Category: Մարզական

ՀՄԸՄ- ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 11 Նոյեմբերին` Ճատրակի Մրցաշարք

November 6, 2012

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած է ԼԵՎԱՄ-ի ճատրակի մրցաշարքը` գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի ճատրակի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի Ճատրակի ֆետերասիոնին: Անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 11 նոյեմբեր 2012-ին, «ՀՄԸՄ-Աղբալեան» մարզամշակութային ... Շարն.

Փինկ Փոնկ. Անթուան Շուէյրիի Անուան Ա. Մրցաշարք.   Րաֆֆի Մումջողլեան Տիրացաւ 50 Տարեկանէն Վեր Դասակարգի Տիտղոսին

Փինկ Փոնկ. Անթուան Շուէյրիի Անուան Ա. Մրցաշարք. Րաֆֆի Մումջողլեան Տիրացաւ 50 Տարեկանէն Վեր Դասակարգի Տիտղոսին

November 6, 2012

Ձախէն աջ` Րաֆֆի Մումջողլեան, Սելիմ Հաժ եւ Միշել Տը Շատարեւեան Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի 2012-ի վեթերաններու մրցաշարք ... Շարն.

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Փորթօ Եւ Մալակա` Բ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը Ապահովելու Սեմին

November 6, 2012

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը արդէն իսկ կտրած է իր կէս հանգրուանը` նկատի ունենալով, որ ութ խմբակներուն մաս կազմող 16 խումբերը կատարած են երեքական մրցում: Չորս խումբեր` ... Շարն.

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Սատաքայի 5-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքայի 5-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

November 6, 2012

Սեն Ժոզեֆ - Սատաքա մրցումէն Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սատաքա աւելիով ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը Սեն ... Շարն.

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ. Եուվենթուս Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Կրեցին Իրենց Առաջին Պարտութիւնները

November 6, 2012

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Անգլիոյ մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ տեսնուեցաւ նոր խումբ մը: Արդարեւ, օգտուելով Սուանզիի հետ Չելսիի արձանագրած ... Շարն.

Հայաստանեան Լրատուամիջոցներու Փինկ Փոնկի Մրցաշարք.   «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»` Ախոյեանութեան Գլխաւոր Հովանաւորը

Հայաստանեան Լրատուամիջոցներու Փինկ Փոնկի Մրցաշարք. «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»` Ախոյեանութեան Գլխաւոր Հովանաւորը

November 6, 2012

Կազմակերպութեամբ «Առաւօտ» օրաթերթին, նախորդ շաբաթավերջին «Հայաստան» մարզական միութեան Սպարտակ մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայաստանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն, տղոց եւ աղջկանց փինկ փոնկի անհատական 5-րդ ախոյեանութիւնը: Անոնք բոլորը հաւաքուած էին մէկ յարկի ... Շարն.

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Շիրակ Չկրցաւ Օգտուիլ Միքայի Կրած Պարտութենէն

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Շիրակ Չկրցաւ Օգտուիլ Միքայի Կրած Պարտութենէն

November 6, 2012

Փիւնիկի մարզիկները կը տօնեն իրենց յաղթանակը Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, թէեւ պարագլուխի դիրքը գրաւող Միքա 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Գանձասարէն, սակայն ... Շարն.

Ճատրակ. Լիբանանի 2012-ի Դպրոցական Ախոյեանութիւն.  Ճեմարան Հանդիսացաւ Ախոյեան

Ճատրակ. Լիբանանի 2012-ի Դպրոցական Ախոյեանութիւն. Ճեմարան Հանդիսացաւ Ախոյեան

November 5, 2012

Երէկ` կիրակի, 4 նոյեմբերին, Ուահտէ Ռիատիէի համալիրին մէջ (Պիր Հասան) տեղի ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի 2012-ի դպրոցական ճատրակի 2012-ի դպրոցական ախոյեանութիւնը: Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, որ մասնակցեցաւ 16 երկսեռ ... Շարն.

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ.  Պուրճ համուտի Մինի Մարաթոնը

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Պուրճ համուտի Մինի Մարաթոնը

November 5, 2012

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի յանձնախումբին երէկ` կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն 9:30 տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2012-2013 տարեշրջանի մինի մարաթոնը` Պուրճ Համուտի ... Շարն.

Ճատրակ. Աշխարհի 2012-ի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Հայ Մասնակցողներուն Ա. Հանգրուանի Մրցակիցները Յստակացան

November 3, 2012

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 10 նոյեմբերին կը սկսի ճատրակի աղջկանց 2012-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ նաք-աութի դրութեամբ: Անդրադառնալով այս հարցին եւ իր լուրերը քաղելով ՖԻՏԷ-ին պաշտօնական կայքէջէն` «Ա1+» ... Շարն.

