկայ 18-21 Յունուարին ՖԻՏԷ-ի Նախագահական Խորհուրդին Նիստը` Ծաղկաձորի Մէջ
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 18-21 յունուարին Ծաղկաձոր պիտի հիւրընկալէ ՖԻՏԷ-ի նախագահական խորհուրդի անդամները: Տեղի ունենալիք այդ նիստին ՖԻՏԷ-ի պատուիրակութիւնը Հայաստան պիտի ժամանէ անոր նախագահին` Քիրշան Իլիումժինովի գլխաւորութեամբ: ... Շարն.
Ճատրակ. Կիրակի, 13 Յունուարին` Ֆրերներու Մրցաշարքը
Կազմակերպութեամբ Ֆրերներու Նոթր Տամ վարժարանի ճատրակի ակումբին, կիրակի, 13 յունուարին տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` վարժարանի սրահներուն մէջ (Ֆըրն Շըպպեք): Տեղի պիտի ունենան 8, 10, 12, 14 եւ ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Լուսաբանէ. «Վարդան Մինասեանին Քուպանի Գլխաւոր Մարզիչի Պաշտօնին Համար Առաջարկ Չէ Ներկայացած»
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր պաշտօնական կայքէջին վրայ լուր մը հրապարակելով լուսաբանութիւններ տուաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանին որեւէ առաջարկ չէ ներկայացուած Քուպանի կողմէ` ստանձնելու համար ակումբի ... Շարն.

