Category: Լիբանանեան
ՄԻՔԱԹԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՊԱՍԻԼԻ ԵՒ ԽԱԼԻԼՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրին Վերտանի մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական խորհրդական Ալի Հասան Խալիլը եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան ... Շարն.
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԸՏԻԱՈՒԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ահմետ Պըտիաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներն ու լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ներկայ ... Շարն.
ԲԱՆԱԿԸ ԱՊԱՍԱՐՔԱԾ Է ԼՐՏԵՍՈՒՄԻ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԳՈՐԾԻՔ ՄԸ
Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ երէկ Սուրի մօտ գտնուող Շամաա շրջանին մէջ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը` հիմնուելով Դիմադրութեան կողմէ հաղորդուած տեղեկութիւններուն վրայ, բացայայտեց ժայռի նմանող ... Շարն.
ՀԱՐԻՐԻ. «ԹԱԷՖԻ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՍԿՍԻԼ ԶԷՆՔԸ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԵԼՈՒ ԿԷՏԷՆ»
Հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի Թրիփոլի մէջ շարունակեց իր հանդիպումները, որոնց ծիրին մէջ նշեց, որ փտածութեան դէմ պատերազմ յայտարարող եւ այդ երեւոյթին դէմ հսկայ կարգախօսներով ներկայացող կողմերն են Լիբանանի մէջ ... Շարն.
ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ՄՈՐԱՊԵԹՕ Կ՛ԱՐՏԱՍԱՆԷ ԻՏԱԼԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ
Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփփէ Մորապեթօ երէկ Սուրի Շամաա գիւղաքաղաքին մէջ, ուր ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասը տեղակայուած է, արտասանեց Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի կողմէ իտալական զօրամասին ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՔՔԱՐ
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց Աքքար, ուր վերահաստատեց Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այսպէս կոչուած պատմական յարաբերութիւնները` ընդգծելով Լիբանանի նկատմամբ Թուրքիոյ մնայուն զօրակցութիւնը: Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ կան բարգաւաճման ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի կազմուի յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին` աւելցնելով, որ նախարարներուն թիւը պիտի ըլլայ 26: «ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի ... Շարն.
ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ
Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Տանիել Թանասէ այցելեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, որ զինք ընդունեց «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ: Լիբանանի ներկայ անցուդարձերուն մասին կարծիքներու փոխանակման կողքին, քննութեան նիւթ ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԸՐՐԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները: Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ հրաժարեալ ... Շարն.
«ԿԸ ՄԱՂԹԵՆՔ, ՈՐ ՌԱՅԻ ԲՈԼՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ ՄԻԱՒՈՐՈՂԸ ԸԼԼԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Պշարա Ռայի պատրիարքը լիբանանցիներուն եւ քրիտոնեայ համայնքին դիմագրաւած դժուար հանգրուաններուն ընթացքին պատրիարք ընտրուած է: Ան շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը հոգեւոր մեծ ... Շարն.
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԴՈՒՆԻԼ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երկրորդ օրն ըլլալով Պքերքէի մէջ շարունակեց ընդունիլ շնորհաւորութիւնները` իր ընտրութեան առիթով: Ռայի պատրիարքին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` մաղթելով, որ Պշարա (հայերէնով կը նշանակէ Աւետիս) ... Շարն.
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Նշենք, որ երեսփոխաններուն հետ ունեցած չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ծիրին մէջ, Պըրրի ... Շարն.
ՍՊԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ
Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Թրինիտատ Խիմենես Կարսիա Հերերա երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան. ան կու գար Յորդանանէն: Խիմենեսի Լիբանան այցելութիւնը կ՛իյնայ միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը ... Շարն.
«ՄԵՆՔ ԿԸ ՀԱՄԲԵՐԵՆՔ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼՈՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԸԼԼԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՄԻՔԱԹԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ արձանագրուած վտանգաւոր իրադարձութիւնները կը պարտադրեն Լիբանանի մէջ հաւասարակշռուած կառավարութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի անիկա ... Շարն.
ՀԱՐԻՐԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԹՐԻՓՈԼԻ
Հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ եռօրեայ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Թրիփոլի, ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ տարբեր շրջաններու քաղաքական անձնաւորութիւններու, կրօնաւորներու եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Քուրայի մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Հարիրի ... Շարն.
ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՐՈՒՏԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Զիատ Պարուտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս ... Շարն.
ՈՒԱՀԱՊ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵՑ ԻՍԼԱՄ ԿԻՆԵՐԷՆ
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներում հայցեց իսլամ կիներէն` նախանցեալ օր անոնց կրած լաչակին դէմ կատարած իր անվայել յայտարարութեան համար: Ուահապ շեշտեց, ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ՊԵՆԶԻՆԻ թիթեղին սակը սղած է 800 լ. ոսկիով, մազութը` 700 ... Շարն.
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՄԱՐՈՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մարոնի եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Պշարա Ռայիին յղեց շնորհաւորական հետեւեալ հեռագիրը. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Ձերդ ամենապատուութեան կը փոխանցէ իր խորին շնորհաւորութիւնները` Ձեր մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարք ... Շարն.
ԼԵՄ-ԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ԴԷՄ
Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ի հակազդեցութիւն Լիբանանի մէջ թրքական ժապաւէններու ցուցադրութեան շաբթուան, խումբ մը ԼԵՄ-ականներ «Սոֆիլ» շարժապատկերի սրահ ուղղուելով ներկաներուն ցրուեցան Լիբանանի Հայ դատի մարմնին կողմէ պատրաստուած կոչեր, որոնք կը ... Շարն.

