Category: Մարզական
Նախարար Ֆայսալ Քարամէ Ընդունեց Լիբանանի Պասքեթպոլի Նորընտիր Ֆետերասիոնը
PROFOTO Երէկ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի նորընտիր ֆետերասիոնը` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի: Նախարար Քարամէ շնորհաւորեց ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր ... Շարն.
Մովսիսեան 5 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Սպարտակ Մոսկուայի Հետ
Իր լուրը քաղելով Sportbox.ru կայքէջէն` ArmFootball.com մարզական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Քրասնոտարի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ... Շարն.
Ճատրակ. Գաբրիէլ Սարգսեան Պիտի Մարզէ Մետալակիրները
«Ա1+» հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի անդամ Գաբրիէլ Սարգսեան ներկայիս կը պատրաստուի Եւրոպայի արագ եւ կայծակնային ճատրակի ախոյեանութեան: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի ... Շարն.
8-9 Դեկտեմբերին Լիբանան Կը Հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ Ժիւտոյի Ախոյեանութիւնը
8-9 դեկտեմբերին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ ժիւտոյի ախոյեանութիւնը: Յայտարարուեցաւ, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը ցարդ ուզած են բերել Իրաք, Յորդանան, Սուրիա, Եմէն, Պաղեստին եւ Լիբանան: Աշխատանք կը տարուի յաւելեալ ... Շարն.
«Երեւանի Մէջ Ազրպէյճանցի Կռփամարտիկներուն Անվտանգութիւնը Կ՛ապահովեն Բարձր Մակարդակով» Կ՛ըսէ Ազատ Ռահիմով
Մէջբերելով azerisport.com-ի հրապարակած մէկ լուրը` PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ազատ Ռահիմով մնայուն կապի մէջ է Ազրպէյճանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականին հետ, որ ներկայիս ... Շարն.
Ճատրակ. Մելիքսէթ Խաչիեանի Յաղթանակը
Armchess.am (Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կայքէջը) կը հաղորդէ, որ ամերիկահայ կրանտմասթըր Մելիքսէթ Խաչիեան առաւելագոյն 8 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով տիրացած է Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած Ամերիկայի ճատրակի 48-րդ բաց մրցաշարքին տիտղոսին: ... Շարն.
Լիբանանցի Բերդապահ Զիատ Սամատ Լքեց Միջազգային Ասպարէզը
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Զիատ Սամատ յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով պաշտօնապէս ըսաւ, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը` նկատի ունենալով, որ ժամանակ չի գտներ իր ընտանիքին հետ ըլլալու: Ան իր ... Շարն.
Ըստ «Արմենփրես» Լրատու Գործակալութեան Արթուր Աբրահամ Համոզուած Է, Որ Պիտի Մնայ Աշխարհի Ախոյեան
WBO-ի դասակարգի կիսամիջին կարգի կռփամարտի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ վստահ է, որ պիտի պաշտպանէ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը: Աբրահամ այժմ կը մարզուի Պերլինէն (Գերմանիա) 100 քմ հեռու գտնուող Քինփաօ մարզական-առողջապահական քաղաքին ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Օքլահոմա Յաղթեց Ռոքեթցի. Տիւրընթ Նշանակեց 37 Կէտ
Քեւին Տիւրընթ Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն Օքլահոմա Սիթի արձանագրեց մեծագոյն յաղթանակը` 120-98 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հիուսթըն Ռոքեթցը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ժընուպ Թուլ` Լիբանանեան Խումբերուն Մէջ Ցարդ Լաւագոյնը
Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Մարոք կը հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու 24-րդ ախոյեանութեան մրցումները: Լիբանանեան չորս խումբերուն մէջ ցարդ լաւագոյն արդիւնքը կ՛արձանագրէ տղոց Ժընուպ Թուլ խումբը (Դ. խմբակ), որ արձանագրեց երկու յաղթանակ` ... Շարն.
Հեծելարշաւ. Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին Կ՛աւարտի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Սքոթ» ընկերութեան, կիրակի, 2 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի յետաձգուած մրցումը: Անիկա պիտի ըլլայ շատ կարեւոր, որովհետեւ ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին Կը Սկսին Պասքեթպոլի Մրցումները
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումները կը սկսին կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2012-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Առաջին մրցումը կը սկսի կէսօրուան ժամը ... Շարն.
Երեւանի Մէջ Սկսաւ Կռփամարտի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Երէկ` չորեքշաբթի, 28 նոյեմբերին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ պաշտօնապէս սկսաւ կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արման Մուրատեան ըսաւ. «Հայաստան ուրախ է ... Շարն.
Յառաջիկայ 4 Դեկտեմբերին` Հայաստանի Կռփամարտի Հաւաքականը Կը Մեկնի Քալինինկրատ
Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի (23 տարեկանէն վար) գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան PanArmenian.Net լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ 4 դեկտեմբերին հայկական պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Քալինինկրատ, ուր ... Շարն.
2014-ի Պատանիներու Ողիմպիականի 2-րդ Խաղեր. Չինաստան. Հայ Պատանի Ժիւտօ Խաղացողները Կը Պատրաստուին
Չինաստանի Նանքին քաղաքին մէջ 2014-ին տեղի պիտի ունենան պատանիներու ողիմպիականի 2-րդ խաղերը: Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ողիմպիականի կոմիտէէն` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այդ խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկուած է ... Շարն.
Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ
Երէկ երեկոյեան Արարատ ակումբին մէջ (Նահրի շրջան) տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ալի Զիհուրի: Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քուէարկելու իրաւունք ունեցող ... Շարն.
Ճատրակի Ողիմպիական Ախոյեաններուն Նուիրուած Նոր Գիրք
«Ճատրակի Հայաստանը» հրապարակած է Գագիկ Յովհաննիսեանի «Հայերու յաղթարշաւը` Պոլսոյ մէջ» խորագրեալ գիրքը: Անիկա նուիրուած է ճատրակի 40-րդ միջազգային ողիմպիականին Հայաստանի հաւաքականին տարած փայլուն յաղթանակին: Հեղինակը, որ Պոլսոյ մէջ ուղղակիօրէն կը ... Շարն.
Վիրաւոր Ըլլալուն Պատճառով Եուրա Մովսիսեան Մինչեւ Յառաջիկայ Գարուն Դաշտ Պիտի Չկարենայ Ներկայանալ
Իր լուրը քաղելով ռուսական sport-express.ru կայքէջէն, PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Քրասնոտարի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ մինչեւ յառաջիկայ գարուն, այսինքն` մինչեւ Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ... Շարն.
Հեծելարշաւ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ-ի Հեծելանւորդը Տիրացաւ 3-րդ Հանգրուանի Մրցումին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան Լիբանանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները` մասնակցութեամբ 26 հեծելանւորդներու, որոնք կը ներկայացնէին վեց ակումբներ: 82 քմ երկարութիւն ունեցող այս հանգրուանը սկսաւ Թապարժայէն ուղղուելով դէպի Շեքքա, ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Շիրակի Եւ Միքայի Միջեւ Հինգ Կէտի Տարբերութիւնը` Անփոփոխ
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Շիրակ եւ անոր անմիջական մրցակիցը` Միքա, յաղթանակներ արձանագրեցին: Ատիկա պատճառ դարձաւ, որ անոնց միջեւ հինգ կէտի տարբերութիւնը մնայ ... Շարն.

