Category: Հայկական
Յայտարարութիւն. Ազատամարտի Զոհերի Յիշատակի Պղծումը Բարոյական Անկման Վերջին Սահմանն Է
Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութիւնը` վերջին օրերուն Պռօշեան գիւղի ազատամարտիկներու յուշարձանին պղծումին գծով: Օրերս վանտալիզմի ու անբարոյականութեան դէպք է տեղի ունեցել. պղծուել է Կոտայքի մարզի Պռօշեան գիւղի ... Շարն.
Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի Եւ Ազգային Ժողովի Անդամներուն Հետ
Պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսայի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր այցելեց Ֆրանսայի Ծերակոյտ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Ժան-Լուի Քարերի հետ: Հանդիպման ... Շարն.
Թուրքիոյ Գերագոյն Ատեանը Կը Յայտարարէ. «Տինքի Սպանութիւնը Կազմակերպուած Ոճիր Մըն Էր Եւ Ոչ Թէ Անհատական Արարք»
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ երագոյն վերադատ ատեանը բեկանած է դատական նախկին վճիռը, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով դատապարտեալները անպարտ հռչակած էր քրէական կազմակերպութեան մը անդամակցութեան յանցանքէն` յայտնելով, որ ... Շարն.
«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Կարելիութիւնը Տակաւին Չէ Սպառած» Կ՛ըսէ Մամետեարով
Էլմար Մամետեարով ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Աւստրիոյ մէջ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ «Ազրպէյճանը կը կարծէ, որ հայ-ազրպէյճանական տագնապի ... Շարն.
«Բարգաւաճ Հայաստանի Կուսակցութիւնը Չի Կրնար Ընդդիմութիւն Դառնալ» Կ՛ըսէ Գագիկ Ծառուկեան
Աբովեանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կառուցուած Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման արարողութեան, որուն մասնակցեցան Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահները, ինչպէս ... Շարն.
ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Համաշխարհային Խորհուրդի Ժողովին
ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 8-9 մայիս 2013-ին Գերմանիոյ Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային խորհուրդի ժողովը: ՀՅԴ Երիտասարդականը խորհուրդի ժողովին կը մասնակցէր մէկ ... Շարն.
Նիւ Եորքի Մէջ. Արմէն Գէորգեան Հանդիպում Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին Հետ
Գէորգեան` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բարձր մակարդակի հանդիպման նիստին ելոյթ ունենալու ընթացքին Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան 10 մայիսին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռեպեքա ... Շարն.
«Հայաստանի Մէջ Իշխանափոխութիւնը Կարելի Է, Եթէ Ընդդիմութիւնը Աւելի Շատ Աշխատի» Կ՛ըսէ Ճոն Հեֆըրն
Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն 10 մայիսին յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու միջոցով իշխանափոխութիւն պիտի կատարուի այն պարագային, երբ ընդդիմութիւնը աւելի շատ աշխատի եւ տէր կանգնի իր քուէներուն, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
Լուքաշենքօ Հայաստանի Մէջ. «Հայ – Պիելոռուսական Յարաբերութիւններու Ապագան Պէտք Է Ներդաշնակ Ըլլայ Երկիրներու Պատմական Անցեալին» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանեց Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ: Երէկ տեղի ունեցաւ Պիելոռուսիոյ նախագահին դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցան երկու երկիրներու նախագահներուն դռնփակ հանդիպումները ... Շարն.
«Հասարակութեան Ակնկալիքն Էր Ընդդիմութիւնը Տեսնել Միասնական Ճակատով» Նշեց Արսէն Համբարձումեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան ընդգծեց, որ աւագանիի ընտրութիւններուն ընտրախախտումները տեղի ունեցած են տեղամասերէն դուրս: Այդ պատճառով ալ Դաշնակցութիւնը, ի տարբերութիւն Հայ ազգային քոնկրեսի եւ «Բարեւ Երեւան» դաշինքի, ... Շարն.
