Category: Մարզական
Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանի Ակումբներու Թաու-Լուի Ախոյեանութիւն. Այնճարի Սեւ Գօտիներու Միութիւնը Հանդիսացաւ Առաջին
Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ տարիներէ ի վեր աւանդութեան վերածուած Լիբանանի թաու լուի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ կիրակի, 18 մայիսին, Այնճարի «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահին մէջ մասնակցութեամբ Լիբանանի ակումբներու ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութենէն 10 Մարզիկներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ազգային Հաւաքական
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ հրաւէր ուղղեց Հայաստանի ազգային հաւաքականին թեկնածու այն ֆութպոլիստներուն, որոնք ելոյթ կ՛ունենան արտասահմանին մէջ: Շալանտ յառաջիկային տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Արձանագրեց Երկու Յաղթանակ
Շաբաթասկիզբին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 10 եւ ոչ թէ 12 ակումբներու` նկատի ունենալով, որ Անուար Ժըտէյտէ եւ ... Շարն.
Շիքակոյի Կէս Մարաթոն. Լիբանանցի Շիրին Նըժէյմ Հանդիսացաւ Երկրորդ
Միրիամիին - Շանվիլ ակումբին մաս կազմող լիբանանցի ախոյեան Շիրին Նըժէյմ, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Շիքակոյի (Միացեալ Նահանգներ) կէս մարաթոնին, յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ արդիւնք արձանագրել, երբ 21,0975 քմ երկարութիւն ունեցող վազքի ... Շարն.
Ըստ Whoscored.Com-ի. Տարեշրջանի 100 Լաւագոյններուն Մէջ Մխիթարեան` 30-րդ
Հենրիխ Մխիթարեան WhoScored.com կայքը ներկայացուց 2013-2014 տարեշրջանի հինգ առաջնակարգ ախոյեանութիւններուն` Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ հանդէս եկող ֆութպոլիստներուն վիճակագրական տուեալներն ու գնահատականները: ArmSport.am կը յայտնէ, որ յառաջատարն ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Պիպլոս 3-րդ Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 17:50-ին տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ - Պիպլոս 3-րդ մրցումը` Մանարայի դաշտին վրայ: Պէյրութեան կազմը, որ այժմ ... Շարն.
Փելէ. «Զբօսաշրջիկներուն 25 Առ Հարիւրը Հրաժարած Է Պրազիլ Գալէ»
Պրազիլցի ֆութպոլի աստղ Փելէի համաձայն, երկրին մէջ կատարուող ցոյցերն ու մարզադաշտերուն շինարարական աշխատանքներուն ճշդուած ժամանակին չաւարտիլը զբօսաշրջիկներուն մօտ կասկած արթնցուցած է, որ Պրազիլ կը յաջողի լաւապէս հիւրընկալել 2014-ի Մոնտիալը: «Որքան ... Շարն.
Պարսելոնա Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Օժտուեցան Նոր Մարզիչներով
Ռայըն Կիկզ Լուիս Վան Կաալ Լուիս Էնրիքէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրենց հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ Պարսելոնա եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ յայտարարեցին, որ ունեցան իրենց նոր մարզիչները: 8 ... Շարն.
Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Համագումար. Իրանցի Մաշհուն` Նախագահ. Լիբանանցի Թապեթ` Ընդհանուր Քարտուղար
PROFOTO Նախորդ շաբաթավերջին «Լը Փրոմենատ» պանդոկին մէջ (Զալքա) տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին համագումարը, ներկայութեամբ` Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանի եւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մաս կազմող ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Բանանց Ստացաւ Իր Տիտղոսը. Մանասեան` Լաւագոյն Ռմբարկուն
Միհրան Մանասեան Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան 28-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Ախոյեան հանդիսացած Բանանց Երեւան տարեշրջանը աւարտեց 50 կէտով` իր կատարած ... Շարն.
ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի Արդիւնքները Եւ Դասաւորումը
2013 - 2014 տարեշրջանի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումներուն աւարտական հանգրուանը տեղի ունեցաւ երկու օրերու վրայ` շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 մայիս 2014-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի ... Շարն.
Հեծելարշաւ. Բաժակի Մրցաշարք. Ապու Ռաշիտ Եւ Մրատ` Տիտղոսակիր
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի բաժակի մրցաշարքը, որ ծանօթ է «Թանիոս Միրի մրցաշարք» անունով: Անոր ազդանշանը տրուեցաւ Թապարժայէն` հասնելով Շեքքա, ապա վերադառնալով Նահր Իպրահիմ եւ ... Շարն.
Անդրանիկ Թէյմուրեան Մասնակցեցաւ Իրան – Պիելոռուսիա Ֆութպոլի Մրցումին
Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին պատրաստուելու համար, Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբը Աւստրիոյ մէջ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը կատարեց Պիելոռուսիոյ դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: Այս գծով ArmSport.am յայտնեց, ... Շարն.
Լիբանանի Դաշտային Խաղերու Տարիքային Ախոյեանութեան Արդիւնքները
Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ, Լիբանանի դաշտային խաղերու տարիքային ախոյեանութիւնը սկսաւ նախորդ շաբաթավերջին, Ժամհուր վարժարանի մարզադաշտին վրայ (Պաապտա): Մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի աթլեթիզմի մարզիկները` ներկայացնելով Պէյրութն ու Պուրճ ... Շարն.
Փերուի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մաուրօ Գեւգէօզեան Տուպլէ Մը Իրագործեց
Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Ալիանզա Լիմա 4-0 արդիւնքով յաղթեց Ինթի Կաս Տեփորթեսի: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու, յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան իր կազմին արձանագրած ... Շարն.
Պարսելոնայի Համակիրները Կը Մեղադրեն Մեսսին Եւ Կ՛ուզեն Անոր Մեկնումը
Սպանական անուանի Sport.es պարբերաթերթը համացանցով հարցում ուղղած է Պարսելոնայի համակիրներուն, որպէսզի իմանայ անոնց կարծիքը` խումբին վերջին անյաջողութիւններուն մասին: ArmSport.am կը յայտնէ, որ խումբին անյաջողութեան գլխաւոր պատճառը անոնց կարծիքով կը նկատուի ... Շարն.
Փորթուգալեան Ֆութպոլ. Պենֆիքա Հեթրիք Մը Իրագործեց
Նախորդ շաբաթավերջին, Փորթուգալի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականին, Պենֆիքա նուազագոյն հաշիւով յաղթելէ ետք Ռիօ Աւէի, յաջողեցաւ տարեշրջանը աւարտել հեթրիք մը իրագործելով` նկատի ունենալով, որ անիկա նախապէս հանդիսացած էր երկրին ախոյեան, ինչպէս ... Շարն.
Մուժամաա Հարիրի Սառեցուց Այս Տարեշրջանի Իր Փինկ Փոնկի Մարզը
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին իր յղած պաշտօնական նամակին մէջ, Մուժամաա Հարիրի Ռիատի (Սայտա) յայտարարեց, որ կը սառեցնէ փինկ փոնկի մարզին մէջ իր բոլոր տեսակի մասնակցութիւնները, ինչ տեսակի ալ որ ... Շարն.
ՀՄԸՄ Անթիլիասի Վարչութիւնը Երկու Յուշանուէրներով Պատուեց Շահէ Երեւանեանը
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ուրբաթ, 18 մայիսին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիասի մասնաճիւղի աղջկանց Ա. դասակարգի ներկայացուցչական խումբը մրցեցաւ Թրիփոլիի Մութթահետին դէմ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ եւ ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Լարա Քեչեպաշեան Տիրացաւ Տիտղոսին
Լարա Քեչեպաշեան (աջին) եւ Նոել Քէշիշեան Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի բաժակի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց աւարտական մրցումները: Աղջկանց աւարտական ... Շարն.

