Category: Մարզական

Միլանով Հանդիսացաւ Պուլկարիոյ Ամէնէն Երիտասարդ Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Միլանով Հանդիսացաւ Պուլկարիոյ Ամէնէն Երիտասարդ Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

December 29, 2012

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիթեքս Լովեչի միջնապահ Ճիորճի Միլանով ընտրուեցաւ Պուլկարիոյ 2012 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Ան այսպիսով հանդիսացաւ երկրին ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը (20 տարեկան), որ կը տիրանայ այս ... Շարն.

«Մարքա» Ներկայացուց 2012 Տարուան Ֆութպոլի Խորհրդանշական Հաւաքականը

December 29, 2012

Սպանական հանրածանօթ «ՄԱՐՔԱ» մարզական օրաթերթը ներկայացուց 2012 տարուան ֆութպոլի խորհրդանշական հաւաքականը` բնականաբար 70 հազար անձերու կարծիքը ստանալու համար համացանցին ընդմէջէն իր ուղղած հարցումներէն ետք: Այդ հաւաքականին մաս կազմող 12 մարզիկներէն ... Շարն.

Էն. Պի. Էյ. Քլիփըրզի 15-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

December 29, 2012

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան երկու մրցումներ: Լոս Անճելըսի մէջ Քլիփըրզ, որ 106-77 արդիւնքով յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսի, արձանագրեց իր 15-րդ յաջորդական յաղթանակը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Անդրանիկ Պէյրութ – Ամշիթ` 82-103

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Պէյրութ – Ամշիթ` 82-103

December 28, 2012

Անդրանիկ - Ամշիթ երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ - Ամշիթ մրցումը: ... Շարն.

Բակօ Սահակեան Դրամական Պարգեւներ Յանձնեց Մարզիկներուն

Բակօ Սահակեան Դրամական Պարգեւներ Յանձնեց Մարզիկներուն

December 28, 2012

Երէկ` հինգշաբթի, 27 դեկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ 2012-ին բացառիկ յաջողութիւններ արձանագրած մարզական բնագաւառի խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ: Իր ելոյթին ընթացքին նախագահը անդրադարձաւ հանրապետական մարզական կեանքին մէջ ... Շարն.

2012-ին Հայ Մարզիկները Տիրացած Են 150 Մետալի

December 28, 2012

Հայաստանի Հանրապետութեան մարզական հաւաքականները աշխարհի եւ Եւրոպայի պատանիներու, երիտասարդներու եւ մեծերու ախոյեանութիւններուն տիրացած են 30 ոսկի, 46 արծաթ եւ 74 պրոնզ մետալներու, ընդհանուր հաշիւով` 150 մետալի, կը յայտնէ PanArmenian.Net լրատուական ... Շարն.

Լիւքսամպուրկի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Հաստատեց Հայաստանի Դէմ Տեղի Ունենալիք Բարեկամական Մրցումին Լուրը

December 28, 2012

Ինչպէս յայտնի է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 5 փետրուար 2013-ին ֆրանսական Վալանս քաղաքին մէջ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Լիւքսամպուրկի դէմ: Այս առնչութեամբ ArmFootball.com լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, ... Շարն.

«2013-ը Հայ Ժողովուրդին Համար Թող Ըլլայ Խաղաղութեան Եւ Բարօրութեան Տարի»  Ըսաւ Հրաչեայ Ռոստոմեան

«2013-ը Հայ Ժողովուրդին Համար Թող Ըլլայ Խաղաղութեան Եւ Բարօրութեան Տարի» Ըսաւ Հրաչեայ Ռոստոմեան

December 28, 2012

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան, իր ուղղած ամանորեան ուղերձին մէջ շնորհաւորեց մարզիկներուն, մարզիչներուն եւ մարզաշխարհի ներկայացուցիչներուն Ամանորն ու Ս. Ծնունդը եւ ըսաւ. «2013-ը մարզաշխարհին, հայ ժողովուրդին եւ մեր ... Շարն.

Փինկ Փոնկ. Քֆարշիմայի Ս. Ծննդեան Մրցաշարք.  Պըսէյպես Եւ Հոմսի Տիրացան Տիտղոսին

Փինկ Փոնկ. Քֆարշիմայի Ս. Ծննդեան Մրցաշարք. Պըսէյպես Եւ Հոմսի Տիրացան Տիտղոսին

December 28, 2012

Կազմակերպութեամբ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին, տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի Ս. Ծննդեան մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 85 երկսեռ մարզիկներու: Այս մրցաշարքը նուիրուած էր ակումբի մարզիչ Սամեր Քարեհի յիշատակին, որ վերջերս մահացած ... Շարն.