«Ազրպէյճան Թշնամական Գործողութիւնները Չի Դադրեցներ Եւ Անոնց Մէջ Կը Ներքաշէ Նաեւ Թուրքիան» Կը Գրէ Քազիմիրով
Վլատիմիր Քազիմիրով 1992-1996-ին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս նախկին համանախագահ, պաշտօնաթող դեսպան Վլատիմիր Քազիմիրով ռուսական «Նեզաւիսիմայա կազեթա» օրաթերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մէջ «ինքզինք ... Շարն.
Սոարեշի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Հայաստան Մեծապէս Կարեւոր Կը Նկատէ Համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Հետ» Կ՛ըսէ Յովիկ Աբրահամեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան անցեալ ուրբաթ օր ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ժոաօ Սոարեշը: Կարեւոր նկատելով Սոարեշի շրջան այցելութիւնը` Ազգային ժողովի նախագահը նշեց, որ ... Շարն.
Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպանը Կը Յայտարարէ. «Հայաստանը Մեր Դրացին Է Եւ Մենք Յարգանքով Կը Վերաբերինք Այդ Երկրին Եւ Հայերուն Նկատմամբ»
Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսեն Փաքայի ազրպէյճանական «Մետիաֆորում.ազ» կայքէջին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ` «Հայաստանը մեր դրացին է, եւ մենք յարգանքով կը վերաբերինք մեր բոլոր դրացի պետութիւններուն նկատմամբ»: ... Շարն.
Ըստ Ուսումնասիրութեան Մը. Հայերն Ու Հրեաները Ատելութեան Գլխաւոր Թիրախներն Են
Ըստ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը, հայերն ու հրեաները լրատուամիջոցներուն մէջ ատելութեամբ լեցուն գրութեանց գլխաւոր թիրախներն են` կազմելով այդ գրութեանց 25 առ հարիւր համեմատութիւնը, անոնց կը յաջորդեն քրիստոնեաները` ... Շարն.
Նիւ Սաութ Ուէյլզի Խորհրդարանի Երկրորդ Պալատը Եւս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Երէկ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգին` Նիւ Սաութ Ուէյլզի վարչապետ Պարի Օ՛Ֆարըլ ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կը ճանչնայ հայոց, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները: Օրէնսդիր համախմբումը միաձայնութեամբ որդեգրեց այդ բանաձեւը, այսպիսով Նիւ Սաութ ... Շարն.
Նախագահներ Սահակեան Եւ Սարգսեան Ընդգծեցին Տնտեսական Փոխադարձ Գործակցութեան Կարեւորութիւնը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Նախագահները քննարկեցին երկու հայկական պետութիւններուն համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան, ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
Մեծ Եղեռնի Զոհերու Սրբադասման Հարցին շուրջ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Յանձնաժողովի Հինգերորդ Ժողովի (7-8 Մայիս 2013, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին) Սոյն թուականի 7 եւ 8 մայիսին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի ... Շարն.
Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը Իշխանութիւններուն Կը Յանձնարարէ Հարցը Հետաքննել. Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հայ Տարեց Զոյգ Մը «Հայ Սրիկայ Մը Եւս» Գրութեամբ Նամակ Ստացած Է
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Մերիլենտ նահանգի Ռոքվիլ քաղաքին մէջ բնակող Արա եւ Սալբի Սահակեանները օրեր առաջ նամակատունէն ստացած են ծրար մը, որուն մէջ ամերիկեան օրաթերթի մը մէջ լոյս ... Շարն.
Մայիսեան Հանդիսութիւն Արցախի Մէջ
Աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ մասնակցեցաւ կանուխ առաւօտէն սկսած Յաղթանակի տօնի 68-րդ, Լեռնային Ղարաբաղի բանակին եւ Շուշիի ազատագրման 21-րդ ամեակին նուիրուած ... Շարն.
9 Մայիսի Տօնին Առիթով Շքերթ «Յաղթանակի» Այգիին Մէջ
Շուշիի ազատագրման 21-րդ ամեակին եւ Յաղթանակի ու խաղաղութեան տօնի 68-րդ ամեակին առիթով` Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական շքերթ: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ ... Շարն.

