Category: Լիբանանեան
ՆԵՍԻՊ ԼԱՀՈՒՏ ՈՉ ԵՒՍ Է
Նախկին նախարար եւ երեսփոխան Նեսիպ Լահուտ երէկ մահացաւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Նեսիպ Լահուտ ծնած է 1944-ին` Մեթնի Պաապտեթ գիւղաքաղաքին մէջ: 1990-ին ան նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան: Երկու ... Շարն.
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՍԻԼԸ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ երեսփոխան ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆ – ՍՈՒՐԻԱ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿՈՂ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան հրաւէրով երէկ լիբանանեան եւ սուրիական ապահովական-զինուորական խորհուրդը ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն սահմանային հարցերը: Սուրիական կողմը շեշտեց, որ լիբանանեան սահմանամերձ շրջաններէն լիբանանցիներ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ 14 փետրուարին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան տարելիցին առիթով կեդրոնական ձեռնարկ մը պիտի չկազմակերպուի: Նոյն օրաթերթը նկատել տուաւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը գրեթէ ... Շարն.
ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ ՓՈԹՈՐԿՈՏ ՆԻՍՏԷ ՄԸ ԵՏՔ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԸ ԱՌԿԱԽՈՒԵՑԱՒ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որմէ առաջ ան հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` քննարկելու համար երկրին վերջին իրադարձութիւնները: Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուելիք ... Շարն.
Ի ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ` ՉՈՐՍ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼՆԵՐՈՒՆ
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը երէկ յայտարարեց, որ որոշած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով չորս ամբաստանեալները ի բացակայութեան դատավարութեան ենթարկել: Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԿԻՆԵՐՈՒՆ «ՆԵՐԽՈՒԺԵԼՈՒ» ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԱՐԶ
Արաբ կնոջ օրուան առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն երթին մէջ անհրաժեշտութիւն է կնոջ աշխուժ մասնակցութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ: Ան նշեց, որ Լիբանան եղած ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՇԱՐՔ ՄԸ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ
Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ ինք կը սերտէ այն կարելիութիւնը, որ Լիբանանը կեդրոն ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԱՀԱՊԸ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը: Երեք ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ արաբական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ ... Շարն.
ԷԽՀՈՐԵՍԹ. «ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ԶԵՐԾ ՊԱՀԵԼ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱՐԱՆՑՈՒՄՆԵՐԷՆ»
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է էական կարեւորութիւն ներկայացնող նիւթերը միացեալ ձեւով քննարկել եւ Լիբանանը շրջանային իրարանցումներէն զերծ պահել` ընդգծելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները զգաստ են ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Մուսթաֆա Թուֆիքը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ ծովային փոխադրութեան արաբական ակադեմիային ... Շարն.
ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած հարցերն ու երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ... Շարն.
ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ. «Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻՆՔ ԴԷՊԻ ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆ»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ, որ նախանցեալ օր հանդիպում ունեցաւ ընտրական օրինագիծի մշակման Պքերքէի կազմած յանձնախումբին հետ, յայտնեց, որ Հըզպալլա կ՛ուղղուի դէպի համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նկատել տրուեցաւ, որ սուրիական յեղափոխութեան յաղթանակով է, որ «Արաբական գարուն»-ը յաղթանակով պիտի պսակուի: ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ ... Շարն.
ՀՅԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ
Լիբանանցի քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարներու հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց մարոնի համայնքի հոգեւոր պետ Պշարա Ռայի պատրիարքին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական ... Շարն.
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆԱՑԱԾ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՇԱՐՔ ՄԸ ՀԱՐՑԵՐ
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման: Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ նախքան նիստին սկսիլը դռնփակ հանդիպում ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՀՆԱՈՒԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան աշխատանքները, յատկապէս հաղորդակցութեան միջոցներու մարզը բարելաւելու եւ քաղաքացիներուն աւելի լաւ կերպով ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ՔԱՄԵՐՈՆԷՆ ՍՏԱՑԱՒ ՆԱՄԱԿ ՄԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որ Միքաթիին յանձնեց Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնէն նամակ մը, որուն նպատակն էր Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Սննդամթերքի ճարտարարուեստի սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժորժ Նասրաուիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան նախարարներուն տուած այն որոշումը, որ ... Շարն.
ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԳՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ Է, ԵՒ ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐ ԱՒԱԶԱԿՆԵՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ՓԱՍՏԵՐԸ ՈՒՆԻՆՔ»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան համախմբումին դէմ սանձազերծուած արշաւները: Նիստէն ետք զօր. ... Շարն.

