Category: Լիբանանեան
Շարպել Ընդունեց Մորա Քոնելլին
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակն ու Սուրիոյ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն շեշտեց, որ Լիբանանեան համալսարանին մէջ դասախօսներու նշանակումը ըստ օրէնքի կ՛ընթանայ: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ եթէ իրենք մեծամասնութիւն ըլլային, ... Շարն.
«Լիբանանի Մէջ Ոչ Ոք Պէտք Է Ծայրայեղութեան Երթայ, Որովհետեւ Անկարելի Է Այդ Ձեւով Լիբանանի Շահերը Ապահովել» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անցեալ շաբաթավերջին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ներքին լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն, որոնց ծիրին մէջ նաեւ` սալաֆական շարժումի ... Շարն.
Պըրրի Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստը Յետաձգեց Յառաջիկայ 15 Մարտին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը յետաձգեց յառաջիկայ 15 մարտին` նկատի ունենալով որ երէկ առաւօտեան տեղի ունենալիք խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ներկայ գտնուեցան միայն 59 երեսփոխան: Թիւ մը, որ ... Շարն.
Պաապտայի Մէջ Նախագահ Սլէյման-Զօր. Աուն-Ռայի Պատրիարք Հանդիպում
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կիրակի, 4 մարտի երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որոնց հետ ... Շարն.
Նահատակաց Հրապարակին Վրայ Զոյգ Ցոյցեր` Շէյխ Ահմետ Ասիրի Եւ Պաասի Կազմակերպութեամբ
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ, շէյխ Ահմետ Ասիրի հրաւէրին ընդառաջելով` սալաֆական շարժումի հարիւրաւոր հետեւորդներ անցեալ կիրակի օր մասնակցեցան Կեդրոնական Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ցոյցին, որուն ընթացքին զօրակցութիւն յայտնուեցաւ Հոմսի ... Շարն.
«Արաբեւիսրայէլեան Տագնապը Անկարելի Է Բանակցութիւններու Միջոցով Լուծել» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Անցեալ շաբաթավերջին Ղպէյրիի մէջ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմը պաղեստինցիներուն, իսլամներուն եւ արաբներուն մայրաքաղաքը յայտարարելու մասին խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին պատկերասփռուած ճառով մը հանդէս եկաւ նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա: ... Շարն.
Այցելութիւն Մշակոյթի Նախարար Կապի Լայեունի
Ընկերակցութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հինգշաբթի, 1 մարտին այցելեց մշակոյթի նախարար կապի Լայեունի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նախարարի խորհրդական Միշել Տը Շատարեւեան: Հանդիպումի ընթացքին նախարարին ... Շարն.
«Ֆրանսայի Վրայ Իր Բանեցուցած Ճնշումներով Թուրքիա Կը Փորձէ Պատմութիւնը Քաղաքականացնել» Շեշտեց Վերա Եագուպեան
Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին հակասահմանադրական նկատուելուն լոյսին տակ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան հինգշաբթի, 1 մարտին «Պի. Պի. Սի. - Արապի» պատկերասփիւռի ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Աւարտեց Չեխիա Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ աւարտեց Չեխիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը: Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Փրակայի մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի ... Շարն.
Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Նախարարները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախարարներ Ղազի Արիտին, Ալաէտտին Թըրրոն եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան ... Շարն.
Կիներուն Զօրակցութեան Ազգային Արշաւի Յայտարարութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդին, Մամլոյ սենտիքային մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրի յայտարարեց կիներուն զօրակցելու ազգային արշաւին սկիզբը: Մամլոյ ասուլիսին, Լիբանանի կիներու ազգային ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի Երկու Օրուան Անձնական Արձակուրդով Մեկնեցաւ Լիբանանէն
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի նախարար Թուֆիք պըն Ֆաուզան Ռապիհան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ շեշտեց, որ սուրիական իշխանութիւնները ձերբակալած են 18 սպաներ, 100 ֆրանսացի անկարգելաւորներ եւ 70 լիբանանցիներ, որոնք Հոմսի մէջ կը կռուէին սուրիական բանակին դէմ: Քանսօ նկատել տուաւ, որ առաւելագոյնը ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կը Գտնուի Չեխիա
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, աւարտելէ ետք Ռումանիա իր այցելութիւնը, երէկ հասաւ Չեխիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Չեխիոյ նախագահ Վաքլաւ Քլաուսի հետ: Փրակայի մէջ գտնուող նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած ... Շարն.
Լիբանանը Կ՛Ենթարկուի Այլ Ձիւնամրրիկի Մը Հարուածին
Լիբանանը դարձեալ ծածկուած է սպիտակով, որովհետեւ ան անգամ մը եւս կ՛ենթարկուի այլ ձիւնամրրիկի մը հարուածին: Սակայն այս անգամ Լիբանանի միայն լեռնային շրջանները չէ, որ ծածկուած են, այլեւ` ծովէն 400-500 մեթր ... Շարն.
«Լիբանան Մնայուն Կերպով Պատասխանատու Գտնուած Է Իր Յանձնառութիւններուն» Յայտարարեց Վարչապետ Միքաթի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախկին վարչապետներու հետ հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախկին վարչապետներ Սելիմ Հըս, Օմար Քարամէ եւ Ֆուատ Սինիորա: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Տար Ֆաթուայի թղթածրարը, ... Շարն.
Խորհրդարանի Նախագահը Կը Շարունակէ Կիպրոս Իր Այցելութիւնը
Շարունակելով Կիպրոս կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քոզաքու Մարսուլիսի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ... Շարն.
Սլէյման Ֆրենժիէ Ընդունեց Զասպիքինը
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Զասպիքին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ժողովուրդներուն ... Շարն.
Պան Քի Մուն Կը Զգուշացնէ Լիբանանի Կայունութեան Վրայ Սուրիոյ Իրադարձութիւններուն Ունենալիք Հաւանական Ազդեցութենէն
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին իր ներկայացուցած տեղեկագիրին մէջ զգուշացուց Լիբանանի կայունութեան վրայ Սուրիոյ միջադէպերուն ունենալիք հաւանական ազդեցութենէն: «Սուրիոյ մէջ ... Շարն.

