Category: Լիբանանեան
ՇԱՐՊԵԼ. «ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԻՄԱՆԱՆ ԷՍԹՈՆԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՄԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ լիբանանցիները ի վերջոյ պիտի իմանան Լիբանանի մէջ առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակման մանրամասնութիւնները: Շարպել նկատել տուաւ, որ այս ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները հասած են իրենց տուները, իսկ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ անոնց առեւանգումին վերաբերող հետաքննութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է: ՆԱԱՄԷԻ շրջանին մէջ երիտասարդներու միջեւ ծագած կռիւ ... Շարն.
7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՆ
Լիբանանի մէջ անցեալ մարտին առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները երէկ առաւօտեան ազատ արձակուեցան: Արսալի մէջ զբօսաշրջիկները յանձնուեցան ֆրանսական մէկ պատուիրակութեան, որ ազատ արձակուած զբօսաշրջիկները փոխադրեց ֆրանսական դեսպանատուն` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի ... Շարն.
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐԵՑ Ա. ԿԱՐԳԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ
Ստանալէ ետք խորհրդարանին վստահութեան քուէն, կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր առաջին նիստը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԺԻՊԷՅԼԻ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՄԵԹՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՐԶԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց թուղթի եւ ծրարումի ճարտարարուեստներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ֆատի Ժեմայէլի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ վերոնշեալ ճարտարարուեստներուն որակը բարձր պահելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նախարարին ... Շարն.
ՄՈՒՍԱՈՒԻ – ՈՒԻԼԻԸՄԶ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատու Ամմար Մուսաուի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ծովային սահմաններուն դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն վերաբերող ... Շարն.
ՈՒԱՀԱՊ. «ՍՈՒՐԻԱ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ՀԶՕՐ ԵՒ ՅԱՂԹԱԿԱՆ` ԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՎ ՈՒ ԲԱՆԱԿՈՎ»
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ Սայտնայայի մէջ տրուած դասախօսութեան մը ընթացքին հաստատեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ արժանապատիւ նախագահն է բոլոր արժանապատիւ ժողովուրդներուն` աւելցնելով, որ նախագահ Ասատի օրինականութիւնը սուրիացիներն են: ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որմէ ստացաւ պաղեստինեան ինթիֆատայի զօրակցութեան Ե. խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէր մը, որ ուղղուած էր Իրանի խորհրդարանի ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՒ ԼԾՈՒԵՑԱՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Իտալիայէն վերադարձաւ Պէյրութ: Կէսօրէ առաջ ան վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզի հետ: Հանդիպումէն ետք ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊՊՈՒՏԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան գործադրելիք ապագայ ծրագիրները: Քննարկուեցաւ նաեւ ... Շարն.
ՌԱՊԻԷԻ ՄԷՋ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ՈՒԱՀԱՊ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ա. կարգի պետական ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Այն Մրէյսէի «Ռետիսըն-Մարթինեզ» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց հասարակութեան պատասխանատուութեան վերաբերող աշխատանքային հանդիպումին, որ կազմակերպուած էր Լիբանանեան չափանիշներու եւ յատկանիշներու հաստատութեան (Լիպնորի) կողմէ: Աշխատանքային հանդիպումին ներկայ ... Շարն.
ՍԱՖԱՏԻ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՀԱՐԻՐԻԻՆ. «ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՄԱՅՆՔ ՄԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՄԷԿ ԱՆՁՈՎ «ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿԵԼ»
Ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերը: Հանդիպումէն ետք Փիեթոն շեշտեց, որ Ֆրանսա կրնայ Լիբանանին զօրակցիլ ենթակառոյցի ... Շարն.
«ԱՏԱԿ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ` ԻՐ ՃԻՇԴ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՎՐԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան լիբանանեան «Թելէ Լիպան» պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներուն նշանակումները պիտի կատարէ ըստ անոնց կարողութիւններուն եւ ատակութեան` ... Շարն.
ՄԱՆՍՈՒՐ ԵՒ ՀԱՍԱՆ ԽԱԼԻԼ ԸՆԴՈՒՆԵՑԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ծովային սահմաններուն վերաբերող հարցերը: Հանդիպումէն ետք թուրք դեսպանը յայտնեց, ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում մը` իսրայէլեան ուժերուն, լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ: Քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող կացութիւնը եւ թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՈՐԴԵԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու կառավարութեան գումարելիք վաղուան նիստին ... Շարն.
«ԱՌԱՆՑ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՁԵՒԵՐՈՎ ՊԻՏԻ ՏԱՊԱԼԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ» «ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն կարելի չէ հաստատել առանց արդարութեան: Հարիրի յայտնեց, որ ... Շարն.
«ՏԵՂԵԿԱՀԱՒԱՔԻ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՕՐԻՆԻ Է, ԵՒ ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ ԱՆՈՐ ՆԵՑՈՒԿ ԿԱՆԳՆՈՂԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ հսկողութեան կառոյցները պէտք է ուղղակի առնչուած ... Շարն.
«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒԺԳԻՆ ՊԻՏԻ ԴԻՄԱԴՐԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԾՈՎԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԵԼԻՔ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՐԵՒԷ ԲՌՆԱՐԱՐՔԻ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր ամբողջ կարողութեամբ ուժգին պիտի դիմադրէ Լիբանանի ծովային սահմաններուն դէմ գործուելիք իսրայէլեան որեւէ հաւանական բռնարարքի: Նախարար ... Շարն.

