Category: Մարզական

Պարսելոնայի Մէջ Սկսան Ծախուիլ Սուարեսի Անունը Կրող Մարզաշապիկները

Պարսելոնայի Մէջ Սկսան Ծախուիլ Սուարեսի Անունը Կրող Մարզաշապիկները

July 9, 2014

Պարսելոնայի մէջ գտնուող մարզական գոյքեր վաճառող հսկայ վաճառատան մը մէջ սկսան ծախուիլ Լիվըրփուլի եւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լուիս Սուարեսի անունը կրող մարզաշապիկները: Այս մարզաշապիկները արտադրողները կը կարծեն, որ ... Շարն.

Պարսելոնա Պաշտօնապէս Ներկայացուց Պրաւոն

Պարսելոնա Պաշտօնապէս Ներկայացուց Պրաւոն

July 9, 2014

Ռէալ Սոսիետատի բերդապահ Քլաուտիօ Պրաւօ պաշտօնապէս տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա, յայտնեց քաթալոնիական ակումբին պաշտօնական կայքը: Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբին բերդապահը 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ: Ան պիտի կրէ ... Շարն.

2014-ի Մոնտիալ.  Այսօր` Պրազիլ – Գերմանիա Կիսաւարտականի Ճակատումը

2014-ի Մոնտիալ. Այսօր` Պրազիլ – Գերմանիա Կիսաւարտականի Ճակատումը

July 8, 2014

Մարքօ Ռոտրիկեզ Երկու օրուան դադարէ մը եւ հանգիստէ ետք, այսօր` երեքշաբթի, 8 յուլիսին կը վերսկսին 2014-ի Մոնտիալի մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան Պրազիլի մէջ: Մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Պրազիլ, այսօր բաւական կարեւոր ... Շարն.

Գէորգ Ղազարեան Միացաւ Օլիմփիաքոսի

Գէորգ Ղազարեան Միացաւ Օլիմփիաքոսի

July 8, 2014

Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային միջնապահ Գէորգ Ղազարեան միացաւ իր նոր ակումբին` Օլիմփիաքոսի: Բնականաբար, ան յունական ակումբին հետ անմիջապէս սկսաւ իր փորձերուն, կը յայտնէ Armsport.am: Օլիմփիաքոս 26 յուլիսէն ... Շարն.

2014-ի Մոնտիալ.  Մարատոնային Արգիլուեցաւ Պատուոյ Թրիպիւնէն Դիտել Մրցումները

2014-ի Մոնտիալ. Մարատոնային Արգիլուեցաւ Պատուոյ Թրիպիւնէն Դիտել Մրցումները

July 8, 2014

Պրազիլական կարգ մը լրատուամիջոցներու համաձայն, որոնց կարգին` «Սամպա ֆութ», արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնային արգիլուեցաւ 2014-ի Մոնտիալի մրցումները դիտել պատուոյ թրիպիւնէն: Մարատոնա ընդհանրապէս բոլոր մրցումները կը դիտէր պատուոյ թրիպիւնէն, ... Շարն.

Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ Մահացաւ

Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ Մահացաւ

July 8, 2014

Սպանական «Մարքա» պարբերաթերթը երէկ` երկուշաբթի, 7 յուլիսին յայտնեց, որ Մատրիտի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացաւ Ռէալ Մատրիտի արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ (88 տարեկան): Նշենք, որ ան արդէն իսկ ... Շարն.

Սքի-Նոթիք.  Լիբանան Տիրացաւ 1 Ոսկի Եւ 1 Արծաթ Մետալի

Սքի-Նոթիք. Լիբանան Տիրացաւ 1 Ոսկի Եւ 1 Արծաթ Մետալի

July 8, 2014

Մասնակցութեամբ վեց երկիրներու` Լիբանան, Իտալիա, Յունաստան, Անգլիա, Պիելոռուսիա եւ Կիպրոս, նախորդ շաբաթավերջին Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցաւ Սքի նոթիքի միջազգային 11-րդ մրցաշարքը` կազմակերպութեամբ` Կիպրոսի ֆետերասիոնին: Աղջկանց 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ ... Շարն.

Թենիս. Ուիմպըլտընի Կրան Շլեմի Մրցաշարք.  Տիոքովիչ Եւ Քվիթովա Տիրացան Տիտղոսին

Թենիս. Ուիմպըլտընի Կրան Շլեմի Մրցաշարք. Տիոքովիչ Եւ Քվիթովա Տիրացան Տիտղոսին

July 8, 2014

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց աւարտական մրցումները: Տղոց տիտղոսին տիրացաւ թիւ 1 դասուած Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա), որ 6 - ... Շարն.

Ռոտրիկեսէն Բացի.  Մանչեսթըր Եունայթըտ Պիտի Փորձէ Իր Կազմին Միացնել Արթուրօ Վիթալը

Ռոտրիկեսէն Բացի. Մանչեսթըր Եունայթըտ Պիտի Փորձէ Իր Կազմին Միացնել Արթուրօ Վիթալը

July 8, 2014

Արթուրօ Վիթալ Անգլիական «Տէյլի Սթար» պարբերաթերթին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտ կը պատրաստուի մօտերս պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացնել Եուվենթուսի` ձեռք ձգելու համար անոր չիլիցի միջնապահ Արթուրօ Վիթալը: Անոր փոխանցման համար անգլիական ակումբը ... Շարն.