Նիկոլ Յարութիւնով Քանի Մը Ամիս Ետք Պիտի Վերադառնայ Մրցասպարէզ

Նիկոլ Յարութիւնով Քանի Մը Ամիս Ետք Պիտի Վերադառնայ Մրցասպարէզ

December 28, 2012

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն ախոյեան հանդիսացած Նիկոլ Յարութիւնով մրցասպարէզ պիտի վերադառնայ մէջքի վիրաբուժութեան ենթարկուելէ եւ իր ստացած վնասուածքէն լաւապէս ապաքինելէ ետք միայն: Հակառակ ... Շարն.

Էն. Պի. Էյ. Սփըրզ Յաղթեց «Վիրաւոր» Ռեփթըրզի

December 28, 2012

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Սան Անթոնիօ Սփըրզ 100-80 արդիւնքով յաղթեց «վիրաւոր» Թորոնթօ Ռեփթըրզի: Վիրաւոր մարզիկներով հարուստ Ռեփթըրզ վերջին հինգ մրցումներուն չէր պարտուած: Սփըրզի ... Շարն.

Ռունի Երկուքէն Երեք Շաբաթ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ռունի Երկուքէն Երեք Շաբաթ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

December 28, 2012

Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ուէյն Ռունի, որ նախանցեալ օր նախքան Նիւքասըլի դէմ տեղի ունենալիք «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումը վիրաւորուեցաւ, երկուքէն երեք շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն, յայտնեցին անոր ակումբին պատասխանատուները: Եունայթըտի յաջորդ մրցակիցն ... Շարն.

Ճատրակ. Այնի Մրցաշարք. Տիգրան Քոթանճեան Կ՛արձանագրէ Լաւ Արդիւնք

December 28, 2012

Հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որ այժմ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Այնի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Փաւել Քոթցուրի հետ (Ղազախստան) 4,5 կէտով ... Շարն.

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սեն Ժոզեֆ Ամրապնդեց Իր Դիրքը

December 28, 2012

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի վերջին ճակատումին, 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Սեն Ժոզեֆ ամրապնդեց իր դիրքը, երբ Էմիլ Լահուտ մարզահամալիրին մէջ իր կատարած մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ... Շարն.

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Ռասինկ – Ախա Ահլի Ալէյ` 0-1

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ռասինկ – Ախա Ահլի Ալէյ` 0-1

December 27, 2012

Ախա Ահլի Ալէյի նշանակած կոլը Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին, Սաֆայի դաշտին վրայ Ախա Ահլի Ալէյ 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը ... Շարն.

Լեւոն Ջուլֆալակեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի 2012 Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

Լեւոն Ջուլֆալակեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի 2012 Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

December 27, 2012

Արսէն Ջուլֆալակեան Մարզական լրագրողներու հանրապետական համադաշնակցութեան հարցախոյզի արդիւնքներով, Հայաստանի 2012 տարուան լաւագոյն մարզիկը ճանչցուեցաւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, ողիմպիական խաղերու արծաթէ եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Արսէն Ջուլֆալակեան: PanArmenian.Net կայքէջը կը ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ – Ամշիթ

December 27, 2012

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ (9-րդ հանգրուան), այսօր` հինգշաբթի, 27 դեկտեմբերին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ Անդրանիկ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Ամշիթը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին: Նշենք, ... Շարն.

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Մանչեսթըր Եունայթըտ Երթի Մրցումները Աւարտեց Եօթը Կէտի Առաւելութեամբ

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մանչեսթըր Եունայթըտ Երթի Մրցումները Աւարտեց Եօթը Կէտի Առաւելութեամբ

December 27, 2012

Խաւիէ Հերնանտեզ կը նշանակէ Մանչեսթըր Եունայթըտի յաղթանակի կոլը Երէկ` չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբերին, տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները: Իր դաշտին վրայ, 75 հազար ... Շարն.

«Նախընտրած Թեկնածուս Սերժ Սարգսեանն Է»  Ըսաւ Արթուր Աբրահամ

«Նախընտրած Թեկնածուս Սերժ Սարգսեանն Է» Ըսաւ Արթուր Աբրահամ

December 27, 2012

Ներկայիս Հայաստան կը գտնուի Գերմանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ: Աբրահամ, որ Նոր տարին պիտի մնայ Հայաստանի մէջ, երէկ լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ նախորդ ... Շարն.

Հայաստանի Ճատրակի Տղոց Հաւաքականը` 2012-ի Լաւագոյն Խումբը

Հայաստանի Ճատրակի Տղոց Հաւաքականը` 2012-ի Լաւագոյն Խումբը

December 27, 2012

Ճատրակի միջազգային ողիմպիականի ախոյեան Հայաստանի տղոց հաւաքականը մարզական լրագրողներու հանրապետական համադաշնակցութեան հարցախոյզին իբրեւ արդիւնք ճանչցուեցաւ իբրեւ 2012-ի լաւագոյն խումբը: Հայրենի վարպետները այս տարի 3-րդ անգամն ըլլալով միջազգային ողիմպիականին ոսկի մետալներու ... Շարն.