Category: Հայկական
«ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԸ ՍՊԱՌԵԼ Է ՉԱՐՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱԲԱԺԻՆԸ» «ԵՐԿԻՐ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Ստորեւ կու տանք հայրենի «Երկիր» օրաթերթի երէկուան թիւով լոյս տեսած` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հարցազրոյցը, որուն մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը կ՛անդրադառնայ 31 մայիսին Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր ... Շարն.
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՃՇԴԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԸ
Հայ ազգային քոնկրեսի քաղաքական խորհուրդի նախանցեալ օրուան արտակարգ նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ իշխանութեան հետ երկխօսութեան պատուիրակութեան կազմը: Իշխանութեան հետ երկխօսութիւնը պիտի կատարեն Հայ ազգային քոնկրեսի կեդրոնական գրասենեակի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան` իբրեւ ... Շարն.
ՏՈՔԹ. ՃԵՔ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
Երէկ Միշիկընի Տիթրոյիթ քաղաքի «Ուիլիըմ Պոմոնթ» հիւանդանոցին մէջ մահացաւ 83-ամեայ «բժիշկ մահը»` Ճեք Գէորգեան: Ան հիւանդանոցը կը գտնուէր թոքերու բորբոքումի եւ երիկամային հիւանդութեան ախտորոշումով: Նշենք, որ Ճեք Գէորգեան «ողորմած մահ»ի ... Շարն.
ՏԻՆՔԻ ՀԱՐՑՈՎ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐ 6 ԱՄԻՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻՆ
«Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով թուրք ոստիկաններ բանտարկութեան դատապարտուած են: Տրապիզոնի դատարանը երէկ Տրապիզոնի նահանգային ոստիկանութեան նախկին հրամանատար Ալի Օզը եւ ոստիկանութեան հետախուզութեան վարչութեան նախկին ... Շարն.
ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԻԱՑՄԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ
Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի հրաւէրով` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ Հռոմ ժամանեց: Հանրապետութեան ղեկավարը ներկայ գտնուեցաւ Իտալիոյ միաւորման 150-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն. պաշտօնական պատուիրակութիւններու ղեկավարները ներկայ գտնուեցան զինուորական ... Շարն.
«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՉՈՐՈՇՈՒԻ ՄԵՐ ԵՐԿՐԻ ԱՊԱԳԱՆ» «ԱՌԱՒՕՏ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հայրենի «Առաւօտ» օրաթերթին խնդրանքով անդրադարձաւ 31 մայիսի հանրահաւաքին ընթացքին ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի խօսքին հետեւեալ հատուածին, որ «ՀՅԴ ներկայացուցիչներու պնդումին համաձայն, ... Շարն.
ԸՍՏ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ՈՂՋՄԻՏ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նախանցեալ օր կարծիք յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահը պիտի կազմակերպէ Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսութիւնը: Արձագանգելով ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան 31 ... Շարն.
ՄՈՍԿՈՒԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ «ԼՐՋՕՐԷՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի վարչութեան տնօրէն Անտրէյ Քելին ազրպէյճանական «Էյ. Էն. Էս.» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա պատրաստ է իր բոլոր ջանքերը գործադրելու` ղարաբաղեան տագնապի լուծման ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՏՆՕՐԷՆԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Համաշխարհային դրամատան շրջանային տնօրէն Ասատ Ալամը: Ըստ նախագահի մամլոյ գրասենեակին, հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համաշխարհային դրամատան` ինչպէս համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքներու յաղթահարման ... Շարն.
«ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՆԿԱՏՈՒԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին արձագանգեց Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախանցեալ օրուան յայտարարութեան: Հակադարձելով առաջին նախագահի յայտարարութեան` Մարգարեան նշեց, որ ... Շարն.
ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԸ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԼՈՒԾԵԼՈՒ
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, կը յայտնէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը շուտափոյթ լուծելու: «Անհրաժեշտ է ղարաբաղեան տագնապի ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԻՏԱԼԻԱ
Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի հրաւէրով` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Իտալիա` մասնակցելու համար Իտալիոյ միաւորման 150-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն: Շարն.
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ 20-ՐԴ ՆԻՍՏԸ
Երէկ Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի: Նախագահին առաջարկով եւ խորհուրդի անդամներուն քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք, ... Շարն.
ԻՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ԻՐԱՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻՆ
«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհին Թեհրանի մէջ գումարուած Իրան-Հայաստան միացեալ յանձնախումբի 10-րդ նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան Իրանի սերտ բարեկամը եւ դրացին ... Շարն.
«ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Հայաստանի ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը երէկ կայացուց իր հերթական հանրահաւաքը: Ազատութեան հրապարակը լեցուն չէր, եւ ՀՀՇ վարչութեան նախագահ Արամ Մանուկեան ատիկա բացատրեց ճամբաներու փակ ըլլալուն պատճառով: Ան նշեց, որ ժողովրդավարութիւն ... Շարն.
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՆԻՍՏԻՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ Մինսքի մէջ մասնակցեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: Նախարարներուն նիստը սկսաւ նեղ կազմով, ապա շարունակուեցաւ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ: Արտաքին գործոց ... Շարն.
ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵԼՈՎ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏԻՆ «ՄԵՆՔ ԵՐԲԵՔ ՊԻՏԻ ՉՀԱՆԴՈՒՐԺԵՆՔ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Երէկ Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի անդրանիկ նիստը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի: Հանրապետութեան նախագահը նիստի մասնակիցներուն տեղեկացուց, ... Շարն.

