Category: Լիբանանեան
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպան Ֆայսալ Ապու Ռասը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախարարներ ... Շարն.
ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԻՐ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԻՆ, ՍԱԿԱՅՆ ՀԱԿԱԿՇԻՌԻ ՏԱԿ Կ՛ԱՌՆՈՒԻ ՆԵՐՔԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԵՒ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ
Անցեալ շաբաթ օրուընէ ի վեր Ռումիէի բանտին մէջ բանտարկեալներուն կողմէ ծայր առած ըմբոստութիւնը երէկ հասաւ իր գագաթնակէտին: Բանտարկեալները, որոնք նախանցեալ ամբողջ գիշերուան ընթացքին քաոսային վիճակ ստեղծած էին եւ հրդեհներ բռնկեցուցած, ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՃԻԳԵՐՈՒՆ
Երէկ` երեքշաբթի, 5 ապրիլ 2011-ի առաւօտուն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղուած յատուկ նամակով Արամ Ա. կաթողիկոս իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ նախագահին տարած յարատեւ ճիգերուն` սուրիական հայրենիքին մէջ կայունութիւնը ամրապնդելու, բարեկարգութեան ... Շարն.
ՊԱԱՊՏԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ, երէկ Պաապտայի մէջ գումարուեցաւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ ապրող լիբանանցիները պաշտպանելու միջոցները: Նիստին ներկայ գտնուեցան ընթացիկ աշխատանքներու ... Շարն.
ՊԱՐՈՒՏ ՄԵՐԺԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ՓՈԽԱՆՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐԸ ԻԲՐԵՒ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼԸ
Հրաժարեալ կառավարութեան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Զիատ Պարուտ երէկ նախագահեց Ներքին ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռումիէի մէջ ծայր առած ըմբոստութեան ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԵՆ ՍԱՌԵՑՈՒԱԾ
Ամերիկեան վարչակազմը հերքեց ամերիկեան «Ուոլ սթրիթ ճըռնըլ» օրաթերթին այն լուրերը, թէ լիբանանեան բանակին վերաբերող ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները սառեցուած են: «Ուոլ սթրիթ ճըռնըլ»ի համաձայն, Սաատ Հարիրիի կառավարութեան հրաժարումէն ետք, Միացեալ Նահանգներ ... Շարն.
ՀԱՐԻՐԻ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՇԱՐՔ ՄԸ ՀԱՐՑԵՐ
Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ օր Թուրքիոյ մէջ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ զինք կաշկանդել որոշ ժամկէտով մը, որովհետեւ Լիբանանի սահմանադրութիւնը նման ժամկէտով մը չի սահմանափակեր կառավարութեան ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՊԱՐՈՒՏԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՌՈՒՄԻԷԻ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շարունակեց իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները` հետեւելու համար Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ բնակող լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահովութեան: Այս ծիրին մէջ, ան ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար ... Շարն.
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը` ընկերակցութեամբ մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդներ Ռոլան Ապու Ժաուտէ եւ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, երէկ կատարեց փրոթոքոլային այցելութիւններ, որոնց ... Շարն.
ԱՊԻՃԱՆԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ
Հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Ամիէն իմացաւ, թէ 85 լիբանանցիներ Ապիճանէն ֆրանսական օդանաւերով ուղղուած են Սենեկալ եւ Թոկօ: Նոյն ... Շարն.
ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՍՏԻՆ ԲՌՆԿԵՑԱՒ
Ռումիէի բանտին մէջ երէկ յետմիջօրէին բանտարկեալներու ըմբոստութիւնը վերստին բռնկեցաւ, երբ ներքին ապահովութեան ուժերուն մաս կազմող բանտապահներէն մէկը վերադարձաւ իր նախկին պաշտօնը ստանձնելու: Ռումիէի բանտարկեալներուն հիմնական պահանջներէն մէկն էր այդ պատասխանատուն ... Շարն.
ԺԵՄԱՅԷԼ. «ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ԿԱԶՄԵԼ»
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան անդունդին եզրին կը գտնուի եւ կարելի չէ արտօնել, որ երկրին մէջ անիշխանութիւնը շարունակուի` նկատի ունենալով շրջանային ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԱՊԻՃԱՆԻ ՄէՋ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին ունեցաւ շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց ծիրին մէջ հետեւեցաւ Փղոսկրեայ Ափունքին մէջ բնակող լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահովութեան` նկատի ունենալով Ապիճանի մէջ արձանագրուած ապահովական իրադարձութիւնները: Նախագահ ... Շարն.
ՄԻՒՖԹԻ ՔԱՊՊԱՆԻ ԵՒ ՇԷՅԽ ՀԱՍԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանը, որ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը` անոր ընտրութեան առիթով: 45 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք շէյխ Հասան ... Շարն.
ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆ
Ռումիէի բանտը անցեալ շաբաթավերջին վկայեց քաոսային վիճակ մը` բանտին մէջ բռնկած ըմբոստութեան պատճառով: Շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Ռումիէի կեդրոնական բանտին մէջ ծագեցաւ բանտարկեալներու հերթական ըմբոստութիւնը, որ սկսաւ իսլամական տարրերու ... Շարն.
ՏԱՐ ՖԱԹՈՒԱ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՄԻՔԱԹԻԻՆ` ԿԱԶՄԵԼՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Տար Ֆաթուայի մէջ շաբաթավերջին գումարուեցաւ Իսլամական գերագոյն խորհուրդի ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի եւ ներկայութեամբ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զօրակցութիւն ... Շարն.

