Category: Մարզական
ՓԵՏՐՕ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՀԵՏ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ՄԻՆՉԵՒ ՅՈՒՆԻՍ 2011
Սպանիոյ եւ Եւրոպայի ախոյեան Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող սպանացի յառաջապահ Փետրօ Ռոտրիկես իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ յունիս 2016: 23 տարեկան Փետրօ, որ ... Շարն.
ՏԻԱՐԱ ՄԻԱՑԱՒ ՄԱՐՍԷՅԻ
Ֆրանսացի միջնապահ Ալու Տիարա իր ակումբը` Պորտոն լքելով միացաւ Մարսէյի, որուն հետ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: 2010-ին Ֆրանսայի ախոյեան հանդիսացած Մարսէյի պատասխանատուները յայտարարեցին, որ իր պայմանագրութիւնը ստորագրելէ ետք, Տիարա ... Շարն.
ԺԵՐԱՐ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԱՍԻԱԿԱՆ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԷՆ
Լիվըրփուլի խմբապետ Սթիւըն Ժերար իր ակումբին հետ դէպի ասիական երկիրներ շրջապտոյտէն պիտի բացակայի` նկատի ունենալով, որ ան յաւելեալ ժամանակի կարիք ունի` ամբողջութեամբ ապաքինելու համար: Ան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով 2010-2011 տարեշրջանի ... Շարն.
ՓՈՐԹՈՒԳԱԼՑԻ ՔՈՅԵՆԹՐԱՕ ՄԻԱՑԱՒ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ
Պենֆիքայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող փորթուգալցի յետսապահ Ֆապիօ Քոյենթրաօ, պաշտօնապէս դարձաւ Ռէալ Մատրիտի մարզիկ, հակառակ անոր որ ան մինչեւ 2016 պայմանագրութիւն մը ստորագրած ... Շարն.
ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ. ՊՐԱԶԻԼ ԵՒՍ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՍԿՍԱՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ
Արժանթինի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումներուն ծիրին մէջ, հիւրընկալ երկրին նման իր կարգին տիտղոսակիր Պրազիլ եւս մրցաշարքը սկսաւ հաւասարութեամբ, երբ 0-0 արդիւնքով բաժնուեցաւ Վենեզուելայէն: Օրուան փերուցի իրաւարարը` ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ՃԱՓՈՆ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ
Երէկ, Քոպի (Ճափոն) մեկնեցաւ Լիբանանի աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 7-10 յուլիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ 19-րդ ախոյեանութեան: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Քլեր Շեհապ, իսկ մարզիկներն են` Կրեթթա` Թասլաքեան եւ Ահմետ ... Շարն.
ԻՐԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԹԷՅՄՈՒՐԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ԻՍԹԻՔԼԱԼԻ
Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող հայազգի միջնապահ Անդրանիկ Թէյմուրեան երէկ միացաւ Թեհրանեան Իսթիքլալ խումբին, որ մաս կը կազմէ Իրանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերուն: 28 տարեկան Թէյմուրեան, որ մաս կը ... Շարն.
2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԶՏՈՒՄԻ Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆ. ԱՍԻՈՅ ԳՕՏԻ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՐՑԱԿԻՑԸ` ՊԱՆԿԼԱՏԵՇ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան 2014-ի Մոնտիալի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումները` Ասիոյ գօտիին մէջ: Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովող խումբերուն անունները, որոնք այժմ պիտի մրցին ... Շարն.
ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ 2 ՊՐՈՆԶ ՄԵՏԱԼԻ
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը երէկ տեղեկացուց, որ Հունգարիոյ մէջ Եւրոպայի կռփամարտի պատանիներու ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի հաւաքականը տիրացած է երկու պրոնզ մետալի: Հայաստանի համար պրոնզ մետալներ ապահովողները հանդիսացան Գոռ Ջեւելիկեան ... Շարն.
ԹԵՆԻՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ. ՆՈՎԱՔ ՏԻՈՔՈՎԻՉ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԸ ԽԼԵՑ ՆԱՏԱԼԷՆ
Երէկ, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը, հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց աշխարհի նոր ընդհանուր դասաւորումը: Նախանցեալ օր, Ուիմպըլտընի կրան շլեմի թենիսի միջազգային տիտղոսին տիրացած սերպ Նովաք Տիոքովիչ պարագլուխի դիրքը խլեց սպանացի Ռաֆայէլ Նատալէն, ... Շարն.
Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. ԱՊՏՕ ՖԸՂԱԼԻ ՏԻՐԱՑԱՒ ՍՓԻՏ ԹԵՍԹԻ 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, կիրակի, 3 յուլիսին, Ույուն Սիման-Քֆարզըպիանի մէջ գտնուող «Ուարտէ» կառատան մէջ տեղի ունեցաւ 2011 տարեշրջանի Սփիտ Թեսթի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 36 ինքնաշարժներու: Տիտղոսին տիրացաւ ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ԹԵՆԻՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՄԸ
Երէկ, Երեւանի «Օրէյնճ թենիս» ակումբին մէջ սկսաւ թենիսի միջազգային մրցաշարք մը, յայտնեց Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնը: Մրցաշարքը կ՛աւարտի 9 յուլիսին: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերողներուն շարքին է նաեւ Հայաստանի տղոց թենիսի ազգային ... Շարն.
ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՊԱՅՐԱՄԵԱՆ ՌՈՍԹՈՎԻ ՀԵՏ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՒՍՏՐԻԱ
Նախանցեալ օր Աւստրիա մեկնեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Ռոսթով ակումբը` ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար: Հայրենի լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ խումբին հետ Աւստրիա մեկնեցաւ ... Շարն.
«ԹՈՒՐ ՏԸ ՖՐԱՆՍ». – ՖԱՐՐԱՐ ՅԱՂԹԵՑ 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ – ՀՈՒՍՀՈՎՏ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՌԱՋԻՆ
Երէկ` երկուշաբթի, 4 յուլիսին, տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»ի 3-րդ հանգրուանի մրցումը, որ կը զուգադիպէր Միացեալ Նահանգներու անկախութեան օրուան: Կարմին-Սերվելօ խումբին մաս կազմող Թայլըր Ֆարրար, որ յաղթեց 3-րդ հանգրուանի այս ... Շարն.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՌՈՒՍԻԱ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ: Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին Ռուսիա երրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին, երբ 59-42 արդիւնքով պարտութեան ... Շարն.
2011-Ի ԱՂՋԿԱՆՑ ՄՈՆՏԻԱԼ. ԱՅՍՕՐ` ՖՐԱՆՍԱ – ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏՈՒՄ
Այսօր, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող 2011-ի աղջկանց Մոնտիալի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մէջ տեղի պիտի ունենայ հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Ֆրանսա եւ Գերմանիա: ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ՏՎՈՐՔՈՎԻՉԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Տվորքովիչի անուան ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ութ երկիրներ: Նշենք, որ մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ: Հայրենի կազմը, որուն մաս կազմեցին Տիգրան Յարութիւնեան, Յովհաննէս Կապուզեան, ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՍԱՏԱՔԱ 4-ՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Յաջորդաբար 4-րդ տարին ըլլալով Սատաքա հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան, երբ աղջկանց ախոյեանութեան 10-րդ եւ վերջին հանգրուանին, 3-2 արդիւնքով յաղթեց Աթլեթիքօ Պէյրութի: Այսպիսով, անիկա արձանագրեց իր 10-րդ յաջորդական յաղթանակը եւ տարեշրջանը աւարտեց ... Շարն.
ԹԵՆԻՍ. ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆԻ ԿՐԱՆ ՇԼԵՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՔՎԻԹՈՎԱ ԵՒ ՏԻՈՔՈՎԻՉ ՏԻՐԱՑԱՆ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Երէկ` կիրակի, 3 յուլիսին, աւարտեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ... Շարն.
ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ». ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅ` ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԿԱԶՄԷՆ
Նախորդ շաբաթավերջին, Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին նշեց, որ երկրին 2-րդ դասուած թենիսմենը` Դաւիթ Նալպանտեան, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այս շաբաթ Ղազախստանի դէմ ... Շարն.