ՖԻՏԷ-ի Միջազգային Նոր Դասաւորման Մէջ. Արոնեան` 2-րդ, Իսկ Դանիէլեան` 25-րդ Դիրքերուն Վրայ

November 3, 2012

ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած նոյեմբեր ամսուան ճատրակի միջազգային նոր դասաւորման մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2815 կէտ, կը շարունակէ մնալ երկրորդ դիրքին վրայ: Ան միայն 33 կէտով ... Շարն.

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Որոշումները

November 3, 2012

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը օրակարգի վրայ գտնուող հարցերը քննարկելէ ետք տուաւ համապատասխան որոշումներ: Ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ Ասիոյ 2014-ի աղջկանց բաժակի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, Լիբանան, որ մաս ... Շարն.

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Արսենալ Եւ Եուվենթուս – Ինթեր Միլան «Տաք» Ճակատումներ

November 3, 2012

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, հետաքրքրական եւ «տաք» ճակատումներ պիտի ըլլան Մանչեսթըր Եունայթըտ - Արսենալ, Եուվենթուս - Ինթեր Միլան եւ այլ ճակատումներ: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը ... Շարն.

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր Տեղի Պիտի Ունենայ Սեն Ժոզեֆ – Սատաքա Գագաթի Մրցումը

November 3, 2012

Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենայ գագաթի մրցում մը` պարագլուխի դիրքը գրաւող Սատաքայի եւ անոր անմիջական մրցակիցին` Սեն Ժոզեֆի միջեւ: Ցարդ իր կատարած չորս ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.   Ռիատի Պէյրութ Եւ Պիպլոս Յաղթանակով Սկսան Նոր Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Եւ Պիպլոս Յաղթանակով Սկսան Նոր Տարեշրջանը

November 3, 2012

Պըժժէ - Ռիատի Պէյրութ մրցումէն (PROFOTO) Երէկ` ուրբաթ, 2 նոյեմբերին սկսաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի երկու ճակատումներ: Առաջինին, նոր տեղի ունեցաւ ... Շարն.

Հայաստանի Վարչապետի 2012-Ի Ֆութպոլի Բաժակի 4-րդ Մրցաշարք.   Պաշտպանութեան Նախարարութեան Խումբը Տիրացաւ Տիտղոսին

Հայաստանի Վարչապետի 2012-Ի Ֆութպոլի Բաժակի 4-րդ Մրցաշարք. Պաշտպանութեան Նախարարութեան Խումբը Տիրացաւ Տիտղոսին

November 3, 2012

Երէկ աւարտեցաւ Հայաստանի վարչապետի 2012-ի ֆութպոլի բաժակի 4-րդ մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խումբին ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան խումբին միջեւ: Պաշտպանութեան նախարարութեան խումբը երրորդ անգամ ... Շարն.

Ճատրակ. Չիկորինի Անուան Մրցաշարք. Յովհաննիսեան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը

November 3, 2012

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցող Չիկորինի անուան ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Ռոպերթ Յովհաննիսեան կրեց իր առաջին պարտութիւնը` ռուս Ալեքսանտր Շիմանովէն: Յովհաննիսեան, որ կը մրցէր սեւ քարերով, ... Շարն.

Պարսելոնա Կը Շարունակէ Մնալ Առաջին

Պարսելոնա Կը Շարունակէ Մնալ Առաջին

November 3, 2012

Երէկ` ուրբաթ, 2 նոյեմբերին, Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը (IFFHS) հրապարակեց զօրաւորագոյն ֆութպոլի ակումբներու դասաւորումը: Լուրը, որ հրապարակած է PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը, կը յայտնէ, որ Պարսելոնա կը շարունակէ մնալ ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.   Այսօր Կը Սկսի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2012-2013 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2012-2013 Տարեշրջանը

November 2, 2012

PROFOTO Շաբթուան մը ուշացումէն ետք, այսօր` ուրբաթ, 2 նոյեմբերին, կը սկսի Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը: Այսօրուան յայտագիրին վրայ են երկու մրցումներ: Շաբաթ օր տեղի կ՛ունենայ հանդիպում ... Շարն.

Ճատրակ.   Ճեմարան Զօրաւոր Կազմով Մը Կը Մասնակցի Լիբանանի Դպրոցական Ախոյեանութեան

Ճատրակ. Ճեմարան Զօրաւոր Կազմով Մը Կը Մասնակցի Լիբանանի Դպրոցական Ախոյեանութեան

November 2, 2012

Ինչպէս ծանօթ է կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012-ին, Ուահտէ Ռիատիէի մէջ (Պիր Հասան) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ճատրակի 2012-ի դպրոցական ախոյեանութիւնը: Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ կրթութեան նախարար ... Շարն.