Քաքա Փոխ Տրուեցաւ Սան Փաուլոյի

Քաքա Փոխ Տրուեցաւ Սան Փաուլոյի

July 8, 2014

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ իտալական Ա. Սէ. Միլանի նախկին միջնապահ Ռիքարտօ Քաքա, որ վերջերս պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր ամերիկեան Օրլանտօ Սիթիի հետ, յառաջիկայ կէս տարուան համար փոխ տրուեցաւ պրազիլական ... Շարն.

2014-ի Մոնտիալ.  Ռոտրիկեզ` Ցարդ Լաւագոյնը

2014-ի Մոնտիալ. Ռոտրիկեզ` Ցարդ Լաւագոյնը

July 8, 2014

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալը գրեթէ կը հասնի իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ ցարդ մնացած են միայն կիսաւարտականի երկու մրցումները, 3-րդ դիրքի եւ աւարտականի ճակատումները: Կոլ-սքորըրներու ընդհանուր դասաւորման մէջ ... Շարն.

2014-ի Մոնտիալ.  Ակուերօ Պիտի Մասնակցի Վաղուան Մրցումին

2014-ի Մոնտիալ. Ակուերօ Պիտի Մասնակցի Վաղուան Մրցումին

July 8, 2014

Երէկ, Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի բժիշկ Տանիել Մարթինես իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ միջնապահ Սերճիօ Ակուերօ ապաքինած ըլլալով իր ստացած վնասուածքէն, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հոլանտայի դէմ տեղի ... Շարն.

Ալճերիոյ Մարզիչը Հրաժարեցաւ

Ալճերիոյ Մարզիչը Հրաժարեցաւ

July 8, 2014

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ յայտնեց, որ Ալճերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Վահիտ Հալիլհոծիչ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, հակառակ անոր որ ան յաջողեցաւ իր կազմը հասցնել ... Շարն.

2014-ի Մոնտիալ.  Արժանթին Եւ Հոլանտա Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

2014-ի Մոնտիալ. Արժանթին Եւ Հոլանտա Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

July 7, 2014

Հոլանտական ուրախութիւն Շաբաթ, 5 յուլիսին աւարտեցան 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումները, երբ տեղի ունեցան Արժանթին-Պելճիքա եւ Հոլանտա-Քոսթա Ռիքա ճակատումները: Բնականաբար անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան անունները այն վերջին երկու խումբերուն, ... Շարն.

Այքիտօ – Քարաթէ.  Դաւիթ Աթանեսեան` Աշխարհի Գօտիի Տիտղոսակիր

Այքիտօ – Քարաթէ. Դաւիթ Աթանեսեան` Աշխարհի Գօտիի Տիտղոսակիր

July 7, 2014

«Երեւակ Սփոր» հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 5 յուլիսին, սպանական Վալենսիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Այքիտօ-Քարաթէի աշխարհի գօտիի Սուփըր ճակատումը` կազմակերպութեամբ «Միքա ֆայթ իվենց»-ի: Հայաստանէն Դաւիթ Աթանեսեան, ... Շարն.

2014-ի Մոնտիալ.  Նէյմարի Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

2014-ի Մոնտիալ. Նէյմարի Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

July 7, 2014

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմարին համար 2014-ի Մոնտիալը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան Քոլոմպիոյ դէմ տեղի ունեցած քառորդ աւարտականի մրցումի 88-րդ վայրկեանին վիրաւորուելով պատգարակով դուրս բերուեցաւ դաշտէն եւ փոխադրուեցաւ ... Շարն.

Արժանթինի Մէջ Կտրած Են Մեսսիի Արձանին Մատները

Արժանթինի Մէջ Կտրած Են Մեսսիի Արձանին Մատները

July 7, 2014

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ Univision կը յայտնէ, որ Արժանթինի մէջ կտրած են Արժանթինի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի արձանին մատները: Պուէնոս Այրեսի մէջ այս արձանը տեղադրուած է երկու ... Շարն.

2014-ի Մոնտիալ.  Տի Մարիայի Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

2014-ի Մոնտիալ. Տի Մարիայի Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

July 7, 2014

Միջազգային լրատու գործակալութիւնները նախորդ շաբաթավերջին Արժանթին-Պելճիքա 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականին մրցումին ընթացքին վնասուածք ստացած արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիային անդրադառնալով նշեցին, որ անոր համար այս մրցաշարքը վերջ գտաւ եւ ան ... Շարն.

2014-ի Մոնտիալ.  Մարք Վիլմոթց. «Արժանթինի Հաւաքականը Սովորական Խումբ Է»

2014-ի Մոնտիալ. Մարք Վիլմոթց. «Արժանթինի Հաւաքականը Սովորական Խումբ Է»

July 7, 2014

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի իր կազմին` Պելճիքայի կրած պարտութենէն ետք, խումբի մարզիչ Մարք Վիլմոթց ըսաւ, որ Արժանթին սովորական խումբ մըն է: «Արժանթին մեզմէ զօրաւոր չէ: Անիկա ... Շարն.

2014-ի Մոնտիալ. Գերմանիա Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

July 7, 2014

Երեք անգամ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Գերմանիա 2014-ի Մոնտիալի շրջանակներուն մէջ, աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց` նկատի ունենալով, որ անիկա հանդիսացաւ այն միակ խումբը, որ կը ... Շարն.