Category: Լիբանանեան

ՔԱՆԱԱՆ ԵՒ ՔԸՐԹՊԱՈՒԻ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

ՔԱՆԱԱՆ ԵՒ ՔԸՐԹՊԱՈՒԻ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

December 20, 2011

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ գործուղուած էր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան ... Շարն.

ՂՈՍԸՆ. «ԵՐԿՐԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԿԱԿՇԻՌԻ ՏԱԿ Է ԵՒ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐԸ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻՆ ԴԷՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄ»

December 20, 2011

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ Քոսպայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Պըտտաուիի քաղաքապետարանին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ երկրին ապահովական ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` հակակշիռի տակ պահելու ... Շարն.

ՇԷՅԽ ՆԱՊՈՒԼՍԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՍԵՄ ՀԱՇԵՄԸ

ՇԷՅԽ ՆԱՊՈՒԼՍԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՍԵՄ ՀԱՇԵՄԸ

December 20, 2011

Իսլամ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի երէկ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող ընտրական օրինագիծը: Շէյխ Նապուլսի ... Շարն.

ՀԱՍՊԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ 4 ՀՐԹԻՌ

December 20, 2011

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Հասպայայի Մաժիտիէ գիւղաքաղաքին մէջ գտաւ «Քաթիուշա» տիպի 4 հրթիռներ, որոնք լարուած չէին: Գաղտնի սպասարկութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ ուղղուեցաւ հրթիռներուն ... Շարն.

«ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ԴԷՄ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԶՐՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԽԱԲԵԼ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՇԷՅԽ ՆԱՅԻՄ ՔԱՍԵՄ

December 20, 2011

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ արաբական եւ միջազգային իմաստով ճիգ չի խնայուիր Միջին Արեւելքի կայունութիւնը խանգարելու, արաբական յեղափոխութիւնը ձախողեցնելու եւ շրջանին մէջ անկախութիւնները խոցելու իմաստով, որպէսզի ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

December 20, 2011

ՄԱԶՈՒԹԻ թիթեղին սակը 3000 լ. ոսկի նուազեցնելու առումով կառավարութեան որոշումը արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է: ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԸ

December 19, 2011

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւններն ու հարցերը, ինչպէս նաեւ քննարկեց նախարարաց խորհուրդին եւ ... Շարն.

ԱՅՆ ՀԵԼՈՒԷԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԱՅՆ ՀԵԼՈՒԷԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

December 19, 2011

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երէկ ահաբեկուեցաւ Ֆաթհի զինուորական թեւի պատասխանատու Մահմուտ Իսայի (ծանօթ Լինօ ծածկանունով), թիկնապահը: Մէկ շաբթուան ընթացքին Լինօ կը կորսնցնէ իր երկրորդ թիկնապահը. առաջինը սպաննուած էր չորս ... Շարն.

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՅԱՋՈՐԴ ՆԻՍՏԻՆ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐԸ ՍՐԲԱԳՐԵԼՈՒ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ

December 19, 2011

Աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս հաստատեց, որ աշխատավարձի սրբագրումին թղթածրարը յառաջիկայ չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին վրայ զետեղուած է` իբրեւ օրակարգին 36-րդ կէտը: Այս առումով, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «Նահար» օրաթերթին ... Շարն.

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԻՄԱՍՏՈՎ ԲԱՆԱԿԸ ՄԻԱԿ ԵՐԱՇԽԻՔՆ Է»

December 19, 2011

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած դասախօսական երեկոյին: Իր խօսքին մէջ զօր. Աուն յայտնեց, որ Դիմադրութեան ... Շարն.

ԺՈՄՊԼԱԹ. «ՄԵՆՔ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՄԻՔԱԹԻԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑ ՄՆԱԼ»

December 19, 2011

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Պէյթէտտինի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Սելիմ Ֆայեատի պարգեւատրման ձեռնարկին, որուն ընթացքին յաջողութիւն մաղթեց Սուրիոյ վերաբերող արաբական նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց Իրանի եւ ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

December 19, 2011

ՌԱՇԱՅԱՅԻ մէջ նախանցեալ գիշեր անծանօթներ փշրած են յոյն ուղղափառ համայնքի Մար Նիքոլա առաջնորդարանին ապակիները: ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա մեկնեցաւ Պոլիս: ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ... Շարն.

ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՄԻՋՄԱՐՈՆԻԱԿԱՆ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՆԻՍՏԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՄԻՋՄԱՐՈՆԻԱԿԱՆ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՆԻՍՏԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

December 17, 2011

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ, երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ միջմարոնիական ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ... Շարն.

«ՈՉ ՈՔ ՊԷՏՔ Է ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՏԻՆ ՊԱՀՈՒԸՏԻ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՆԳԱՐԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

December 17, 2011

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երկրին քաղաքական եւ տնտեսական առողջութեան ողնասիւնը կը կազմէ: Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան պէտք ... Շարն.

ՊԵՏԱԿԱՆ ՇՈՒՐԱՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃՇԴԱԾ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՈՒՄԸ

December 17, 2011

Պետական շուրան` նախագահութեամբ դատախազ Շուքրի Սատերի եւ խորհրդական դատախազներ Զիատ Շպիպի եւ Ռիթա Քարամ Ազզիի, երէկ վաւերացուց կառավարութեան ճշդած աշխատավարձերու յաւելումը, պայմանաւ որ կառավարութիւնը աշխատավարձերու յաւելումին կողքին կատարէ նաեւ սղաճի ... Շարն.

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԱԼՊԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԱԼՊԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

December 17, 2011

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց շրջանը եւ Սուրիան յուզող իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ... Շարն.

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՂԻՒՍ ԱՐՏԱԴՐՈՂ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԵՐՈՒՆ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՂԻՒՍ ԱՐՏԱԴՐՈՂ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԵՐՈՒՆ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

December 17, 2011

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց շինարարութեան նպատակով օգտագործուելիք պատրաստ աղիւս արտադրող գործարաններու սեփականատէրերու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց աղիւսի արտադրութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.

ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱԽՏՈՂ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐԸ ԿԸ ՎՆԱՍԵՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

December 17, 2011

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը յանձնառու կը մնայ երկրին ապահովական կայունութեան եւ լիբանանցիներուն շահերը պաշտպանելու իր պատասխանատուութեան: Ռաատ խստիւ դատապարտեց երկրին մէջ արձանագրուած ապահովական ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

December 17, 2011

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի ներում հայցեց նախանցեալ օրուան խորհրդարանի նիստին ընթացքին իր արտասանած անվայել արտայայտութեան համար: Ան նշեց, որ յանձնառու մնալով Հըզպալլայի բարոյական արժէքներուն` ինք ներում կը ... Շարն.

ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԴԱՍԱԴՈՒԼԸ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՈՒ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԸ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԵՑԱՆ

ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԴԱՍԱԴՈՒԼԸ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՈՒ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԸ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԵՑԱՆ

December 16, 2011

Լիբանանի տարածքին գործող գրեթէ բոլոր պետական եւ սեփական դպրոցները երէկ գործադրեցին դասադուլ մը, որուն կողքին կատարուեցաւ նաեւ բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակցեցան հազարաւոր ուսուցիչներ եւ աշխատաւորներ: Բողոքի ցոյցը սկսաւ կէսօրէ ... Շարն.