Category: Լիբանանեան
ՊՇԱՐԱ ՌԱՅԻ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՄԱՐՈՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ 77-ՐԴ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը շուրջ 11:00-ին Պքերքէի զանգերը հնչեցին աւետելով նոր պատրիարքի ընտրութիւնը: Վայրկեաններ ետք յայտարարուեցաւ, որ մարոնի համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Պշարա Ռայի եպիսկոպոս ընտրուած է մարոնի համայնքի 77-րդ պատրիարքը: ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՍԱՖԱՏԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿՐԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքը` մարոնի նոր պատրիարքին ընտրութեան առիթով: Ան շեշտեց, որ նորընտիր մարոնի պատրիարքը` Պշարա Ռայի, ատակ յաջորդը պիտի ըլլայ Նասրալլա ... Շարն.
ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԱՅՆՔԱՆ ԱՏԵՆ ՈՐ 5 ՄԱՅԻՍ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ՉԿԱՅ, 7 ՄԱՅԻՍ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՂ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն ... Շարն.
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԼԻՊԻՈՅ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժապալ Ամելի կրօնաւորներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք շէյխ Եուսեֆ Տաամուշ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի ... Շարն.
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ 4 ՕԴԱՆԱՒԵՐ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳՈՐԾԵՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ իսրայէլեան օդուժը խախտած է Լիբանանի գերիշխանութիւնը` խզելով Լիբանանի օդային սահմանները եւ կեղծ յարձակումներ գործելով լիբանանեան զանազան շրջաններու վերեւ: Հաղորդագրութեան մէջ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին նախարարները իրենց սպիտակ պաշտօնական տարազներով պիտի ուղղուին Պաապտա: «ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ»Ի բացայայտումները յուլիսեան պատերազմին մասին. «Իսրայէլի քաղաքական ուղեգիծն է հզօրացնել վարչապետ Ֆուատ ... Շարն.
«ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԶԷՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԱՅՆ, ԻՆՉ ՈՐ ԷՐ ՆԱԽՈՐԴ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՄԻՔԱԹԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամերիկեան «Թայմ մակազին» շաբաթաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ ինք նախորդ կառավարութեան կեցուածքը` բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազը պիտի որդեգրէ Դիմադրութեան զէնքին ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԴՐՈՒԱՏԵՑ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ՈՐԴԵԳՐՈՒԱԾ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ու ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի հետ եւ դրուատեց անոնց ջանքերը` կիրակի օրուան ցոյցին ... Շարն.
ԺՈՄՊԼԱԹ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԼՈՔԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ ըսաւ, որ ... Շարն.
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՆ` ԼԻՊԻՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՆՈՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ ՀԱՄԱՐ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի հետ` դրուատելով Արաբական լիկային կեցուածքը Լիպիոյ կացութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ լիպիացիներուն ու մարդկութեան դէմ Լիպիոյ ... Շարն.
ՌԱՀՄԷ. «Ո՛Չ ԴՐԱՄԻ ԶԷՆՔԻՆ, ՈՐ ԱՅԼԱՆԴԱԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԵՒ ԳՆԵՑ ԽԻՂՃԵՐԸ»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ երէկ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքին` ներկայութեամբ լիբանանեան պետական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, որոնց շարքին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ... Շարն.
ՄԱՐՏ 14-Ի ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ԴՐՈՒԱՏԵՆ, ԻՍԿ ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեցին ու դրուատեցին լիբանանցիներուն յանձնառութիւնը` մասնակցելու կիրակի օրուան ցոյցին, որ առիթ էր վերանորոգելու ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան կերտման յեղափոխութիւնը` ի ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը գոհ է պատրիարքական ընտրութիւններուն ընթացքէն: Նոյն օրաթերթը աւելցուց, որ մարոնի նոր պատրիարքին ընտրութեան առումով յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին զարգացում մը նախատեսուած է: «ՔՈՒՆԱ» ... Շարն.
ՇԱՐԺՄԱՆ Զ. ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑԻՆ ԱՊԱԶԻՆԵԼՈՒ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Նահատակաց յուշարձանի շրջակայքը ողողած տասնեակ հազարաւոր համակիրներու ներկայութեան, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երէկ նշեցին 14 մարտ 2005-ի ցոյցին` այսպէս կոչուած Մայրիներու յեղափոխութեան Զ. տարեդարձը: Ներկայութեամբ նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիի եւ ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ մնայուն կապի մէջ է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` կառավարութեան կազմութեան հարցով, անցեալ շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ստանձնեց եւ պատասխանատուներուն ... Շարն.
«ՀԱՊԹՈՒՐ» ՊԱՆԴՈԿԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԵՑ 1989-Ի «ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ»ԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն անցեալ շաբաթավերջին «Հապթուր» պանդոկին մէջ հովանաւորեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընթրիքի երեկոն, որ նուիրուած էր 14 մարտ 1989-ին զօր. Աունի գլխաւորած ... Շարն.
«ՆԵՐԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԺԽՏԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՊԸՐՐԻ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անցեալ շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Նասեր Քանտիլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Քանտիլ յայտնեց, որ ինք ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքն է, որ Լիբանանի յաղթանակը կերտած է` յաղթելով թշնամիին: Ան աւելցուց, որ Դիմադրութիւնը իր զէնքը պահելու համար այս կամ ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Միւս կողմէ, նախագահական պալատի այցելուներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ... Շարն.
ՔՈՐՆՖՈՐԹ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական հարցերու խորհրդական Ճերըմի Քորնֆորթը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան յարաբերութեանց պատասխանատու Ֆատի Հաֆեզի: Աւելի քան մէկ ... Շարն.

