Category: Մարզական
Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ Կը Վճարեն Ամէնէն Բարձր Աշխատավարձերը
PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ Sporting Intelligence գործակալութեան, Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ կը վճարեն ամէնէն բարձր աշխատավարձերը: Ըստ կատարուած հետազօտութեան, Պարսելոնայի մարզիկներուն միջին աշխատավարձն է տարեկան 8,7 միլիոն ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ – Անիպալ Զահլէ` 2-1
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ - Անիպալ Զահլէ երրորդ մրցումը: Դաշտին տէրը` Ռիատի, 88-81 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ 2-1 ... Շարն.
Կռփամարտ. Քենթիքեանի Մրցակիցը Յստակացաւ
WBA-ի, WIBF-ի եւ WBO-ի կռփամարտի աղջկանց աշխարհի ախոյեան Սիւզի Քենթիքեան իր յառաջիկայ ճակատումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 16 մայիսին` Ֆրանքֆորթի մէջ (Գերմանիա): Նախորդ շաբաթավերջին յստակացաւ անոր մրցակիցը, որ ամերիկացի Մելիսա Մաքմորուն ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր Եւ Վաղը Տեղի Կ՛Ունենան Հետաքրքրական Եւ Կարեւոր Մրցումներ
Հակառակ անոր որ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով բազմաթիւ ճակատումներ, սակայն անոնք այսօր եւ վաղն ալ դադար պիտի չառնեն` նկատի ունենալով, որ Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան սկիզբը կը ... Շարն.
Մովսիսեան Եւ Փիցելլի Կոլեր Նշանակեցին
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 41-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Վոլկա Նիժնիի: Քրասնոտարի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիկ Եուրա Մովսիսեան, ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանեան Բանակի Հաւաքականը Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ
Նախորդ շաբաթավերջին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի տղոց փինկ փոնկի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումը: Լիբանանեան բանակի հաւաքականը 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Շեպիպեթ Քաունթրի Լոճը ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Փլէյ-Օֆի Մրցումները Սկսան
Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումները, որոնց կը մասնակցին 16 խումբեր: Քառորդ աւարտականին գծով տեղի ունեցած առաջին երկու օրերու մրցումներուն (կիրակի եւ երկուշաբթի), ընդհանրապէս յաղթական խումբերը ... Շարն.
Ռոյ Հոճսըն Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընի մարզիչ Ռոյ Հոճսըն շատ հաւանաբար նշանակուի Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: Նշենք, որ Անգլիոյ իտալացի մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ նախորդ փետրուարին լքեց ... Շարն.
Փորթուգալի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Փորթօ Ախոյեան` 26-րդ Անգամ Ըլլալով
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փորթօ 26-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Մարիթիմոն: Պրազիլցի Հալք նշանակեց յաղթական կազմին երկու կոլերը: Փորթօ ... Շարն.
Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանը Կը Մասնակցի Սպանիոյ Ախոյեանութեան
Նախորդ շաբաթավերջին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Իպիզա (Սպանիա) մեկնեցաւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Համալսարաններու միջազգային ախոյեանութեան: Աղջկանց պասքեթպոլի խումբին մաս կը կազմէ Լարա Արաբկիրլեան, իսկ խումբին ... Շարն.
Աթլեթիզմ. Կրեթթա Թասլաքեան` Առաջին,Լորի Թաշճեան` Երկրորդ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին շաբաթ, 28 ապրիլին, Լիբանանի համալսարանին դաշտին վրայ (Հատեթ) տեղի ունեցան լիբանանեան համալսարաններու աթլեթիզմի առաջին հանգրուանի մրցումները, որոնց մասնակցելու իրաւունք ունին նաեւ ակումբներ: Աղջկանց 100 մեթր վազքի ... Շարն.
Ճատրակի Մրցաշարք` Նախկին Խորհրդային Միութեան Համալսարանաւարտներու Ճատրակի Ակումբին Մէջ Հրայր Գասապեան, Հրակ Լախեան Եւ Լիակ Մարտիրոսեան Առաւելագոյն Կէտերը Ապահովելով Խլեցին Առաջնութիւններ
Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան համալսարանաւարտներու ճատրակի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 29 ապրիլին, վերոնշեալ ակումբին մէջ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջան) տեղի ունեցաւ ճատրակի գարնանային մրցաշարք մը: Սկզբունքով տեղի պիտի ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դարձեալ Պարտուեցաւ
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը` այս անգամ Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆէն` 3-1 արդիւնքով: Մրցակից կազմը, որ Ա. կիսախաղին ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անիպալ – Ռիատի` 1-1 Եւ Սաժես – Շանվիլ` 0-2
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Շանվիլ 101-75 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ Սաժես Պէյրութի վրայ: Մրցումը տեղի ունեցաւ Ղազիրի մէջ: Անոնց միջեւ ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ արձանագրուած արդիւնքները այդքան ալ յիշատակութեան արժանի չեղան, մանաւանդ պարագլուխի դիրքը գրաւողներուն եւ անոնց անմիջական մրցակիցներուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնց ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի Եւ Ֆութպոլի Արդիւնքներ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, յաջորդաբար «Հայր Պօղոս Արիս» եւ «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտերուն վրայ: Ֆութպոլի քառորդ աւարտականի եւ պասքեթպոլի կիսաւարտական-աւարտական ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Շիրակ Գիւմրի Տիրացաւ Տիտղոսին
Երէկ` կիրակի, 29 ապրիլին, Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ վերանորոգուած քաղաքային մարզադաշտին բացման հանդիսաւոր հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի եւ այլ հրաւիրեալներու: Մարզադաշտը, որ ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Զամալեք Շըհիմ
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը կատարէ իր երրորդ մրցումը` ճակատելով Զամալեք Շըհիմի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Նըժմէի դաշտին ... Շարն.
Ժիւտօ. Յովհաննէս Դաւթեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան
Ռուսիոյ Չելիապինսքի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ժիւտոյի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Դաւթեան, 60 քկ դասակարգին մէջ, տիրանալով արծաթ մետալի, հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: Ան թէեւ յաջորդաբար յաղթեց ֆինլանտացի, թուրք, ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը
Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, կարգ մը ճակատումներ պիտի ըլլան հետաքրքրական, մանաւանդ ախոյեանութեան համար պայքար մղող խումբերուն համար: Ստորեւ կու տանք յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. ... Շարն.

